Լայքա` Անջրպետ Ղրկուած Առաջին Կենդանի Էակը
Պատրաստեց՛ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Խորհրդային Միութեան մէջ այս շունը իսկական հերոս մը եղած է: Լայքան, որ ռուսերէնով կը նշանակէ «փոքրիկ հաջող», աստղանաւորդ դարձած է 1957-ին, 60 տարիներ առաջ: 1950-ական թուականներէն սկսեալ անջրպետին նուաճումը ուժ փաստելու միջոց մը դարձած էր աշխարհի ամէնէն հզօր երկու պետութիւններուն միջեւ: Մրցակցութիւնը զօրաւոր էր Միացեալ Նահանգներուն եւ Խ. Միութեան (որ կը գլխաւորէ Ռուսիան) միջեւ: Ո՞վ պիտի...




















