Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Խաղաղական ովիանոսը մեզի երազել կու տայ իր գեղեցիկ կղզիներով եւ ծովափներով. սակայն գիտէի՞ր, որ անոր ջուրերուն մէջ գործած են ծովահէններ եւ սարսափելի ժողովուրդներ, որոնց հանդիպած են բազմաթիւ նաւարարներ` իրենց ճամբորդութիւններուն ընթացքին:
Բազմաթիւ բաներ կան հետախուզելու այս ընդարձակ տարածքին մէջ: Բազմաթիւ հետախոյզներ փորձած են ծանօթանալ անոր գաղտնիքներուն: Առաջին կարգին, հոն ապրող բնիկները ուզած են աւելի լաւ ճանչնալ այդ շրջաններուն: Անոնցմէ ետք եկած են եւրոպացիները:
Խաղաղական ովկիակոսը
Խաղաղական ովկիանոսը կը գտնուի ամերիկեան ցամաքամասին` անոր արեւելքէն, եւ արեւմուտքէն` ասիական ու աւստրալիական ցամաքամասերուն միջեւ: Անոր անունը եկած է լատիներէն «փասիֆիքուս» բառէն, որ կը նշանակէ «որ խաղաղութիւն կը բերէ»: Փորթուգալցի հետախոյզ Մաժելլանն է, որ 1521 թուականին անոր ջուրերը «խաղաղ» բառով կ՛որակէ, որովհետեւ հոն ջուրերը հանդարտ են:
Խաղաղականը աշխարհի ամէնէն մեծ ովկիանոսն է եւ կը ծածկէ անոր մակերեսին աւելի քան 30 առ հարիւրը, այսինքն` մեր մոլորակի ջուրերուն մակերեսին գրեթէ կէսը: Աւելի քան քսանհինգ հազար կղզիներ գոյութիւն ունին Խաղաղական ովկիանոսին մէջ, եւ անոնց մեծ մասը կը գտնուի հասարակածին հարաւը:
Ովկիանիոյ բնակիչները կը հետախուզեն Խաղաղական ովկիանոսը
Ովկիանիոյ առաջին բնակիչները, որոնք գտած են եւ բնակած` Խաղաղականի կղզիներուն վրայ, հոն հասած են առագաստանաւերով: Անոնք վարպետ նաւավարներ էին եւ կը գործածէին առագաստանաւեր, ծառափոր նաւակներ, թեւով օժտուած առագաստանաւեր, որոնցմէ կարելի էր հովին հանդիպակաց ուղղութեամբ նաւարկել:
Այս նաւերուն շնորհիւ` անոնք կրնային ծովը հետախուզել կղզիէ մը ուրիշ կղզի անցնելու ընթացքին: Այս ձեւով, Ովկիանիոյ բնակիչները մէկ-մէկ գտած են Խաղաղական ովկիանոսի բոլոր պզտիկ կղզիներու խումբերը: Այդ կղզիները հասնելէ ետք անոնք հոն կը տարածէին իրենց մշակոյթը:
Եւրոպացիները կը գտնեն Խաղաղական ովկիանոսը
Առաջին եւրոպացին, որ Խաղաղական ովկիանոսը գտաւ, Վասքօ Նունիեզ տը Պալպոան էր: 1513-ին ան կ՛անցնի Հիւսիսային Ամերիկան եւ Հարաւային Ամերիկան իրարու միացնող Փանամայի պարանոցէն: Փանամայի անցքին ամէնէն նեղ բաժինը վաթսուհինգ քմ է: Սակայն սպանացի այս քոնքիսթատորը չէ նաւարկած Խաղաղական ովկիանոսին վրայ: Ան զայն կ՛անուանէ «հարաւի ծով»:
1520-ին Մաժելլան, որ կ՛ուզէր աշխարհին շուրջ դառնալ, կը հասնի Խաղաղական ովկիանոս: Հարաւային Ամերիկայի անցքը շատ դժուար էր: Ան ստիպուած էր կենալ Արժանթինի ափերուն, որովհետեւ օդը շատ ցուրտ էր նաւարկութեան համար: Իր անձնակազմէն կարգ մը անձեր կ՛ընդվզին եւ կ՛ուզեն Եւրոպա վերադառնալ:
Ատլանտեան ովկիանոսէն Խաղաղական ովկիանոս անցնիլը կը տեւէ մէկ ամիս: Ան կ՛անցնի նեղ նեղուցէ մը, որ հետագային պիտի ճանչցուի իբրեւ Մաժելլանի նեղուց: Երբ Մաժելլան կը հասնի Խաղաղական ովկիանոս, ան նախ կը գտնեէ Մարիան կղզիները, եւ ապա, Ֆիլիփինեան արշիպեղագոսը: Ան Ֆիլիփինեաններէն պիտի չվերադառնայ, որովհետեւ հոն պիտի մեռնի թունաւոր նետի մը պատճառով: Մաժելլան եւ իր անձնակազմը երեք ամիսէն կտրեցին Խաղաղական ովկիանոսը:
Յաջորդող դարերուն բազմաթիւ նաւավարներ կը հետախուզեն Խաղաղականը, սակայն անոնք չեն գտներ բոլոր կղզիները, իսկ երբ անոնք կը գտնեն նոր կղզի մը, չեն կրնար զայն զետեղել քարտէսի մը վրայ: Քիչեր կենդանի կը վերադառնան այդ շրջաններէն, որովհետեւ այդ կղզիներու բնակչները իրենք զիրենք կը պաշտպանեն եւրոպացիներուն դէմ, որոնք կ՛ուզեն իրենց վրայ իշխել:
Վերջապէս, Խաղաղականին մէջ այս հետախուզական արշաւանքները մարդոց փաստեցին, որ երկրագունդը կլոր է, եւ մոլորակին շուրջ նաւարկելը կարելի: Այս ձեւով անոնք հասկցան նաեւ, որ աշխարհի շուրջ գոյութիւն ունին, մինչ այդ Եւրոպայի մէջ իրենց ծանօթ ժողովուրդներուն կողքին, տարբեր ժողովուրդներ եւ քաղաքակրթութիւններ:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
– Միացեալ Նահանգներու բնիկ հնդիկները սովորութիւն ունէին բզէզներ խորովելու եւ զանոնք փոփ քորնին նման ուտելու:
– Աստղանաւորդներ իրենց կերածին համը չեն կրնար առնել առաջին քանի մը օրը, երբ անոնք կը գտնուին անջրպետին մէջ, որովհետեւ անոնց հոտառութիւնը կը տկարանայ եւ կ՛ազդէ իրենց համտեսելու զգայարանին վրայ:
– Քարաոքէն, որ ճափոներէնով կը նշանակէ` «պարապ նուագախումբ», ծնած է Ճափոնի մէջ, 1970-ական թուականներուն սկիզբը:
– Կղէոպատրայի պալատին աւերակները գտնուած են Միջերկրական ծովուն մէջ, Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին ծովափի ջուրերուն մէջ: Ջուրին մէջէն հանուած են` դրամներ, սֆինքսներ եւ տաճարներ:
– Քալիֆորնիոյ, Օքլանտ քաղաքին մէջ գոյութիւն ունի «Ատմիրըլ տոթ մինիաչըր կալըրի» անունով թանգարան մը, ուր ցուցարդուած արուեստի մանր գործերը, կարելի է դիտել խոշորացոյցով մը:
– Մենք մագնիսի կտորներ կրնանք գտնել համակարգիչներուն մէջ, պատկերասփիւռներու, հովահարներու եւ լուացքի մեքենաներու մէջ:
– Երբ մենք մագնիս մը տաքցնենք, ան կրնայ իր քաշողական յատկութիւնները կորսնցնել, սակայն եթէ մենք զայն պաղեցնենք, ան փոփոխութիւններ չի կրեր:
– Տոհայի մէջ (Քաթար) դրամատուն մը շինել տուած է վրայ-վրայի երկու ընձուղտներու հասակէն աւելի մեծ ֆութպոլի գնդակ մը:
– Կարգ մը երկփեղկ խեցեմորթներ կրնան ապրիլ մինչեւ 50 տարի:
Օրուան Թիւը
Ըստ ՄԱԿ-ին, 2050 թուականին երկրագունդի բնակչութեան թիւը պիտի հասնի 9,8 միլիառի:
Այժմ մենք 7,6 միլիառ բնակիչ ենք: 9,8 – 7,6 = 2,2: Ասիկա կը նշանակէ, որ 33 տարիէն մարդոց թիւը 3,3 միլիառով պիտի աւելնայ:
Ագռաւները Բան Մը Չեն Մոռնար
Մենք արդէն գիտէինք, որ ագռաւը շատ խելացի թռչուն մըն է: Ան կրնայ, օրինակի համար, շինել եւ գործածել գործիքներ` ուտելիք գտնելու համար: Սակայն վերջին ուսումնասիրութիւնները կը բացայայտեն նաեւ, որ ագռաւը կրնայ զանազանել եթէ էակ մը (մարդ արարած մը` օրինակի համար) իր հանդէպ արդար կամ անարդար եղած է:
Եթէ այդ էակը անարդար եղած է, ագռաւը առնուազն մէկ ամիս կը յիշէ պատահարը եւ անոր չի մօտենար:
Ժամանց


