Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնթապի Մէջ Ոգեկոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը

Մարտ 27, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-27-15_Khatchig3-27-15_AyntabՄարտ 22-ին Այնթապի մէջ կայացաւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման հաւաք մը, որուն Ամերիկայէն կը մասնակցէր Պոսթընի Armenian Weekly թերթի նախկին խմբագիր եւ այժմ Ռաթկըրզ համալսարանի Հայոց ցեղասպանութեան ծրագրի վարիչ Խաչիկ Մուրատեան: Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Թուրքիոյ Կանաչներու ձախակողմեան կուսակցութեան կողմէ: Կը մասնակցէին կուսակցութեան բանբեր Սեւիլ Թուրան, գրող Աթթիլա Թույկան եւ թարգմանիչ Մուրատ Ուչաներ:

Խաչիկ Մուրատեան իր ելոյթի ընթացքին խօսած է հետեւեալը.

«Ձեզի պատմութիւն մը կ՛ուզեմ պատմել: Սիֆորա հայ կին մըն էր, որ Այնթապի մէջ մինչեւ 1922 թուական աշխատեցաւ որպէս մանկաբարձ: Ան յուշատետր մը կը պահէր ու հոն կ՛արձանագրէր բոլոր այն ծննդաբերութիւնները, զորս իրագործած էր 1890-էն ի վեր: Այս երկար ժամանակամիջոցի ընթացքին ան օգնեց 4274 նորածիններու ծնունդին: Ասիկա շատ մեծ թիւ մըն է: Սիֆորա ունէր Նուրիձա անունով քոյր մը, որ նմանապէս մանկաբարձ էր, եւ որ նմանապէս յուշատետր մը կը բռնէր:

Երկու քոյրերուն յուշատետրերը ցոյց կու տային, որ անոնց աշխարհ բերած նորածինները մեծ մասամբ հայ էին: Բայց 1915-էն վերջ յուշատետրերուն մէջ այլեւս հայերու անուն չկայ: Պատճառը դուք ալ գիտէք: 1915-էն ետք անոնք մահմետական ընտանիքներու ծննդաբերութիւններուն օգնեցին: 1922 թուականին Սիֆորա վերջ տուաւ իր ասպարէզին, նաեւ` յուշատետրին: Յուշատետրին մէջ գրեց հետաքրքրական վերջին նախադասութիւն մը: «Անթէպտէ իշիմիզ պիթթի»: (Այնթապի մէջ մեր գործը վերջացաւ): Նուրիձան ալ իր յուշատետրին մէջ գրեց, որ 29 նոյեմբերին խումբ մը որբերը միասին առնելով` շոգեկառք մը նստան ու Հալէպ անցան: Երկու քոյրերը Հալէպի մէջ ալ շարունակեցին իրենց գործունէութիւնը: Անոնց թոռները, որոնք այսօր ողջ են, երկու յուշատետրերը յանձնեցին ինծի:

Այս երկու յուշատետրերը մէկ-մէկ խորհրդանշաններ են, որոնք պէտք է ճանչցուին Հալէպի այժմու ժողովուրդին կողմէ: Հիմա երբ ձեզի կը նայիմ, անկարելի է, որ չմտածեմ, թէ ձեր մէջ կան Սիֆորայի ու Նուրիձայի կողմէ հարիւր տարի առաջ աշխարհ բերուածներու թոռները: Չմոռնանք այս թիւը: Միայն Սիֆորա 4274 երեխայ աշխարհ բերած էր: Անոնք գացին, բայց իրենց յուշատետրերը հոս թողուցին: Սիֆորայի եւ Նուրիձայի նման հազարաւորներ Այնթապը թողուցին անգամ մըն ալ վերադառնալ չկարենալու համար: Անոնք ապրեցան իրենց ծննդավայրին կարօտով: Անոնցմէ քիչեր միայն դարձեալ Այնթապ այցելելու կարելիութիւնը ունեցան: Այցելողներէն մէկն էր Ամերիկեան բանակի մէջ սպայ դարձած Ճորճ Հայկը, որ Այնթապի մէջ երբ իրենց նախկին տան դուռը զարկաւ, կարծեց, որ ան պիտի բացուի իր եղբայրներէն կամ քոյրերուն մէկուն կողմէ, մինչդեռ բացուեցաւ 12 տարեկան թուրք մանուկի մը կողմէ: Այն ատեն հասկցաւ, որ ինք այլեւս օտարական մըն էր:

Հազարաւորներ այսպէս մահացան կամ մեկնեցան Այնթապէն, անոնք գացին, բայց իրենց յիշատակները հոս թողուցին: Հիմա, հարիւր տարի վերջ, ժամանակն է, որ ոգեկոչուին անոնց յիշատակները: Հիմա ժամանակը եկած է, որ այլեւս փոխենք Սիֆորայի կողմէ իր տետրակին մէջ գրուած վերջին նախադասութեան երեք բառերը ու ըսենք. «Այնթապի մէջ մեր գործը հիմա կը սկսի»:

 

Նախորդը

Սի. Էն. Էն. Թիւրքը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Վաւերագրական Շարժանկար Կը Ցուցադրէ

Յաջորդը

Հալէպահայ Կեանք

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?