Գրեց` ԻԼԱՐԻԱ ՄԻԼԵՆԼԼԱ
Հարաւային Իտալիոյ քաղաքներէն Պարիի մէջ կայ գիւղ մը, որ 1926-էն ի վեր իր գոյութիւնը կը շարունակէ: Այդ գիւղի առաջին բնակիչները անոնք էին, որոնք 1919-ին խոյս տալով Օսմանեան կայսրութենէն, որուն համար իրենք թշնամի նկատուած էին, եկան եւ հաստատուեցան Պարի քաղաքը, ուր գտան զիրենք հալածողներու դէմ պաշտպանութիւն եւ պատսպարան:
Հայերու մասին է մեր խօսքը, ազգ մը, որ հազիւ 1991-ին կրցաւ տիրանալ իր անկախութեան, բայց դարեր շարունակ ապրեցաւ պատմութիւն մը, որ լեցուն է ցեղասպանութիւններով ու սարսափի պատահարներով:

Հարիւր տարիներ առաջ Պարի քաղաքը անոնցմէ քանի մը տասնեակի համար փրկութեան վայր եղաւ: Աքսորեալներու առաջին խումբը ապաստան գտաւ բուրդի գործարանի մօտ գտնուող շէնքի մը մէջ, բայց աւելի վերջ` 1924 թուականին, իրենց տրամադրուեցաւ հողատարածք մը ներկայիս «Վիա Ամենտոլա» փողոցի վրայ: Հոն է, որ հայերը կազմեցին Նոր Արաքս գիւղը, եւ քանի մը տասնեակ տարիներ անցած ըլլալով հանդերձ, անոնցմէ ոմանք տակաւին հոն կը բնակին:
Աւելի վերջ այդ հողամասին վրայ պետութեան հրամանով կառուցուեցան փայտէ ինը տնակներ, որոնք օգտագործուեցան որպէս բնակարան եւ պատսպարան: Անոնց մուտքի պատէն տակաւին առկախ կը մնայ ժամանակին զետեղուած ցուցատախտակը, որուն վրայ հռոմէական թուանշաններով գրուած է Նոր Արաքս գիւղի հիմնադրման թուականը «MCMXXVI», որ կը համապատասխանէ 1926 թուականին: Իսկ գիւղի կեդրոնին մէջ կառուցուած էին փայտաշէն տուներ, որոնցմէ միայն չորսը կրցած է կանգուն մնալ եւ գոյատեւել մինչեւ այսօր: Գիւղը ունէր իրեն յատուկ ջուրի աղբիւր: Տուներուն մօտ կը գտնուէին երկու քարաշէն շէնքեր. որոնցմէ մէկը մատուռ մըն էր, ուր գիւղի հայ համայնքը աղօթելու համար կը հաւաքուէր կիրակիները եւ տօնական օրերուն: Իսկ երկրորդ շէնքը համբաւաւոր բանաստեղծ Հրանդ Նազարեանի բնակարանն էր: Կ՛ըսուի, որ առաջին անգամ յիշեալ բանաստեղծն էր, որ հաստատուեցաւ Պարի քաղաքի մէջ, 1913-ին:
Այսօր Վիա Ամենտոլայի մէջ կը բնակին 15 հայեր. որոնցմէ չորսը տարեցներ են, իսկ մնացեալները` անոնց զաւակներն ու թոռները: Գիւղին բնակիչները հայեր են, բայց հոն իրենց հետ կը բնակին նաեւ քանի մը մայրապետներ, որոնք ժամանակին Հրանդ Նազարեանցի հրաւէրով, գիւղի երեխաները դաստիարակելու նպատակով եկած ու հաստատուած էին իրենց գիւղը: Մայրապետներուն տունը կը գտնուէր աքսորեալներու տուներուն մօտը, որոնց կողքին աւելի վերջ շինուեցաւ քարակերտ շէնք մը, որ երկար տարիներ ծառայեց իբրեւ մանկապարտէզ:

«Հրանդ Նազարեանց» մշակութային կեդրոնի պատուոյ նախագահ Ռուբէն Թիմուրեան կը պատմէ, որ նախկին համայնքային կեանքը շատ պարզ էր իրենց համար: Աքսորեալներուն մէջ կը գտնուէր զօրաւոր համագործակցութեան զգացում, իսկ տարիքոտները ընդունուած էին իբրեւ գիւղին հոգեւոր պետերը: «Մեծ հաճոյքով ու կարօտով տակաւին կը յիշեմ Սուրբ Ծննդեան տօնի օրերը, մեզի կը պատմէ Թիմուրեան: Նախ 25 դեկտեմբերին կը տօնէինք կաթողիկէներունը, իսկ 6 յունուարին` առաքելականներունը, երկու տօնակատարութեան ժամանակ ալ նուէրներ կը փոխանակէինք իրարու հետ: Զատիկն ալ նոյնպէս յատուկ օր մըն էր բոլորիս համար: Այդ օր, ըստ արեւելեան աւանդութեան, հաւկիթները կարմիր կը ներկուէին»:
«Հրանդ Նազարեանց» մշակութային կեդրոնի ատենապետ Թիմուրեան մեզ կը պատմէ, թէ հայ համայնքը մասնաւորապէս կը զբաղէր գորգի արտադրութեամբ, անոնցմէ շատեր Անատոլուի ծագում ունէին, որ գորգի արտադրութեան հայրենիքն է. «Հայերը իրենց այս ճարտարութիւնը տարածած են աշխարհիս վրայ, ամէն կողմ: Իմ հայրս ալ նոյնպէս ըրաւ: Գորգավաճառութիւնը հետզհետէ ընտանիքիս համար առեւտրականութեան հիմ դարձաւ: Իրենց գործարանը հետագային Արեւմուտքի ամենակարեւոր գորգի գործարաններէն մէկը եղաւ»: Իսկ մշակութային կեդրոնի քարտուղար Քարլօ Քոփփոլա մեզի կ՛ըսէ, թէ այդ գործարանին մէջ արտադրուած գորգերէն ոմանք ղրկուած են Հռոմի պապ Փիօ ԺԱ.-ին, Մոնթենեկրոյի թագուհիին եւ յայտնի իտալացի գրող Լուիճի Փիրանտելլոյին:


Գիւղը տարիներու ընթացքին հետզհետէ պարպուեցաւ իր բնակիչներէն, ոմանք փոխադրուեցան հիւսիսային Իտալիոյ քաղաքները, ոմանք էլ արտասահման գաղթեցին: Բայց Նոր Արաքս գիւղը տակաւին հոն է, պաշտպանուած իր այն բնակիչներէն, որոնք մինչեւ այսօր ապրեցան իր երդիքին տակ եւ կը շարունակեն ապրիլ: Այս մասին Կայանիկ Ատաճեան մեզի հետեւեալ խօսքերով կը փոխանցէ իր զգացումները. «Զիս կը նկատեմ որպէս այս գիւղին պահապանը: Գիւղը դեռ իր մէջ կը պարունակէ հոսկէ անցնողներուն կորովն ու զօրութիւնը: Այստեղ սրբավայր մըն է, որուն յիշատակը հարկ է պահպանել եւ փոխանցել ապագայ հայ սերունդներուն»:
Թարգմանեց` ՕՇԻՆ ԷԼԱԿԷՕԶ
(Հրատարակուած www.barinedita.it կայքէջի վրայ)