Մանկապատանեկան

Զատկուան Անսովոր Սովորութիւններ

Զատկուան Անսովոր Սովորութիւններ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Սովորութիւն է Զատիկին հաւկիթներ ներկել, հաւկթախաղ ընել, տուրմէ նապաստակներ ուտել... Սակայն գիտէի՞ր, թէ գոյութիւն ունին նաեւ կարգ մը «անսովոր» սովորութիւններ: 1. Հաւկիթի մրցում նախագահին հետ «Իսթըր էկ ռոլ» մրցումը ամերիկեան աւանդութիւններէն մէկն է: Անիկա տեղի կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ տան պարտէզին մէջ, նախագահին ներկայութեամբ: Խաղին օրէնքը շատ պարզ է. դգալ մը գործածելով` խաշուած հաւկիթ մը քշել,...

«Մանուկներուն Ձայնը»

«Մանուկներուն Ձայնը»

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Տելհիի մէջ, Հնդկաստան, փողոցը լքուած մանուկները իրենց անձնական թերթը կը պատրաստեն եւ զայն կը բաժնեն աւելի քան տասը տարիներէ ի վեր: Հնդկաստանի մէջ միլիոնաւոր մանուկներ կ՛ապրին փողոցը կամ շատ աղքատիկ արուարձաններու մէջ: Հնդիկ պզտիկներուն առնուազն 30 առ հարիւրը աղքատ կը նկատուի: 2003 թուականին փողոցը լքուած շուրջ քսան պատանիներ կ՛որոշեն իրենց ձայնը լսելի դարձնել եւ խօսիլ իրենց...

Թռչուններու Գաղթը

Թռչուններու Գաղթը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ամէն տարի մենք երկնքին մէջ կը տեսնենք միլիոնաւոր թռչուններ, որոնք կը բռնեն գաղթի ճամբան: Հետեւինք այս մեծ արկածախնդիրներու հետքերուն: Թռչուններու գաղթ: Դուն վստահաբար լսած ես այս երեւոյթին մասին, սակայն ճիշդ ի՞նչ կը նշանակէ գաղթել: Պարզապէս` տեղէ տեղ տեղափոխուիլ: Եւ մենք գիտենք, թէ թռչունները որքան կը շարժին: Գիտէի՞ք, որ երկու թռչունի վրայ մէկ թռչուն գաղթող թռչուն է:...

Բժիշկ Մը Եթովպիոյ Մէջ

Բժիշկ Մը Եթովպիոյ Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Սիմիենի լեռնային գիւղի մը մէջ ծնած Ժեթու կը բժշկէ ամէն ինչէ հեռու գտնուող այդ շրջաններու բնակիչները: Ժեթու մեծցած է Եթովպիոյ հիւսիսը, Քէյիթ գիւղին մէջ, մեծ քաղաքներէն, ճամբաներէն եւ հիւանդանոցներէն հեռու: Բժիշկ մը տեսնելու համար պէտք է քալել երեք օր, մինչեւ` Տեպարքի փոքրիկ քաղաքը, ուր գոյութիւն ունի դարմանատուն մը: Հետեւաբար փոքրիկ Ժեթու կը սկսի երազել հիւանդապահ դառնալու...

Վերամշակուած Առարկաներով Նուագախումբը

Վերամշակուած Առարկաներով Նուագախումբը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Քաութերա Փարակուէյի Ասոնսիոն մայրաքաղաքի աղքատ թաղամասերէն մէկն է: Հոն քսանհինգ հազար բնակիչներ կ՛ապրին Փարակուէյի մայրաքաղաքին ամէնէն մեծ աղբանոցներէն մէկուն մօտ: Բնակիչները իրենց ապրուստը կը շահին աղբերը քրքրելով եւ ծախելով վերամշակուելիք մնացորդները: Անոնց զաւակներուն ապագան շատ փայլուն չ՛երեւիր: Այս միջավայրին մէջ է, որ կ՛աշխատի Ֆաւիօ Չաւեզ` այդ աղքատ աշխատաւորներուն` կանչերոսներուն հետ: Չաւեզ կենսոլորտի մասնագէտ ճարտարագէտ է, սակայն...

Արդեօ՞ք Գտնուած Է Մեր Արեգակնային Դրութեան 9-րդ Մոլորակը

Արդեօ՞ք Գտնուած Է Մեր Արեգակնային Դրութեան 9-րդ Մոլորակը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ի՞նչ գիտենք այս հաւանական 9-րդ մոլորակին մասին: Անիկա երկրագունդէն տասը անգամ աւելի ծանր է, եւ` արեւէն 20 անգամ հեռու, քան` Պոսիտոն մոլորակը: Անիկա «գտնուած է» երկու ամերիկացի աստղագէտներու կողմէ, երկար եւ մանրակրկիտ հաշիւներէ ետք: Հիմա կը մնայ զայն տեսնելը` վերջնականապէս փաստելու համար, թէ անիկա գոյութիւն ունի... Չորեքշաբթի, 20 յունուար 2016-ին, կարեւոր լուր մը ցնցեց աստղագիտութեան աշխարհը:...

Ցուրտ Շրջաններու Բնակիչները (Բ. Մաս)

Ցուրտ Շրջաններու Բնակիչները (Բ. Մաս)

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Եաքութները Եաքութները, որոնք կը կոչուին նաեւ սաքհա, ձիեր, կովեր, եղջերուներ բուծանողներ են, որոնք կ՛ապրին Սաքհայի (կամ Եաքութի) մէջ, Ռուսիոյ ինքնավար հանրապետութիւններէն մէկը: Ցուրտ շրջաններու միւս բոլոր ժողովուրդներուն նման, անոնք շատ կապուած են իրենց սովորութիւններուն եւ իրենց մշակոյթին, իրենց լեզուին: Նենեթցները Ցուրտ շրջաններու ժողովուրդներէն նենեթցները ամէնէն շատ պահած են իրենց կեանքի աւանդական կենսակերպը: Անոնք կ՛ապրին Ռուսիոյ հիւսիսը,...

Ցուրտ Շրջաններու Բնակիչները

Ցուրտ Շրջաններու Բնակիչները

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Պաղ շրջաններու մէջ ապրող ժողովուրդները բաշխուած են ընդարձակ տարածութիւններու վրայ: Անոնք բոլորը նոյն ծագումը չունին, բոլորը նոյն լեզուն չեն խօսիր, նոյն ձեւով չեն ապրիր, սակայն անոնք երբեմն ունին նոյնանման սովորութիւններ: Ծանօթանանք քանի մը ժողովուրդներու: Ինուիթները Ո՞վ Են Անոնք Ժամանակին անոնց կը կոչէին «էսքիմօ», սակայն ինուիթները չեն սիրեր այս բառը, որ իրենց լեզուին մաս չի կազմեր: Անոնք...

Օգնութի՛ւն, Հարբուխը Կու Գայ

Օգնութի՛ւն, Հարբուխը Կու Գայ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ցուրտին դէմ պայքարիլը կը յոգնեցնէ, եւ երբ մենք կը յոգնինք, մեր մարմինը աւելի անպաշտպան կը դառնայ: Առաւել, ձմրան մենք յաճախ կը հանդիպինք անձերու, որոնք արդէն հարբուխ են եւ անոնք կրնան մեզ վարակել` մեզի փոխանցելով հարբուխի 200 ժահրերէն մէկը: Օդին մէջ արձակուած անտեսանելի կաթիլներէն, իրարու դպնալով... մենք կրնանք նաեւ հարբուխ ըլլալ: * * * Երբ մենք հարբուխ...

Մարդկային Մարմինը Եւ Ձմեռը

Մարդկային Մարմինը Եւ Ձմեռը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ձմեռը մենք կը մսինք եւ պէտք է պաշտպանուինք: Սակայն մեր մարմինը ինչպէ՞ս կը բանի այս եղանակին տոկալու համար, եւ մենք ի՞նչ նախազգուշութիւններ պէտք է առնենք: Մեր մարմինը շատ իւրայատուկ է: Անկախ ցուրտէն կամ տաքէն` մեր մարմինը միշտ նոյն ջերմաստիճանը կը պահէ: Սակայն ուշադրութի՛ւն. ասիկա չի նշանակեր, որ մենք կրնանք ամէն ինչի տոկալ: Ցուրտը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ:...

Սառոյցէ Եւ Ձիւնէ Արձաններուն Արուեստը

Սառոյցէ Եւ Ձիւնէ Արձաններուն Արուեստը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Գիտէիր, որ երբ ձիւնեմարդ մը կը շինես. դուն ալ քու կարգիդ արուեստագէտ մը կը դառնաս: Ձիւնէ կամ սառոյցէ արձանները «վաղանցուկ» արուեստի գործեր են: Ժամանակի ընթացքին եւ տաքութեան ազդեցութեան տակ այս արուեստի գործերը կը հալին եւ կ՛անհետանան. քանի մը ժամէն կամ... քանի մը շաբաթէն: Այս ձեւով է, որ անոնք կը տարբերին, օրինակի համար, փայտէ արձաններէն: Որքան արձան...

Կաղանդ Պապաներու Դպրոցը… Պրազիլի Մէջ

Կաղանդ Պապաներու Դպրոցը… Պրազիլի Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Կարմիր տարազը հագնելով եւ թաւ ձայնով «հօ, հօ, հօ» ըսելով մենք անպայման լաւ Կաղանդ պապայի դերը չենք կրնար կատարել: Այս մտածումէն մեկնելով, 1993 թուականէն ի վեր, Պրազիլի Կաղանդ պապաներու դպրոցը յատուկ դասեր կու տայ տօներուն կատարեալ ձեւով ներկայացնելու համար փոքրիկներուն նախասիրած անձնաւորութիւնը: Հոն ամէն տարի, քանի մը տասնեակ «աշակերտներ» կը հետեւին չորս օր տեւող բազմաթիւ դասերու....

Աշխարհի Ամէնէն Առանձին Տղուն Անակնկալը

Աշխարհի Ամէնէն Առանձին Տղուն Անակնկալը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Սկովտիոյ մայրաքաղաք Էտիմպուրկէն 631 քմ դէպի հիւսիս, Շեթլընտի արշիպեղագոսին մէջ կը գտնուի Աութ Սքերիզ կղզին: Անիկա ունի 4 քառակուսի քմ տարածք, 70 բնակիչ եւ մէկ նախակրթարան դպրոց, որուն միակ աշակերտը 10 տարեկան Արոն Անտըրսնն է: Ան միակ մանուկն է 69 չափահասի մէջ: Ռետտիթ համացանցի ընկերային խմբակին մաս կազմող անձերէն մէկը կը կարդայ Արոնի մասին եւ անոր...

Կատուներու Մոլորակը

Կատուներու Մոլորակը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Անոնք ծնած են Ասիոյ մէջ եւ հետզհետէ նուաճած ամբողջ մոլորակը: Սակայն անոնք միշտ նոյն ձեւով չեն ընդունուած մարդոց կողմէ... Աստուածային Հին ժամանակներէն ի վեր արդէն, կատուն ընտանի անասուն մը եղած էր Եգիպտոսի մէջ, ուր ան երկար ատեն պատկառանքի արժանի եղած էր: Ան նոյնիսկ ունէր իր պատկերով աստուածուհի մը` Պասթէթ: Հին եգիպտական աւանդութեան մէջ Հէլիօփոլիսի մեծ  կատուն,...

Ապրահամ Կը Պաշտպանէ Մանուկներուն Իրաւունքները

Ապրահամ Կը Պաշտպանէ Մանուկներուն Իրաւունքները

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Նոյեմբերի սկիզբը Մանուկներու խաղաղութեան միջազգային մրցանակը տրուեցաւ ափրիկեցի պատանիի մը` Ապրահամ Քէյթայի: Ան կրցած  է համոզել Լիպերիոյ խորհրդարանը` որդեգրելու մանուկները պաշտպանող յատուկ օրէնք մը: Երկուշաբթի, 9 նոյեմբերին 17 տարեկան լիպերիացի պատանի Ապրահամ Քէյթա ստացաւ Մանուկներու խաղաղութեան միջազգային մրցանակը: Ան այս վարձատրութեան արժանացաւ իր երկրին` Լիպերիոյ մանուկներու համար տարած աշխատանքներուն պատճառով: Այսուհետեւ, անոր շնորհիւ, մանուկներուն դէմ  բռնութիւն...

Սումոյի Դպրոցը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Սումօն իշխող մարզանքն է Ճափոնի մէջ: Հայաթօ, Թօանոսուքէ եւ իրենց ընկերները կ՛երազեն սումոյի մարզիկ դառնալ: Սակայն աշխատանքը դիւրին չէ: Սումօն Ճափոնի մէջ հնարուած գօտեմարտի տեսակ մըն է: Յաղթելու համար, պէտք է հակառակորդը շրջանակէն դուրս հրել, կամ շրջանակին մէջ գետին ձգել զայն: Մարզիկին ծանրութիւնը կարեւոր է կարենալ հակառակորդին յարձակումներուն դիմադրելու համար: Չափահաս սումօթօրիները կը կշռեն 130-էն 150 քիլոկրամ:...

Մամութի Մը Կմախքը Գտնուած Է Դաշտի Մը Մէջ

Մամութի Մը Կմախքը Գտնուած Է Դաշտի Մը Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մամութի գրեթէ լման կմախք մը գտնուած է Լայմա Թաունշիփի մէջ, Միշիկըն (Միացեալ Նահանգներ): Ան մինչեւ այսօր գտնուած այս նախապատմական հսկայ փիղերու ամէնէն ամբողջական կմախքն է: Իրենց դաշտին մէջ կազի խողովակներ դնելու համար փոս մը փորելու ընթացքին, երկու երկրագործներ այս արտասովոր երեւոյթին հանդիպած են: Անոնք գտած են աւելի քան 60 սմ երկար, շատ լաւ պահուած, մամութի ոսկոր...

Ինչո՞ւ Ռիւկպիի Գնդիկը Հաւկթաձեւ Է

Ինչո՞ւ Ռիւկպիի Գնդիկը Հաւկթաձեւ Է

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ռիւկպիի աշխարհի 8-րդ ախոյեանութիւնը սկսաւ ուրբաթ, 18 սեպտեմբերին, Անգլիոյ մէջ, Անգլիոյ եւ Ֆիճի կղզիներու խումբերուն միջեւ: Ախոյեանութեան ընթացքին տեղի պիտի ունենան 47 մրցումներ` աշխարհին չորս կողմերէն եկած խումբերուն միջեւ: Աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, 31 հոկտեմբերին, Նոր Զելանտայի եւ Աւստրալիոյ միջեւ: Այս ախոյեանութեան հերոսը եղաւ ո՛չ կլոր գնդակը, այլ` հաւկթաձեւ գնդակ: Սակայն ինչո՞ւ ռիւկպիի գնդակը...

Ո՞վ Կ՛որոշէ Նոպէլեան Մրցանակ Ստացողները

Ո՞վ Կ՛որոշէ Նոպէլեան Մրցանակ Ստացողները

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ամէն տարի, նոյն ժամանակաշրջանին, կը խօսուի Նոպէլեան մրցանակներուն մասին: Ինչպէ՞ս կարելի է ստանալ Նոպէլեան մրցանակ մը: Ո՞վ կ՛որոշէ: Ուժանակը հնարողը             Նոպէլեան առաջին մրցանակը տրուած է 1901 թուականին: Ուժանակը (տինամիթ) հնարող շուէտացի Ալֆրետ Նոպէլի նախաձեռնութեամբ է, որ հիմնուած են այս վարձատրութիւնները: Երբ ան մահացած է, ան իր ամբողջ դրամը տուած է`...

Հարաւային Քորէայի Մէջ` Դպրոցական Երկար Օրեր

Հարաւային Քորէայի Մէջ` Դպրոցական Երկար Օրեր

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ասիական այս երկրին մէջ դպրոցական ճնշումը ահաւոր է: 10 տարեկան Մին-Ժա ամէն գիշեր կ՛աշխատի մինչեւ ժամը 11:00... 11 տարեկան Մին-Ժա շատ պիտի ուզէր իր ընկերներուն հետ խաղալ իր պարտականութիւնները վերջացնելէ ետք: Սակայն իրեն համար, ինչպէս` ուրիշ բազմաթիւ հարաւքորէացի աշակերտներուն, դպրոցը կը շարունակուի դպրոցէն ետք, նոյնիսկ շաբաթավերջին: Այս ձեւով ան շաբթուան ընթացքին կը հետեւի 17 ժամ լրացուցիչ...

Page 20 of 22 1 19 20 21 22

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?