Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Ճաշարանը

Սեպտեմբեր 3, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

djach-5_90316

Սպանիոյ կղզիներէն` Իպիզիայի մէջ գտնուող «Սապլիմոշըն» ճաշարանը պարզապէս համեղ ճաշեր չ՛առաջարկեր: Այլ ան կը հրամցնէ ամբողջական ներկայացում մը` պնակներու մէջ եւ անոնց շուրջ:

«Սապլիմոշըն»-ի 12 յաճախորդները վճարած են մօտաւորապէս 2000 տոլար, սակայն անոնք չեն գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի ուտեն, կամ նոյնիսկ ի՛նչ փորձառութիւն մը պիտի ապրին: Ճաշարանին հասցէն գաղտնի է, իր յաճախորդը կը տեղեկացուի, երբ ուզէ իր տեղը ապահովել:

djach-11_90316

Պաշտօնական ընդունելութենէն ետք յաճախորդները կը մտնեն ճաշասրահ, որուն կեդրոնը կը գտնուի միակ ճերմակ սեղան մը: Պաստառին վրայ կնոջ դէմք մը զանոնք կը դիմաւորէ: Ճաշարանին անձնակազմին 25 անձերը կազմ ու պատրաստ են քուլիսներուն ետեւը, խոհարարները, սպասաւորներ եւ թեքնիսիէններ:

* * *

djach-22_90316

Զգայարաններու ճամբորդութիւնը կրնայ սկսիլ: Իւրաքանչիւր ճաշի հետ նոր տեսարաններ կը պարզուին: Մեծ խեցիի մը մէջ հրամցուած ծովային ուտելիքներուն ճաշակումին ընթացքին ամբողջ սրահը, կարծէք կ՛իջնէ ծովերուն խորերը. պատերուն եւ սեղանին վրայ կը յայտնուին ընդծովեայ տեսարաններ, մինչ կը լսուին այդ խորքերուն ձայները, ճերմակ քարէ ամանի մը մէջ կը հրամցուի սունկերով պատրաստուած ճաշ մը, որուն կ՛ընկերանան անտառի տեսարաններ եւ հոտեր: Իսկ երբ սեղանը կը վերածուի փոքրիկ բանջարանոցի մը, սեղանակիցները իրենց մանր թեւերով եւ մկրատներով կը քաղեն թարմ բանջարեղէններ:

* * *

djach-33_90316

Ճաշարանը իր դռները բացած է 2014-ին: Անոր սպանացի խոհարարը` Փաքօ Ռոնսերօ կը նախընտրէ կեդրոնանալ որակին վրայ եւ ոչ` քանակին: Ան կը բացատրէ, որ առաջ ճաշերը աղով եւ պղպեղով կը համեմէին, մինչ ներկայիս անոնք կը համեմուին զգացումներով:

 

Պարսիկները Սառնարաններ Հնարած Են Աւելի Քան 2400 Տարիներ Առաջ

meraji-yakhchal_90316

Ք.Ա. 400 թուականներուն պարսիկ ճարտարագէտներ կրցած են շինել եախշալ կոչուած հսկայական սառնարաններ,  հոն կարելի էր ամբարել սառ եւ, հետեւաբար, ուտելիք ու պաղ ջուր ամբողջ տարուան ընթացքին:

Սառը կը բերուէր մօտակայ լեռներէն, ձմրան:

Այս եախշալները ունէին կորընթարդ ձեւ, կէս թաղուած` հողին մէջ- եւ շինուած էին տաքին տոկացող նիւթերէ հարիւրաւոր տարիներ առաջ շինուած բազմաթիւ եախշալներ տակաւին կանգուն կը մնան մինչեւ այսօր:

 

Գիտէ՞ր, Թէ…

kideyir-te_90316

  • Միացեալ Նահանգներու Այտհօ նահանգին մէջ թանգարանի մը առջեւ գոյութիւն ունի կարագով ծածկուած եւ եփուած գետնախնձորի մը հսկայ արձանը:
  • Միջնադարեան շրջանին հացը այնքան կարեւոր ուտելիք մըն էր, որ զայն եփելու եւ ծախելու յատուկ օրէնքներ գոյութիւն ունէին:
  • Հաւկիթները կը գործածուին ո՛չ միայն ճաշերու եւ անուշեղէններու պատրաստութեան մէջ, այլ անոնք նաեւ մաս կը կազմեն տարբեր տեսակի նիւթերու բաղադրութեան, ինչպէս` ածիլուելու քրեմ, խէժ, պայթուցիկ…
  • Կէս քիլօ սեւ տուրմ պատրաստելը կը կարօտի 12 հազար լիթր ջուրի:
  • Ֆինլանտայի մէջ կարելի է ճաշել 80 մեթր խորը գտնուող քարայր-ճաշարանի մը մէջ: Ան ժամանակին եղած է կիրի հանք:

 

Հարցարան

Ի՞Նչ Պիտի Ուտենք…

harts_90316

1.- Աշխարհի երկիրներէն 80 առ հարիւրին մէջ ժողովուրդը միջատներ կ՛ուտէ:
ա.- ճիշդ, բ. սխալ

2.- Ի՞նչ կ՛ուտես, երբ Իսլանտայի մէջ քեզի «հաքարի» կը հրամցնեն:
ա.- Պարզ Ճելօ, բ.- համեմներով պաղպաղակ, գ.- Շանաձուկի փտած միս, դ.- Տուրմով տապկուած գետնախնձոր:

3.- Չիլիի մէջ անքաղաքավարութիւնը կը համարուի ուտելիքին դպչիլը:
ա.- Պատառաքաղով, բ.- դանակով, գ.- ձեռքերով, դ.- ճաշացուցակով:

4.- Ի՞նչ է քորէական «սանաքժի» ուտելիքը:
ա.- Կենդանի ընգղայ, բ.- թափանցիկ հաց, գ.- Կապոյտ պիւֆթէք, դ.- նախաճաշի հացահատիկներ:

5.- Ռուսիոյ մէջ ո՞ւր պէտք է յենել դաստակները ճաշի ընթացքին:
ա.- Ծունկերուն վրայ, բ.- սեղանին ծայրը, գ.- պնակին վրայ, դ.- Թաշկինակին մօտ դրուած մանր անկողինի մը վրայ:

6.- Եթովպիոյ մէջ ընտանիքը ընդհանրապէս կ՛ուտէ մէկ մեծ պնակի մը մէջէն:
ա.- ճիշդ, բ. սխալ

harts-1_90316

7.- Չիլիի մէջ ի՞նչ ձեւով կը նախընտրեն ուտել տապկուած գետնախնձորը:
ա.- Դանակով եւ պատառաքաղով, բ.- թուղթէ տուփիկի մը մէջէն, գ.- Վրան մեծ քանակութեան քեչափ դնելով, դ.- հացերուն եւ համպըրկըրներուն մէջ:

8.- Հիւրերը ո՞ւր կը նստին քորէական աւանդական ճաշի մը ընթացքին:
ա.- գետինը, բ.- սեղանին շուրջ, գ.- մայթին վրայ, գ.- տունէն դուրս:

harts1-2_90316

9.- Ճափոնի մէջ անքաղաքավարութիւն կը համարուի ճաշացպիկները բրինձի պնակին մէջ տնկելը:
ա.- ճիշդ, բ. սխալ

harts-3_90316

10.- Միջին Արեւելքի պետեւիները ի՞նչ ձեւով կը յայտնեն, թէ դարձեալ սուրճ չեն ուզեր:
ա.- Աթոռ մը սեղանին վրայ կը դնեն, բ.- իրենց գաւաթը կը շարժեն, գ.- «Կը բաւէ» կը պոռան, դ.- աչքերնին երեք անգամ կը թարթեն:

11.- Հին յոյները ի՞նչ ուտելիք կը նուիրէին իրենց հիւրերուն` իբրեւ հիւրընկալութեան խորհրդանիշ:
ա.- Ձիթապտուղ, բ.- պանան, գ.- յունական աղցան, դ.- աղ:

12.- Ճափոնի մէջ նուտըլի ապուրը ուտելու ընթացքին ձայներ հանելը անքաղաքավարութիւն կը համարուի, եւ ենթական ծանր տուգանքի կ՛ենթարկուի:
ա.- ճիշդ, բ. սխալ

13.- Ո՞ր սովորութիւնը գոյութիւն ունի Ասիոյ, Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի բազմաթիւ շրջաններու մէջ, սակայն ոչ` Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու:
ա.- Սեղանին վրայ երգել, բ.- ձեռքերով ուտել, գ.- ճաշի սեղանին վրայ չխօսիլ, դ.- անուշեղէնը ճաշէն առաջ ուտել:

14.- Հարաւային Հնդկաստանի մէջ ինչո՞ւ պէտք չէ դպցնել պնակին:
ա.- Պատառաքաղը, բ.- քովդ նստողին արմուկը, գ.- կօշիկ մը, դ.- ձախ ձեռքը:

harts-4_90316

15.- Աշխարհի մէջ ճաշէն առաջ անուշեղէնները կերուած են հաւանաբար…
ա.- Միացեալ Նահանգներու մէջ, բ.- Հնդկաստանի մէջ, գ.- Ֆրանսայի մէջ, դ.- Ռուսիոյ մէջ:

Պատասխանները վերջաւորութեան

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել կերպարին բռնած սիւսեթին նմանող սիւսեթը:
Կրնա՞ս գտնել կերպարին բռնած սիւսեթին նմանող սիւսեթը:

 

Կրնա՞ս գտնել շաքարեղէններուն տոպրակին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել շաքարեղէններուն տոպրակին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու բուրգը` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու թիւերուն գումարումին:
Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու բուրգը` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու թիւերուն գումարումին:
Կրնա՞ս գտնել ատամնաբուժին դարմանատունը հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել ատամնաբուժին դարմանատունը հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխաններ

1.- Ճիշդ. մօտաւորապէս 2 միլիառ անձեր կ՛ուտեն աւելի քան 1400 տարբեր տեսակի միջատներ: 2) գ: 3) գ: 4) ա, 5) բ: 6) Ճիշդ. իւրաքանչիւր անձի համար տարբեր պնակ գործածելը անիմաստ կը համարուի: 7) ա: 8) ա: 9) Սխալ. ան կը նմանի վառուած խունկի ցպիկներու, որ մեռեալներուն ճաշ նուիրելու խորհրդանիշն է: 10) բ: 11) դ: 12) Սխալ. ընդհակառակը այդ ձայները ընդունելի եւ հաճելի ձեւ մըն են Ճափոնի մէջ ապուրը ուտելու: 13) բ: 14) դ. ուտելիքը միայն աջ ձեռքով կ՛ուտուի, որովհետեւ ձախ ձեռքը մաքուր չի համարուիր: 15) բ:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (3 Սեպտեմբեր 1966)

Յաջորդը

Ամէն Մարդու Իրաւունքը. Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ Առ Դէմ

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?