Յօդուածներ

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Հակա-Սարդարապատ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Եկէ՛ք` համաձայնինք: Ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ եւ ընդհանրապէս հայկական աշխարհի տարածքին, այդ ալ` Երեւանի իշխանաւորներուն «հնարամտութիւններուն» շնորհիւ, համազօր է ՀԱԿԱՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ-ի: Երբ Սարդարապատ կ՛ըսենք, մեր մտապատկերին մէջ անմիջապէս կ՛ուրուագծուին բազմաթիւ խորհուրդներ եւ անկորնչելի աւանդներ: Թուենք մէկ քանին. - Սարդարապատ կը նշանակէ Արամ Մանուկեան եւ կողքին կանգնող քաղաքական ու զինուորական (ներառեալ ֆետայիներու) ղեկավարներ: - Սարդարապատ կը նշանակէ ժողովուրդի...

Մտքեր.  1. Քարոզչութի՞ւն, Թէ՞ Աթոռի Ապահովման Աշխատանք

Մտքեր – 6. Սփիւռքի Կարողական Ուժին Մասին

ՎԱՉԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ Հսկայ է սփիւռքի կարողական ուժը իր երեք երեսներով` նիւթական-տնտեսական, մարդուժի, քարոզչական-յարաբերական: Ներկայիս այդ ուժին միայն մէկ չնչին մասը կը գործածուի: Այսպէս, ա) բարեկեցիկ եւ հարուստ  աշխարհատարած խաւին նիւթական պատկառելի ուժը հայութեան միայն աննշան օգուտ կը բերէ (յաճախ օտարի՛ն կը ծառայէ), բ) հայութեան գրեթէ ոչ մէկ օգուտ կը բերէ նաեւ արժէքաւոր գիտութեամբ եւ փայլուն կարողութիւններով օժտուած մեր աշխարհատարած մարդուժը...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա ՍՕ Խաչի Մեծ Ընտանիքը Մայրերու Օրուան Տօնակատարութեամբ Մեծարեց Հայ Մայրերը Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ ՍՕ Խաչի Շրջանային վարչութեան, Մայրերու օրուան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 22 մարտ 2024-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ: Հանդիսութիւնը սկսաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին նահատակներուն յիշատակը: Բացման հայերէն խօսքով Շրջանային...

Սթափելու Ժամանակը

Վայրէջքը Կասեցնել Է Պէտք

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Ամէն անգամ, երբ պարտուողական հարկադիր հանգրուանի մը նախընթացին կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, ժողովրդային պոռթկումի նախանշաններ երեւան կու գան: Անտարբերութեան մատնուած ժողովուրդի, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան երազներով տարուած հանրութեան մէջ երեւան կու գան ընդվզումի ու մերժումի նշաններ: Հակառուսական տրամադրութիւններու հետզհետէ ժողովրդականացող ու համատարած դարձող արշաւը արդէն նուաճած է բարձրակէտ մը. դժուար է նոր նահանջները այլեւս վերագրել ռուսական կողմին: Ուշադրութիւնը...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Դաստիարակող, Կրթող, Միտք Զարգացնող Տարրեր

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Դաստիարակող, Կրթող, Միտք Զարգացնող Տարրեր

Ուսուցչաց եւ Մայրերու տօներու զուգադիպութիւնը մտածել կու տայ դաստիարակչական ու կրթական գործընթացին մասին ընդհանրապէս: Սերունդներ չեն կերտուիր միայն գիտութիւն ամբարելով, այլեւ` դաստիարակուելով, մտածելակերպ զարգացնելով, հոգատարութեան արժանանալով, կեանքին պատրաստուելով եւ քննական մտածողութեան ատակ ու բանիմաց դառնալով: Այլապէս կրթական գործընթացը կը մնայ թերի: Իրականութեան մէջ որեւէ ընկերութեան մէջ սերունդներ կերտող տարրերը մայրը, ուսուցիչն ու մամլոյ ծառայողը, կամ գրողն են հաւասարապէս: Եթէ մայրը...

Անդրադառնալով Թուրք-Ազրպէյճանական Հայատեացութեան Արմատներուն.  Փրոֆ. Խաչատուր Ստեփանեան. «ՀՅԴ-ի Արխիւները Խիստ Կարեւոր Են Նաեւ Համահայկական Պատմագրութեան Առումով»

«Պաքուի Պահանջած Գիւղերը Յանձնելու Պարագային, Տաւուշի Մարզը Պիտի Բաժանուի 2 Մասի». ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի Անդամ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Խաչատուր Ստեփանեան «Փաստինֆօ»-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Պաքուի պահանջած գիւղերը յանձնելու պարագային, Տաւուշի մարզը փաստօրէն պիտի բաժանուի 2 մասի: Ան դիտել տուաւ, որ թուրքերը մարզ մտնելէ ետք անմիջապէս պիտի ճեղքեն մարզը` վտանգելով այնտեղէն անցնող մեր ռազմավարական հաղորդակցութեան ուղիները: Ըստ անոր, կը վտանգուի Երեւան-Իջեւան-Թիֆլիս միջպետական ճամբան, որ կը դառնայ...

Գաթայի Պատմութիւնը. Բացայայտումներ Սիրուած Քաղցրաւենինքի Մասին

Գաթայի Պատմութիւնը. Բացայայտումներ Սիրուած Քաղցրաւենինքի Մասին

Չափազանցութիւն պիտի չըլլայ, եթէ ըսենք, որ գաթան սիրուած ու շատ յաճախ պատրաստուող հրուշակեղէն ըլլալէ բացի` նաեւ կը բացայայտէ մեր աւանդոյթներն ու պատմութեան իւրայատուկ դրուագները: «Գաթայ» բառի ծագման առեղծուածը Գաթայի հետ կապուած ամենաբարդ հարցերէն մէկը բառին ստուգաբանութիւնը պարզելն է: Կան վարկածներ, սակայն «գաթա» բառի ճշգրիտ ծագման հետ կապուած հարցը դեռ կը մնայ բաց: Առաջին անգամ գաթայի մասին յիշատակած է Վարդան Այգեկցին...

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

Գերմանական Հեռատեսիլը Կը Բացայայտէ Եւրոպացի Պաշտօնեաներու Հսկայական Կաշառք Ստանալը Ազրպէյճանի Կողմէ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Առաջին անգամը չէ, որ բռնատիրական Ազրպէյճան յայտնուած է ուշադրութեան կեդրոնը` արեւմտեան պաշտօնեաներուն միլիառաւոր տոլարներ կաշառք տալու առումով, որպէսզի անտեսուին իր սեփական բնակչութեան եւ արցախահայութեան մարդկային իրաւունքներու զանգուածային խախտումները: «Խաւիարային դիւանագիտութիւն» եզրոյթը ստեղծուած է յատկապէս եւրոպական կառոյցներու մէջ Ազրպէյճանի կաշառակեր գործելակերպը նկարագրելու համար: Ցաւօք, նոյնքան կաշառուած եւրոպացի որոշ պաշտօնեաներ հաճոյքով գրպանած են Ազրպէյճանի...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Սեղմուող Թակարդներ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Թուրք-ազերիական նախագծումով ու պարտադրանքով, եւ Հայաստանի իշխանաւորներուն գործակատարութեամբ, Հայաստանի սահմանները պտիկ-պտիկ կը նեղնան, իւրաքանչիւր մանր քայլափոխի բանավէճը կը ստանայ թշնամիին հաշիւներուն համապատասխանող ընթացք, պատրաստուած թակարդին մէջ կ՛իյնան բոլորը, ներառեալ` ընդդիմադիրները, սահմանագէտները, պատմագէտներն ու աշխարհագրագէտները: Թակարդին նորագոյն օղակը, մի՛շտ սեղմուող օղակը, ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՔԱՅԼ ԱՌ ՔԱՅԼ ԿՐՃԱՏՈՂ ՕՂԱԿԸ հիմա հրապարակի վրայ է. Տաւուշի շրջանէն չորս գիւղերու պատկանելիութեան հարցը` զանոնք անյապաղ...

Ալիեւի Նախապայմաններուն Մասին

Ալիեւի Նախապայմաններուն Մասին

Ա. Ա. Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շատ լայն բացաւ Հայաստանէն պահանջներուն կարկինը եւ դարձեալ սպառնական ոճով խօսեցաւ` խաղաղութեան պայմանագրին վերաբերող իր պայմանները վերստին շեշտելով: Ալիեւի պահանջներուն գլխաւորը կը վերաբերի,  այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»-ին` նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան իններորդ կէտին մէջ տեղ գտած «անխոչընդոտ տեղաշարժի ապահովում Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ» ձեւակերպումը վերյիշեցնելով, թէ հայկական կողմը պարտաւոր է նման միջանցք տրամադրելու Օրտուպատի...

«ՀՄԸՄ-ի 13-րդ Պատգամաւորական Ժողովը Անգամ Մը Եւս Ուխտեց, Այս Պարագային Արցախի Համար, Որ ՀՄԸՄ-ականներ Արցախի Դրօշը, Պեճերը Կրելով` Ժողովուրդին Պիտի Յիշեցնեն, Թէ` Ազատ, Անկախ Եւ Ամբողջական Հայաստանի Երազ Մը Կայ, Որ Պէ՛տք Է Իրականանայ»  «Ազդակ»-ին Հաստատեց Յակոբ Խաչերեան

«ՀՄԸՄ-ի 13-րդ Պատգամաւորական Ժողովը Անգամ Մը Եւս Ուխտեց, Այս Պարագային Արցախի Համար, Որ ՀՄԸՄ-ականներ Արցախի Դրօշը, Պեճերը Կրելով` Ժողովուրդին Պիտի Յիշեցնեն, Թէ` Ազատ, Անկախ Եւ Ամբողջական Հայաստանի Երազ Մը Կայ, Որ Պէ՛տք Է Իրականանայ» «Ազդակ»-ին Հաստատեց Յակոբ Խաչերեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Արցախի վերաբերող որոշումներու ընթերցման պահուն 2-7 հոկտեմբեր 2023-ին հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան ամէնէն փոթորկալի, տագնապալի, ճակատագրական օրերուն Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը գումարեց Պատգամաւորական 13-րդ ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին կարեւորութեամբ քննեց Արցախը ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն մէջ մնայուն ներկայութիւն դարձնելու հրամայականը եւ որոշեց պահպանել Արցախի Հանրապետութեան խորհրդանիշները, հաստատել «ՀՄԸՄ-Արցախ հիմնադրամ»-ը, մշակել Արցախէն բռնի տեղահանուած փոքրիկներու համար ծրագիրներ եւ այլ...

Մեսրոպեան Վարժարանի Հեքիաթի Հրաշք Աղջիկներն Ու Տղաքը

Մեսրոպեան Վարժարանի Հեքիաթի Հրաշք Աղջիկներն Ու Տղաքը

ԹՈՐԳՈՄ - Սահհարը եկաւ, գետինը զելզել եղաւ, ալաֆ ելաւ: Բակին մէջ աշակերտ մը ընկերներուն կը պատմէր դիտած շարժապատկերը, երբ ես առաջին անգամ Մեսրոպեան վարժարան կը մտնէի 1979-ի առաւօտ մը: Երկրորդականի դասարաններուն համար հայ գրականութեան ուսուցիչի կարիք կար եւ Պուրճ Համուտի հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան շրջանակի հեղինակաւոր պատասխանատուներէն տէր եւ տիկին Հապիպ եւ Մարի Չաքմաքեաններ` պատուական, ազնուական հայորդիներ, ինծի...

Մինակ Չես

Ընտրութիւնը Քուկդ Է…

ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ Աւագ շաբթուան կամ Տէրունի շաբթուան երկրորդ օրը` Աւագ երեքշաբթին, կը նկատուի Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան, քարոզչութեան եւ գործունէութեան վերջին ու ամէնէն երկար օրը: Աւանդութեան համաձայն, այդ օրուան ընթացքին Քրիստոսի քարոզչութիւնը սկսած է առաւօտ կանուխէն եւ տեւած է մինչեւ ուշ գիշեր: Աւագ երեքշաբթին Հայ եկեղեցւոյ սրբազան հայրապետներուն ու մաքրակենցաղ հայրերուն կողմէ կոչուած է «Յիշատակ տասը կուսանաց»: Այս անունը առնուած...

Լոյս Տեսաւ Երուանդ Փամպուքեանի «Ազգային Հերոս Անդրանիկի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն

Լոյս Տեսաւ Երուանդ Փամպուքեանի «Ազգային Հերոս Անդրանիկի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն

Լոյս տեսաւ վաստակաշատ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի «Ազգային հերոս Անդրանիկի անտիպ նամակները» փաստաթուղթերու ու նիւթերու ժողովածուն` իբրեւ «Վէմ մատենաշար»-ի 8-րդ հատոր: 252 էջերէ բաղկացած այս հատորը կը ներառէ ազգային հերոսի 1901-1914 թուականներուն նամակներն ու գրութիւնները, որոնք կը պահուին ՀՅԴ Կեդրոնական արխիւին մէջ: Յառաջաբանին հեղինակն է պատմական գիտութիւններու դոկտոր Ամատունի Վիրաբեանը: Ստորեւ` ժողովածուին յառաջաբանը: Առաջաբան Ազգային հերոս Անդրանիկ Թորոսի Օզանեանը մեր նոր...

Դարձեալ Գրիգոր Լուսաւորիչ

Դարձեալ Գրիգոր Լուսաւորիչ

ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ   Կիրակի, 17 մարտ 2024-ին, Անթիլիասի վանքէն վերադարձիս, չես գիտեր` ինչո՞ւ, մտապատկերիս մէջ ուրուագծուեցաւ 1951-ին պատահած դէպք մը, որ ազդեցութիւն ունեցած է վրաս: Այդ օրերուն մենք քոյրերով Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ դպրուհիներ էինք, նոյն ատեն ալ` ԼՕԽ-ի արծուիկներ: Ամէն կիրակի եկեղեցի կ՛երթայինք` իբրեւ դպրուհիներ, մեր դպրապետն էր Գրիգոր Ահարոնեանը, որ շատ խիստ անձ մըն էր: Արծուիկներս տարին երեք...

Լիբանանի Երեսփոխանական  Ընտրութիւններէն 161 Օրեր Առաջ.  Համախմբուելու, Նեղ Անհատական Հաշիւները  Անտեսելու Եւ Ազգային Միասնական  Ճակատ Ունենալու Այժմէականութիւնը

Տեսակէտ. Այսօր Մեր Հիմնախնդիրը Հայրենիքի Տեսլականը Պահելն Ու Նոր Սերունդին Փոխանցելն Է

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Մտովի, ներքուստ գիտակցելով իրենց արարքներուն տարողութիւնը` յանցաւորները կը փորձեն երեւութապէս ցոյց տալ առաւելագոյն զսպուածութիւն եւ հանդարտութիւն: Սակայն անոնք որեւէ պահու կրնան բռնկիլ, հաւասարակշռութիւն կորսնցնել ու բացայայտել իրենց իսկական էութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ պէտք է դիտել Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին աթոռը զբաղեցնողին հետեւեալ յայտարարութիւնը. - Ես այսօրուան Հայաստանի վարչապետն եմ, պատմական Հայաստանի վարչապետը չեմ: Ազգային ժողովի քննարկումներու ընթացքին ոչ մէկ...

Մարսէյի Հայութիւնը Հանդիսաւորապէս Կատարեց Թեհլիրեան Արդարահատոյցի Կիսանդրիին Բացումը Պոմոնի Մէջ

Մարսէյի Հայութիւնը Հանդիսաւորապէս Կատարեց Թեհլիրեան Արդարահատոյցի Կիսանդրիին Բացումը Պոմոնի Մէջ

103 տարիներ առաջ` 15 մարտ 1921-ին, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան որոշումով, Պերլինի հրապարակին վրայ Թեհլիրեանի արդարահատոյց գնդակով կ՛իյնար Հայոց ցեղասպանութիւնը յղացող ու գործադրող իթթիհատականներէն Թալէաթը: 15 մարտ 2024-ին Մարսէյի «Փլաս փասթէօր» հրապարակին վրայ, կազմակերպութեամբ 11-12 շրջանի քաղաքապետութեան, բացումը կատարուեցաւ  հայ ժողովուրդի արդարահատոյց բազուկին` Սողոմոն Թեհլիրեանի  կիսանդրիին: Ներկայ էին ֆրանսական պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ` Մարսէյի 11 եւ 12 ընտրաշրջանի քաղաքապետ` Սիլվեն Սուվեսթրը, հայազգի...

Զարեհ Սրբազան Զարեհ Կաթողիկոսի Մասին…

Զարեհ Սրբազան Զարեհ Կաթողիկոսի Մասին…

ԶԱՐԵՀ ԱՐՔ. ԱԶՆԱՒՈՐԵԱՆ - Շշ՜, Վեհափա՛ռը…: Բառերը յաճախ անբովանդակ կը դառնան իրենց քարացած գործածութեանց մէջ: Այդպէս են ընթացիկ դարձած բոլոր տիտղոսները՝ աշխարհիկ թէ հոգեւոր մարզերու մէջ.- Մեծայարգ, յարգարժան, պատուարժան, արժանապատիւ, համեստափայլ, ազնուափայլ, հոգեշնորհ, գերաշնորհ, եւ այլն: Այդպէս է նաեւ, անխուսափելիօրէն, վերջին դարերուն Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան բարձրագոյն աստիճանին՝ կաթողիկոսութեան հասած հոգեւորականներուն տրուած տիտղոսը՝ «վեհափառ»: Այդպէս չէ՛ր ու չեղա՛ւ, սակայն, այս տիտղոսը՝...

100-Ամեայ Մեր Անլռելի Զանգակատունը` Իբրեւ Ճշմարիտ Լոյսին Տանող Կոչնակ

Մաշտոց Անուն

Պ. ՍԵՒԱԿ Եւ այդ պահին էր, որ աշխարհ եկաւ Նա` Այր մի` Մեսրոպ Մաշտոց անունով: Որտեղի՞ց եկաւ, Ի՞նչ ակից բխեց: Եւ ինչպէ՞ս եկաւ, Հոսեց ի՞նչ հունով: Այսպէս` արցունք է ծնւում աչքի մէջ, Երբ որ աչքի մէջ ընկնում է աւազ: Այդպէս` դառնում է աւազն ապակի, Եւ ապակին է հայելի դառնում: Այսպէս` արեւը ամէնից առաջ Լուսաւորում է բարձրաբերձ ծառի Կատարին թառած թռչունի...

Ուսուցի՞չ, Թէ՞ «Մարդակերտ»

Ուսուցի՞չ, Թէ՞ «Մարդակերտ»

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ 2022-2023 տարեշրջանին ինծի առիթը ընծայուեցաւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի միջնակարգի աշակերտներուն դասաւանդելու հայոց պատմութիւն: Ըսեմ, որ ուսուցիչ ըլլալը այս օրերուն դիւրին գործ մը չէ, մանաւանդ` ըլլալ հայոց պատմութեան ուսուցիչ, երբ մեր ազգը եւ պետականութիւնը կ՛ապրին պատմութեան ամէնէն վտանգաւոր ժամանակաշրջաններէն մէկը: Աւելի՛ն. իբրեւ համալսարանի դասախօսի` ասիկա ինծի համար մեծ մարտահրաւէր  մըն էր, որովհետեւ դպրոցի աշակերտի եւ համալսարանի...

Page 1 of 913 1 2 913

Արխիւներ