Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Պալի կղզիին մէջ, երբ մենք կ՛այցելենք Ուլուուաթու տաճարը, շատ ուշադրութիւն պէտք է ընենք մեր առարկաներուն` ակնոց, ջուրի շիշ, սանտուիչ, կօշիկ… Ուլուուաթուի տաճարի շրջանին մէջ ապրող կապիկները փոքրիկ «գողեր» են: Զբօսաշրջիկները ասիկա լաւ գիտեն, իսկ հիմա գիտնականները կրցած են հասկնալ, թէ գող կապիկներու խումբը ինչպէ՞ս կ՛ապրի կղզիին վրայ…
Ուլուուաթա` փոքրիկ դրախտ մը
Պալի կղզին մաս կը կազմէ Ինտոնեզիական արշիպեղագոսին, Ասիոյ եւ Աւստրալիոյ միջեւ: Այս կղզիին վրայ գոյութիւն ունի Ուլուուաթու անունով շրջան մը: Հոն, կանաչութեան մէջ պահուած, կը գտնուի Փուրա Լուհուր տաճարը, ուր կապիկները թագաւորի պէս կ՛իշխեն: Այս տաճարը շինուած է շատոնց, ծովու աստուածներուն ի պատիւ:
Երբ այս տաճարը բացուեցաւ հանրութեան առջեւ, մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ սկսան անցնիլ Ուլուուաթուէն: Ան դարձաւ Պալի կղզի այցելողներուն համար գրեթէ ստիպողական հանգրուան մը: Սակայն, ժամանակի ընթացքին, հոն գէշ փորձառութիւն ապրող զբօսաշրջիկները սկսան լուրը տարածել. Ուլուուաթույի մէջ պէտք է ուշադրութիւն ընել պտտող կապիկներուն… որոնք նոյն ատեն փոքրիկ «գողեր» են:
Ուշադրութիւն` գող կապիկ
Դուք պիտի մտածէք, որ Պալիի այդ կապիկները զբօսաշրջիկներուն մօտ պարզապէս գտած են դիւրին կերպով առատ ուտելիք ունենալու աղբիւր մը: Այո՛, պարզապէս պէտք է սպասել, որ մարդ արարած մը իր ուշադրութիւնը շեղէ` ցատկելու եւ անոր ձեռքերէն խլելու անոր սանտուիչը, եւ ապա` արագօրէն փախչելու:
Սակայն, այս փոքրիկ գողերը այլեւս չեն բաւարարուիր զբօսաշրջիկներէն գողնալով իրենց ստամոքսը լեցնող ուտելիքներ եւ խմելիքներ: Այս ձեւով, հազուադէպ բան մը չէ, որ այցելու մը Ուլուուաթուի տաճարէն վերադառնայ մէկ կօշիկով, կամ` առանց ակնոցի, գլխարկի, գոհարեղէնի: Վերջին տարիներուն կապիկները սկսած են նաեւ մօտէն հետաքրքրուիլ նոր արհեստագիտութիւններով, որովհետեւ անոնք սկսած են գողնալ նաեւ զբօսաշրջիկներուն բջիջային հեռաձայնները, լուսանկարչական գործիքները… Անոնցմէ ազատում չկայ:
Շատ լաւ կազմակերպուած խումբ մը
Պելճիքայի` Լիէժի համալսարանէն կապիկներու մասնագէտ մը անդադար չորս ամիս ուսումնասիրած է այս անասունները` հասկնալու համար, թէ Ուլուուաթուի այս մագոգ կապիկները ինչպէ՛ս կը կազմակերպուէին ուտելիք ապահովելու համար: Անոնց թեքնիքը փրկագինն էր: Օրինակի համար, անոնք գլխարկ մը կամ արեւու ակնոցներ կը գողնան եւ ապա իրենց տիրոջ կը վերադարձնեն, երբ տէրը իրենց փոխարէնը ուտելիք կու տայ:
Մասնագէտը կը բացատրէ, որ ասիկա իւրայատուկ վարք մըն է: Այս վարմունքը տեսնուած է, Պալիի` Ուլուուաթույի տաճարին մէջ: Ան կը մտածէ, որ հաւանաբար այս տաճարին մէջ շրջող կապիկները գտած են այս հնարքը, եւ ապա անոնց շուրջի կապիկները սկսած են ընդօրինակել այս վարմունքը: Պէտք է ըսել, որ այս միջոցը բաւական ազդու է. արդեօք քու կօշիկներդ պանանով մը չե՞ս փոխարիներ` մինչեւ պանդոկ բոպիկ չվերադառնալու համար:
Գիտէի՞ր, Թէ՞…
– Հսկայ քալմարին աչքը մարդկային գլուխի մը չափ է:
– Մեքսիքայի մէջ աճող մամիլարիա էլոնկոթա քրիսթաթա կանկատունկի տեսակը տարօրինակ բոյս մըն է, որուն ձեւը կը յիշեցնէ մարդկային ուղեղը:
– Հարաւային Ափրիկէի մէջ կատու մը պահուըտեր է լուացքի մեքենային մէջ: Առանց ուշադրութիւն դարձնելու` անոր տէրը աշխատցուցած է մեքենան, բարեբախտաբար` պաղ ջուրով: Աւելի քան մէկուկէս ժամ ետք կատուն մեքենայէն կ՛ելլէ թրջուած, գլխու ցաւով, բայց` կենդանի: Վստահաբար ան այս արկածախնդրութիւնը դարձեալ պիտի չկրկնէ…
– Հոլանտացիները վիտէօ խաղ մը հնարած են… խոզերու համար: Անոնք իրենց քիթով պէտք է լուսաւոր կէտեր շարժեն պաստառի մը վրայ:
– Հնդկաստանի մէջ գոյութիւն ունին 23 պաշտօնական լեզուներ:
Ո՞ր Շրջանէն Եկած Է
Հնդկահաւը
… Ամերիկայէն: Սակայն 15-րդ դարու մարդիկը կը կարծէին, թէ ան եկած է Հնդկաստանէն, որովհետեւ երբ 1492-ին Քրիստափոր Քոլոմպոս, երկար ճամբորդութենէ մը ետք, կը հասնի ցամաք, կը կարծէ, որ հասած է Հնդկաստան:
Արդէն երկար ժամանակներէ ի վեր այդ ծամաքամասին վրայ բնակող ազթեքները ընտելացուցած էին հնդկահաւերը, կ՛ուտէին անոր միսը եւ նետեր ու տարազներ կը շինէին անոնց ոսկորներով ու փետուրներով: Նոր Աշխարհ հասած հետախոյզները ծանօթացան նաեւ «Հնդկաստանի հաւ»-ին եւ զայն հետերնին Եւրոպա տարին, ուր ան փոխարինեց սիրամարգին միսը, որ շատ աւելի չոր էր:
Առաջին հնդկահաւը հրամցուեցաւ իշխանական սեղանի մը վրայ` 1570-ին, Շարլ 9-ի եւ Աւստրիոյ Էլիզապէթ իշխանուհիի ամուսնութեան առիթով: Մինչեւ 19-րդ դար այս ուտելիքը հարուստ ընտանիքներու վերապահուած էր:
Ինչո՞ւ Քոալան Օրական
Քսան Ժամ Կը Քնանայ
Մինչեւ ան արթննայ, աչքերը բանայ, երթայ իր ուտելիքը փնտռէ եւ զայն լափէ, արդէն դարձեալ քնանալու ժամանակն է: Քոալային այդ դանդաղ ապրելակերպին պատճառը ուտելիքն է: Ան կ՛ապրի Աւստրալիոյ անտառներուն մէջ, ուր ան կ՛ուտէ յատկապէս ջերմիի տերեւներ: Այս ծառին տերեւները շատ քիչ ջերմուժ ունին, այսինքն` շատ քիչ ուժանիւթ: Հետեւաբար քոալան պէտք է խուսափի աւելորդ ճիգերէ, որպէսզի կարենայ դիւրութեամբ ապրիլ: Այս պատճառով ան կը նստի ճիւղի մը վրայ եւ կը քնանայ: Բարեբախտաբար ան նոյնիսկ ջուր խմելու համար պէտք չունի ծառէն իջնելու: Որովհետեւ ջերմիի տերեւները կազմուած են 50 առ հարիւր ջուրէ, երբ քոալան իր օրական մէկ քիլօ տերեւը կ՛ուտէ, ան նոյն ատեն կարծէք խմած ըլլայ կէս լիթր ջուր: Աւստրալիոյ ապորիճին բնիկ ժողովուրդի լեզուով «քոալա» կը նշանակէ «ան, որ չի խմեր»:
Անասունները Հայելիին Մէջ
Իրենց Պատկերը Կը Ճանչնա՞ն
Այո՛, կարգ մը անասուններ իրենք զիրենք կը ճանչնան: Ճիշդ է, օրինակի համար, կորիլլաները իրենց ժամանակը հայելիին առջեւ չեն անցըներ, սակայն արդեօք անոնք կ՛անդրադառնա՞ն իրենց ինքնութեան ներկայութեան:
Բացատրութիւն: Մարդ արարածին պարագային, «հայելիի փուլը» տեղի կ՛ունենայ մօտաւորապէս 18 ամսուն: Կատարուած է հետեւեալ փորձը: Խումբ մը երեխաներ դրուած են հայելի պարունակող սենեակի մը մէջ: Մամաները իրենց զաւակներուն քիթին վրայ դրած են կարմիր ներկ` առանց անոնց գիտութեան: Մօտաւորապէս մէկ տարեկանին երեխան ուշադրութեամբ կը նայի հայելիին եւ կը նշմարէ իր ցոլացումին վրայի կարմիր բիծը: Մօտաւորապէս 15 ամսուն ան կը դպնայ հայելիին այդ բիծը փորձել մաքրելու համար: Ապա 18 ամսուն ան անմիջականօրէն իր քիթը կը մաքրէ. ան վերջնականապէս հասկցած է, որ հայելիին մէջի անձը ինքն է:
Գիտնականները այս նոյն փորձը կատարած են կենդանաբանական պարտէզներու եւ աքուարիումներու մէջ` տարբեր անասուններու հետ: Փոքր թիւով անասուններ յաջողած են այս փորձին մէջ, ինչպէս` դլփինները, օրքերը, ուրանկութանները եւ շեմփանզէները: Օրինակի համար, էգ օրք մը իր պատկերը տեսնելէ ետք գացած է իր բիծով ճակատը սրբելու լողաւազանին ծայրը, եւ ապա իջած է հայելիին մէջ ստուգելու արդիւնքը:
Կորիլլաները եւ ծովառիւծները (փոկերու տեսակ մը) ո՛չ մէկ հակազդեցութիւն ունեցած են այս փորձին ընթացքին:
Ժամանց


