Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք Մտաւորականները Կոչ Ըրած Են Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու

March 27, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-27-15_GOTCHԹուրք մտաւորականներ դատապարտած են Կալիփոլիի նախաձեռնութիւնը եւ կոչ ըրած են ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, մարտ 14-15 Զմիւռնիոյ մէջ տեղի ունեցած «Խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան Եգէականի համաժողով»-ին ընթացքին, որուն մասնակցած են Թուրքիոյ քաղաքացի շարք մը մտաւորականներ, գրողներ եւ ուսանողներ:

Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) կողմէ կազմակերպուած համաժողովին հռչակած յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի, թէ առանց Հայոց ցեղասպանութեան հետ առերեսուելու` կարելի չէ Թուրքիոյ մէջ լուծել քրտական տագնապը:

«Տէրսիմի կոտորածները, չբացայայտուած սպանութիւնները, Մատըմաքի, Մարաշի, Ռոպոսքիի կոտորածները, զանգուածային ջարդերը, նոյնիսկ երկրի սահմաններէն դուրս, օրինակ` Ռոժաւայի մէջ տեղի ունեցող որոշ իրադարձութիւններ մեզի միշտ կը ստիպեն անդրադառնալու 1915-ին», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Համաժողովին ընթացքին Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններուն վերաբերեալ շարք մը առաջարկներ կատարուած են: Օրինակ` առաջարկուած է սեպտեմբեր 9-ը յայտարարել սուգի օր, քանի որ այդ օրը Զմիւռնիոյ քրիստոնեաներու զանգուածային կոտորածի օրն է: Նաեւ առաջարկուած է Զմիւռնիոյ Թալէաթ փաշայի անուան պուրակը վերանուանել իզմիրցի հայ երաժիշտ Տիգրան Չուխաճեանի անունով:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ ըսուած է. «Մենք ամօթալի կը համարենք եւ կը դատապարտենք այն, որ ցեղասպանութեան ենթարկուածներու սուգի օրը` ապրիլ 24-ը, վերածուած է տօնակատարութիւն դարձած Կալիփոլիի յաղթանակի օր, առաւել եւս` այն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը հրաւիրուած է այդ ձեռնարկներուն»:

 

Նախորդը

Ցեղասպանութեան Հարցով Թուրքիոյ Մէջ Նոր Գիրք Լոյս Տեսած Է

Յաջորդը

Սի. Էն. Էն. Թիւրքը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Վաւերագրական Շարժանկար Կը Ցուցադրէ

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Ա. Աղեքսանդրիոյ Հերոնէն Մինչեւ Սփութնիք

December 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

March 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.