Յեղափոխաշունչ Խօսքի Ռահվիրան
ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ Ամբողջ սերունդի մը ներշնչման աղբիւրը հանդիսացած գաղափարի մեծ մարտիկն էր ան: Դաշնակցական ամբողջ սերունդ մը դաստիարակուեցաւ անոր ցանած յեղափոխականացման եւ քաղաքականացման գաղափարներով: ՀՅ Դաշնակցութիւնը գլխաւորաբար իր ստեղծած գաղափարական մեծ դպրոցին շնորհիւ էր, որ 1970-1980-ական թուականներուն վերանորոգեց իր գաղափարախօսութիւնը` վերադառնալով իր յեղափոխական ակունքներուն: Անոր գրած ամէն մէկ խօսքը, ուղղած ամէն մէկ պատգամը այսօ՛ր եւս խթաններ են նորահաս դաշնակցական...



















