Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յովհաննէս Թումանեան (1869-1923) Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ` «Հանճարեղ Լոռեցին»

Մարտ 27, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

3-27-15_tumanianՄարտ 23-ին կ՛ոգեկոչենք մահուան տարելիցը Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի:

54 տարեկան էր հայ գրականութեան «Հանճարեղ լոռեցին» (Եղիշէ Չարենցի բնութագրութեամբ), երբ դեղնախտի խլիրդը ապաժամ խլեց-տարաւ մարմնեղէն կեանքը հայ ժողովուրդի բացառիկ այս ծնունդին:

Լոռեցի էր Թադէոս Թումանեանի որդի Յովհաննէսը: Ծնած էր 19 փետրուար 1869-ին, Դսեղ գիւղը, հոգեւորական ընտանիքի յարկին տակ: Նախնական կրթութիւնը գիւղի դպրոցին մէջ ստանալէ ետք, յաճախած էր Ջալալօղլուի (այժմու Ստեփանաւան) դպրոցը, որմէ շրջանաւարտ` 1883-ին անցած էր Թիֆլիս, «Ներսիսեան» Ճեմարանի մէջ ուսումը շարունակելու համար: Սակայն նիւթական ծանր պայմաններու ճնշումին տակ, 1887-ին ակամայ լքած էր դպրոցը եւ նետուած կեանքի ասպարէզ` աշխատանք գտնելով նախ Թիֆլիսի հայոց Դատաստանական խորհուրդի, ապա` Հայ հրատարակչական միութեան գրասենեակներուն մէջ:

Ամենայն Հայոց բանաստեղծին կազմաւորման շրջանը յատկորոշող կենսագրական այս ուրուագծային տեղեկանքի պաստառին վրայ, իրենց տեղն ու նշանակութիւնը կը գտնեն Յովհաննէս Թումանեան մարդուն, հայուն, գրողին եւ ազգային-հասարակական գործիչին տիրական յատկանիշները.

– Անսահման բարութեամբ եւ միշտ լաւատեսութեամբ` անհուն ժպիտով կեանքին նայող մարդը եղաւ Թումանեան:

– Սեփական ազգի բազմաչարչար պատմութեամբ տառապող, հայու սեփական սխալները սրտցաւօրէն քննադատող, ինքնաքննադատութեան եւ ինքնամաքրման յառաջապահ դիրքերուն վրայ կանգնող եւ, մանաւա՛նդ, հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի վաղուան պայծառ օրուան հաւատացող եւ, մանաւանդ, անոր իրագործման համար պայքարող հաստատակամ հայը եղաւ Թումանեան:

– Հայոց աշխարհի բնական գեղեցկութիւններով ու հայ ժողովուրդի տոհմիկ բարքերով գինովցած գրողը եղաւ Թումանեան, որ հայրենականին եւ ազգայինին հանճարեղ երգիչը դառնալով` անմահացաւ ու իրեն հետ անմահացուց Հայաստանն ու հայութիւնը:

– Հայ ժողովուրդի ազգային զարթօնքին եւ ազատագրական պայքարին անձնուէր դրօշակիրը եղաւ Թումանեան` ազգային-հասարակական իր գործունէութեամբ ու մտածողութեամբ: Ան ոչ միայն լուսաւորեց մեր ուղին` հայոց պատմութեան անկորնչելի արժէքներուն ճառագայթումով, այլ նաեւ պատգամախօսը դարձաւ մեր ազգային-քաղաքական պարզամտութեան` հաւատքով ջատագովելով ինչպէս հայ ժողովուրդին անբուժելի ռուսասիրութիւնը, նոյնպէս եւ վրացի ու թուրք-թաթար հարեւաններուն հետ բարի դրացիութեամբ ապրելու ցնորքը:

Այս բոլորին ինքնատիպ եւ հանճարեղ համադրումը մարմնաւորեց Յովհաննէս Թումանեան:

Բազմազաւակ իր ընտանիքով եւ նահապետական նիստուկացով` արժանացաւ հայոց նոր դարաշրջանի ժողովրդային բանաստեղծի արդար փառքին:

Պատահական չէ, որ միտք, սիրտ ու հոգի հարստացնող իր խոհուն քերթուածներով, դիւցազներգութիւններով, վիպերգներով, հեքիաթներով եւ առակներով Թումանեան դարձաւ ամէնէն շատ սիրուած ու կարդացուած գրողներէն մէկը հայ իրականութեան:

Հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան հանճարեղ վերանորոգողի եւ ջերմեռանդ պահապանի իր գրական ստեղծագործութեամբ, նաեւ ու մանաւա՛նդ իր վերնայարկ բնակարանին մէջ հիւրընկալած ատենի հայ լաւագոյն մտաւորականութեան «Վերնատան հանդիպումներով»` Թումանեան 1900-ականներուն իրագործեց հոգեկան-գաղափարական միասնութեան ոգեշնչող մթնոլորտ մը, որ մինչեւ մեր ժամանակները կը պահպանէ օրինակելի աւանդի եւ ներշնչման աղբիւրի իր այժմէականութիւնն ու թելադրականութիւնը:

Երբ մեծապետական սադրանքներու եւ ծաւալապաշտական նենգ հաշիւներու պատճառով Անդրկովկասի գլխաւոր երեք ազգութեանց` հայերուն, վրացիներուն եւ թաթար-թուրքերուն միջեւ արիւնալի ընդհարումներ հրահրուեցան 1905-ին, յատկապէս Թումանեան բարձրահասակ կանգնեցաւ հաշտարար խառն յանձնախումբերու առաջին դիրքերուն վրայ, ազգամիջեան ներքին համերաշխութեան ի սպաս հաւատաւոր աշխատանք ծաւալելով:

Կուսակցականի խառնուածք չունէր Թումանեան եւ միայն կարճատեւ անդամակցութիւն ունեցաւ Դաշնակցութեան, որուն ազգային-գաղափարական ուղիին հաւատացող համակիրը մնաց մինչեւ վերջ: Այդ պատճառով ալ, մտքի եւ գրչի իր ընկերներուն հետ, իբրեւ դաշնակցականի, Թումանեան ինք եւս 1909-ին բանտ նետուեցաւ ցարիզմին կողմէ, որ ձեռնամուխ եղած էր Դաշնակցութեան «կազմալուծումին», համառուսական առաջին յեղափոխութեան շրջանին Դաշնակցութեան ծաւալած հակացարական գործունէութեան առ ի պատասխան:

Թումանեան ազգային գործիչին կերպարը իր առաւելագոյն հնչեղութիւնը ստացաւ Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն, երբ հայ կամաւորական շարժման կազմակերպման իր աշխուժ մասնակցութիւնը բերաւ: Յատկապէս մեծ եղաւ Թումանեանին ներդրումը թրքական պետութեան գործադրած Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հարիւր-հազարաւոր հայ գաղթականներու պատսպարման, բուժման եւ սննդաւորման դժուարին գործին մէջ: Այդ ժամանակ էր, որ Ս. Էջմիածնի վերանորոգուած վեհարանը գաղթականներուն առջեւ իբրեւ պատսպարան բանալու Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի դժկամութեան առ ի պատասխան` Թումանեան յայտարարեց, թէ ինքն ալ «Ամենայն Հայոց բանաստեղծ»-ն է եւ, այդ իրաւունքով բանալ տուաւ վեհարանը:

Յուշատետրի սիւնակը նեղ է` սպառիչ արժեւորումը կատարելու համար Յովհաննէս Թումանեան ԵՐԵՒՈՅԹ-ին: Բայց անպայման պէտք է շեշտել, ուրուագծային այս նշումներու շարքին, որ ռուսասիրութիւնը ազգային խոր արմատներ ունեցող արեւելում էր Թումանեանի համար: Ոչ միայն գրական-մշակութային կապերով, այլեւ` «Հիւսիսի աստղ»-ին մեծ յոյսերով սպասող հայ ժողովուրդին հոգեխառնութեամբ Թումանեան միշտ քարոզեց եւ գործեց ռուս ժողովուրդին հետ բարեկամութեան եւ զինակցութեան օգտին: Այդ ճամբով ալ, Հայաստանի անկախութեան նուաճումէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, Թիֆլիս մնալով եւ Ազգային Խորհուրդի ճամբով իր գործունէութիւնը շարունակելով, Թումանեան ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի հայեւռուս բարեկամութիւնը հեռու պահէ հակադրութեան եւ թշնամանքի որոգայթներէն:

Այս առումով Թումանեանի վերջին առաքելութիւնը եղաւ Հայաստան ժամանումը 1921-ի մարտին, պոլշեւիկներու խժդժութեանց դէմ փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութենէն անմիջապէս ետք, որպէսզի Սիմոն Վրացեանի «Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ»-ին եւ խորհրդայիններուն միջեւ հաշտեցման եզրեր գտնէ:

Այդ առաքելութիւնը սպասուած արդիւնքը չտուաւ, իսկ Թումանեան բռնուեցաւ դեղնախտէ: Անմիջապէս վիրահատման պէտք էր ենթարկուէր եւ ան ճամբայ ելաւ դէպի Մոսկուա` Պերլին անցնելու եւ հոն մասնագիտական գործողութեամբ բուժուելու համար: Բայց խլիրդը խոր բոյն դրած էր մէջը եւ հայ գրականութեան փառքը կազմող «Հանճարեղ Լոռեցին» վախճանեցաւ Մոսկուայի մէջ, 1923-ի մարտ 23-ին:

Մարտ 23-ի այս օրը, 92 տարի առաջ, Ամենայն Հայոց բանաստեղծը իր վերջին հրաժեշտը տուաւ անցաւոր այս կեանքին, բայց երբեք չհեռացաւ հայ ժողովուրդի մտքէն ու սրտէն` ամէն քայլափոխի բան մը յուշելով եւ շունչ մը ոգեւորելով հայոց հարուստ աշխարհէն.-

 

ՀԱՅՈՑ ԼԵՌՆԵՐՈՒՄ

Յ. Թումանեան

Մեր ճամբէն խաւար, մեր ճամբէն գիշեր,
Ու մենք անհատնում
էն անլոյս մըթնում
Երկա՜ր դարերով գընում ենք դէպ վեր
Հայոց լեռներում,
Դըժար լեռներում:
Տանում ենք հընուց մեր գանձերն անգին,
Մեր գանձերը ծով,
Ինչ որ դարերով
Երկնել է, ծընել մեր խորունկ հոգին
Հայոց լեռներում,
Բարձըր լեռներում:
Բայց քանի անգամ շէկ անապատի
Օրդուները սեւ
Իրարու ետեւ
Եկա՜ն զարկեցին մեր քարվանն ազնիւ
Հայոց լեռներում,
Արնոտ լեռներում:
Ու մեր քարվանը շըփոթ, սոսկահար,
Թալանուած, ջարդուած
Ու հատուած-հատուած
Տանում է իրեն վէրքերն անհամար
Հայոց լեռներում,
Սուգի լեռներում:
Ու մեր աչքերը նայում են կարօտ`
Հեռու աստղերին,
Երկընքի ծէրին,
Թէ ե՞րբ կը բացուի պայծառ առաւօտ`
Հայոց լեռներում,
Կանաչ լեռներում:

1902

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պահանջատիրական Պատասխանատուութիւն

Յաջորդը

Հայեր Ու Քիւրտեր Ապրիլ 24-ին Պոլիս Գտնուելու Կոչ Կ՛ընեն

RelatedPosts

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)
Անդրադարձ

Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակի Առիթով) Բ. Մաս

Մարտ 24, 2023
Թուրք Ժխտողականները Չեն Կրնար Պարտութեան Մատնել Հայերը Քալիֆորնիոյ Մէջ
Անդրադարձ

Իրաւական Փորձագէտները Միջազգային Դատարանէն Կը Պահանջեն Քննութեան Ենթարկել Թուրքիոյ` Մարդկութեան Դէմ Գործած Յանցանքները

Մարտ 24, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Արմէն Պուճիքանեան
Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Արմէն Պուճիքանեան

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In