Յօդուածներ

Առաջարկ.  Որպէսզի Չմոռցուի Մեր Պատմութիւնը

Առաջարկ. Որպէսզի Չմոռցուի Մեր Պատմութիւնը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Մեծ եղեռնի հարիւրամեակին առթիւ` սակայն ո՛չ միայն անոր կ՛առնչուի այս առաջարկս: Ինչի՞ մասին է խօսքը: Հայերէն ունինք բառ մը, որ շատ լաւ կ՛արտայայտէ վաւերաթուղթեր, այլազան նիւթեր պահելու տեղը` պահոց, որ յաճախ մոռացութեան կը մատնուի ու կը փոխարինուի օտարամուտ արխիւ բառով: Այո՛, պահոց, ու այս պարագային յատկապէս` յիշողութեան պահոց: Նախորդ յօդուածով կ՛առաջարկէի ստեղծել այդ պահոցը հարիւրամեակի առթիւ կատարուող նախաձեռնութիւններուն կապակցաբար:...

Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակ. Այս Երգը Իմս Է

Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակ. Այս Երգը Իմս Է

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ Ան նոր գացած էր Միացեալ Նահանգներ, Ուայթինսվիլ գիւղաքաղաքը. անգլերէն չէր գիտեր, բայց հոն օտար տեղէ եկածներուն համար անգլերէն լեզուի ուսուցման դպրոց  չկար: Իր լաւ բարեկամ Սեպուհը զինք գրադարանի տնօրէնին ներկայացուց, որովհետեւ ան իր ազատ ժամերուն փափաքողներու ֆրանսերէնի անձնական դասեր կու տար. ուրեմն իր ալ անգլերէնի ուսուցիչը կրնար ըլլալ, բայց գրադարանապետը ըսաւ, որ դժբախտաբար մէկ ամիսէն հանգստեան...

Անմեկնելի Հայկեան Ոգի

ՅՈՎՍԷՓ Յ. ԷՍԿԻՃԵԱՆ Հրաշածին խորհուրդ Նայիրեան, Անթափանց շղա՞րշ ես դուն թէ` Աստուածադիր լեռնաշխարհ` Անսկիզբ ու անվախճան: Դրախտավայր բո՛ւռ մը հող, Իմ քարաշատ Հայաստան, Գանձ անկողոպտելի թորգոմեան տոհմի. Դէպի երկինք նիզակուած, Ժայռերուդ մե՛ն մի խուրձ` Ձերդ քարացած սահմանապահ զինուոր, Պողպատեայ վահանով զրահեալ: Հայրենի ոգի, Աղբիւր կենդանարար, Նոյնի՛սկ աւերակուած Անիիդ մէջ` Քաղաքակրթական աւելի ներուժ է խտացուած, Քան` արիւնարբու սելճուք բարբարոսի քանդող հզօրութեան...

Նիկոլ Աղբալեան (1873-1947) Հայ Ժողովուրդի Ազգային Որակի Բարձրացման Եւ Հայաստան Աշխարհի Հայացման Առաքեալը

Նիկոլ Աղբալեան (1873-1947) Հայ Ժողովուրդի Ազգային Որակի Բարձրացման Եւ Հայաստան Աշխարհի Հայացման Առաքեալը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Մարտ 24-ին կը տօնենք ծննդեան տարեդարձը առաքելատիպ մեծ Հայուն` Նիկոլ Աղբալեանի: Բազմաշնորհ ու տաղանդաշատ մտքի մշակ, ազգային-պետական ղեկավար գործիչ եւ քաղաքական-հասարակական անձնուէր առաջնորդն է Նիկոլ Աղբալեան, որ ընդ հուր եւ ընդ սուր անցնելէ, միշտ պատնէշի վրայ աներեր պայքարելէ ետք` իր կեանքը աւարտեց տարագրութեան մէջ, իբրեւ մեծ մանկավարժ եւ հանրային դաստիարակ, իր անունը անջնջելիօրէն կապելով Պէյրութի մէջ Լեւոն Շանթի...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Տարի Մը Առաջ Էր… Քեսապի Վրայ Կատարուած Ներխուժումը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Տարի Մը Առաջ Էր… Քեսապի Վրայ Կատարուած Ներխուժումը

Ողբերգական դրուագէն ասդին թաւալած է տարի մը... Մարտ 21, 2014-ին, օգտուելով քանի մը տարիէ ի վեր Սուրիոյ մէջ խախտուած անդորրութենէն եւ տիրող անիշխանական կացութէնէն, Թուրքիոյ եւ ... բնականաբար թրքական դրդումներով, մատակարարումով եւ հովանաւորութեամբ կատարուեցան ներթափանցումներ, որոնց ծաւալն ու գործած աւերը եղան սպասուածէն շատ աւելի քանդիչ եւ ահաւոր: Անգամ մը եւս հայորդին, այս պարագային` քեսապահայը, ստիպուած էր... գէթ անորոշ ժամանակաշրջանի մը...

3300 Տարուան Սրբավայրեր Յայտնաբերուած Են

3300 Տարուան Սրբավայրեր Յայտնաբերուած Են

Հնագէտները Հայաստանի մէջ շուրջ 3300 տարուան անցեալ ունեցող  երեք սրբավայր յայտնաբերած են: Ըստ «International Business Times»-ի,  փորձագէտներուն կարծիքով Գեղարօտի բլուրին գագաթը գտնուող ամրոցին մէջ յայտնաբերուած սրբավայրերը ժամանակուան իշխողներուն կողմէ կը գործածուէին` ապագան կանխատեսելու համար: Իւրաքանչիւր սրբավայրին մէջ առանձին սենեակ կայ, ուր կաւէ աւազան մը կառուցուած է` մոխիրէ եւ խեցէ անօթներով լեցուն: Քոռնելի համալսարանի փրոֆ. Էտըմ Սմիթ եւ նոյն համալսարանի շրջանաւարտ Ճեֆրի...

Բարի Լոյս 4.  Երախտապարտ  Ենք…

Բարի Լոյս 4. Երախտապարտ Ենք…

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Շաբաթ երեկոյեան, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ» սրահին մէջ, մշակութասէր հոծ բազմութիւն մը ապրեցաւ մշակութային վայելքի  եւ հպարտանքի եզակի պահ մը: Արդարեւ,  կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` ընկերակցութեամբ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի սենեկային նուագախումբին, Կոմիտասի եւ միջազգային երաժիշտներու ստեղծագործութիւններու բարձրորակ կատարումներով արժանացաւ ներկաներու որոտընդոստ ծափահարութիւններուն եւ բարձր գնահատանքին: Երաժշտական մեծ բարձունքներ նուաճելու կարողականութեամբ եւ տաղանդով...

Նշմար.  Էրտողանի Դժգոհութիւնները

Նշմար. Էրտողանի Դժգոհութիւնները

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Իրանը ամբաստանեց Միջին Արեւելքին տիրել փորձելու յանցանքով` ատիկա նկատելով անհանդուրժելի եւ ոչ արտօնելի: Ան զօրակցութիւն յայտնեց Եմէնի մէջ արաբական երկիրներուն շղթայազերծած զինուորական գործողութեան` աւելցնելով, որ Անգարա կրնայ այդ գործողութեան «գումակային աջակցութիւն» ցուցաբերելու հարցը քննարկել: Էրտողանի արտայայտած վերոնշեալ կեցուածքները կը բխին երկու դժգոհութիւններէ: Միջին Արեւելքի մէջ, մասնաւորաբար վերջերս Իրաքի եւ Եմէնի մէջ Իրանի արձանագրած...

Տասը Պատճառ, Թէ Ինչո՛ւ Նախագահ Օպաման Պէտք Է Ապրիլ 24-ին Հայաստան Այցելէ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ապրիլ 24-ին Երեւան հրաւիրած է շարք մը երկիրներու ղեկավարներ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը ոգեկոչելու համար: Ֆրանսայի, Ռուսիոյ, Լեհաստանի եւ Պիելոռուսիոյ  նախագահները արդէն ընդունած են նախագահ Սարգսեանի հրաւէրը: Սպիտակ տունը դեռ հանդէս չէ եկած յայտարարութեամբ, թէ արդեօք նախագահ Օպաման պիտի այցելէ՞ Հայաստան այս մեծաշուք առիթով: Հարիւր տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկենթաու...

Հայկական Նեմեսիս.  Թեհլիրեան` «Մարդ Եմ Սպաննել, Բայց Մարդասպան Չեմ»

Ապրիլ 24. Ինչպէ՞ս Է Այս Օրը Մտել Հայոց Մէջ

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակի օրը ապրիլ 24-ին է նշւում, քանի որ 1915-ի այդ օրը Պոլսի հայ մտաւորականութեանը Հայտարփաշա երկաթուղային կայարանից ուղարկեցին մահուան ճամբորդութեան: Հէնց այդպէս սկսուեց Արեւմտեան Հայաստանում հայ ժողովրդի տեղահանման եւ բնաջնջման ծրագիրը, որը շարունակուեց մի քանի տարի: Հայաստանի խորհրդայնացման առաջին տարիներին եկեղեցիներում յիշատակւում էր ապրիլ 24-ը, իսկ հետագայում` մինչեւ 1965թ. զարթօնքը, 1915 թուականը պաշտօնապէս կամ հասարակական...

Սարգիս Զէյթլեանի Առեւանգման 30-Ամեակ

Սարգիս Զէյթլեանի Առեւանգման 30-Ամեակ

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ Ժողովուրդներու եւ ազգերու պատմութեան մէջ թագաւորներ, իշխաններ, հոգեւորականներ, մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ եւ անհատներ իրենց կատարած դրական կամ բացասական գործերով իրենց դրոշմը ձգած են յաջորդ սերունդներուն վրայ: Նոյնպէս նաեւ մեր ազգային երեք հազար տարուան պատմութեան ընթացքին ունեցած ենք թագաւորներ, իշխաններ, հոգեւորականներ, մտաւորականներ, քաղաքական եւ ազգային գործիչներ, որոնք իրենց կատարած գործերով իրենց ուրոյն տեղն ու արժէքը ունեցած են: ՀՅ Դաշնակցութեան...

Հայ Ժողովուրդի Հզօր Կամքով Եւ Միասնականութեամբ Պիտի Յաղթանակէ

ԶԱՐՄԻՆԷ ԿԱՆԱՉԵԱՆ-ԱՍՄԻՆԵԱՆ Ուսուցիչ-ուսուցչուհիները շաբաթ օրերը ազատ կ՛ըլլան եւ առիթ կ՛ունենան իրենց կարեւոր գործերը ընելու եւ այցելութիւններ կատարելու: Իմ ալ հանգիստի օրս էր եւ բարեկամի մը պէտք էր հանդիպէի: Ուղղուած վայրս մօտ էր եւ շտապելու պատճառ ալ չկար. նախընտրեցի քալել զով օդին: Ճանապարհին դիմացէն բարեկամի մը մօտենալը նկատեցի, բարեւելէ եւ քանի մը վայրկեան զրուցելէ ետք տիրող կացութեան շուրջ` բաժնուեցանք: Շարունակեցի ճամբաս....

Հայ Յեղափոխութեան Գաղափարի Սերմնացանները

Հայ Յեղափոխութեան Գաղափարի Սերմնացանները

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ յեղափոխութիւնը յանկարծակի ու անսպասելի կերպով չպայթեցաւ: Անիկա արդիւնքն էր շուրջ կէս դարու գաղափարական խմորումի, հայու միտքի ու հոգիի հերկերուն մէջ ցանուած ազգային ազնիւ սերմերու պոռթկումին: Անիկա սկսաւ նախ անջատ-անջատ խմբակներով, ապա վերածուեցաւ համաժողովրդական շարժումի: Պատմութիւնը նոյնքան երախտագիտութեամբ կը գնահատէ հայուն իրաւունքը, պատիւը իրենց արեան գնով պաշտպանող հայ ֆետայիներու գործը, որքան` հայ մարտիկին մղում եւ թռիչք տուող գաղափարի...

Արմենակ Եւ «Ճիճիշ»

ՄԱԿԱՐ, ի Գաղիա Գարուն է: Օրացոյցի պարզ գրուած օրերուն մէջ կան նաեւ կարմիրներ: Կարմիր նշուած կիրակի մը Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը կը տօնենք` բարեկամներով, շարայական կերուխումով, փաստելու համար, որ մարդ ոչ միայն բանիւ Տեառն կ՛ապրի, այլ նաեւ` հացիւ, խորովածով, օղիով, անուշապուրով: Միութիւններ ճաշկերոյթ կը կազմակերպեն... հասոյթի համար: Վարժուած ենք: Զատիկէն ետք կարմիրով գրուած թուականը ապրիլ 24-ն է: Ամէն հայ այդ մասին...

Բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանին Ծննդավայրը…

Եոզկատցի՞ Էք…

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Այսպիսի հարցումի մը դիմաց սփիւռքահայ մարդիկ թերեւս պիշ-պիշ ձեզի նային` առանց հասկնալու, թէ ի՛նչ բանի կ՛ակնարկէք... Եոզկա՜տ... Քանի՞ հոգի լսած է Անատոլուի այս քաղաքին անունը: Քաղաք մը, ուր դար մը առաջ մեծաթիւ հայեր կ՛ապրէին` իրենց եկեղեցիներով ու դպրոցներով... Եթէ բանաք Թուրքիոյ արդի մէկ քարտէսը, ապա Եոզկատը պիտի գտնէք քարտէսին ճի՛շդ մէջտեղը, Սվազէն դէպի Անգարա ճամբուն վրայ: Եոզկատ ունեցած...

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի Աշխատանքներէն

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի Աշխատանքներէն

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի սկաուտական շարքերը 2014  դեկտեմբեր եւ 2015 յունուար ու փետրուար ամիսներուն, հերթական սկաուտական գործունէութիւններուն եւ ժողովներուն, ինչպէս նաեւ շրջանային աշխատանքներուն կողքին կատարեցին հետեւեալ աշխատանքները: - 7 դեկտեմբեր 2014-ին Լիբանանի Շրջանային խմբապետութեան կազմակերպած «Խմբապետական Բ. զարգացման մրցում»-ին մասնաճիւղի խմբապետական կազմը գրաւեց առաջին դիրքը: - 13-14 դեկտեմբեր 2014. արի եւ արենուշ խումբերու աստիճանաւորական կազմերու դաստիարակչական սեմինար, Ժունիէի ակումբին մէջ: -...

Ձիւնագնացութիւն Եւ Զմմառու Վանքի Այցելութիւն

Աւելի քան 225 անդամներու եւ ծնողներու մասնակցութեամբ, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի սկաուտական բոլոր խմբաւորումները ձիւնագնացութիւն մը կատարեցին դէպի Ֆաքրա շրջան, կիրակի, 8 մարտ 2015-ին:  Ներկաները ձիւնածածկ Լեռնալիբանանի լանջերուն «ձիւնով խաղալու» հաճոյքը ապրեցան: Խաղերու կողքին, այդտեղ այցելող հանրութեան քարոզչութիւն կատարելու համար, խումբերուն միջեւ ձիւնէ ձեռային աշխատանքի մրցում կազմակերպուեցաւ: Մրցումի թեման նուիրուած էր ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 80-ամեակին: Մրցումին առաջին հանդիսացան...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ոսկրափտութիւնը Եւ «Տի» Կենսանիւթը Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 25 մարտ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` նիւթ ունենալով «Ոսկրափտութիւնը եւ «Տի» կենսանիւթը», զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի բժիշկ տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան: Առողջապահական յանձնախումբին կողմէ բացման խօսքը ներկայացուց Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը նշեց, որ ոսկրափտութիւնը լուրջ...

Ակնարկ.  Քաղաքական Զգացողութեան  Հաղորդիչները

Ակնարկ. Քաղաքական Զգացողութեան Հաղորդիչները

Թուրքիոյ վարչապետին գլխաւոր խորհրդականին Պելճիքայի մէջ կատարած յայտարարութիւնը երեք կարեւոր բաղադրատարր ունի: Ա.- Հայ եմ, սակայն աւելի ինքզինքս օսմանցի կը զգամ: Բ.- Հայկական հարցը Թուրքիոյ վարչապետին գլխաւոր խորհրդականի շրջանակներէն դուրս է: Գ.- Օսմանեան եւ աւելի առաջ բիւզանդական շրջաններէն մենք այս հողերուն վրայ ապրած ենք եւ ձեւաւորած ենք մեր մշակոյթը: Ա՛յս է կարեւորը: Յայտարարութեան երեք կէտերը փոխագուցուած են եւ կ՛ամփոփեն պաշտօնական...

Օրը Օրին.  Կ՛աշխատինք Աշակերտել

Օրը Օրին. Կ՛աշխատինք Աշակերտել

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Սարգիս Զէյթլեան Սարգիս Զէյթլեանին, որուն գրիչէն բխած իւրաքանչիւր բառ, որուն շուրթներէն հնչած իւրաքանչիւր խօսք երիտասարդ մեր հոգիները կը լեցնէին «Հայկական այրուձի»-ի հեծեալներու փաղանգին միանալու տենդով, ազգն ու հայրենիքը ամէն բանէ վեր դասելու պատրաստակամութեամբ, սեփական ուժին վստահելու ամուր զգացողութեամբ: Անգնահատելի է Մուսա լերան զաւակ այս դաշնակցական ղեկավար գործիչին դերն ու ներդրումը` 1960-ական եւ 70-ական թուականներուն հասակ նետած սփիւռքահայ երիտասարդութեան...

Page 1076 of 1110 1 … 1,075 1,076 1,077 … 1,110

Արխիւներ