Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Լոյս 3. Պրաւօօօօ….

March 27, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Սիրելի՛ տղաք եւ աղջիկներ,

Երէկ երեկոյեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի աւանդներու ակումբին կազմակերպած Ռոպըրթ Ֆիսքի դասախօսական երեկոյին ներկայ գտնուող իւրաքանչիւր հայորդի, անպայման որ հայատրոփ հպարտութեամբ ականատեսը եւ վկան դարձաւ լիբանանահայութեան ժամանակակից պատմութեան մէջ արձանագրուած ուսանողական աննախընթաց հաւաքի մը: Այո՛, սրահը յորդեցաւ հայ եւ տեղացի ուսանողներով, ակադեմական ու քաղաքական անձնաւորութիւններով եւ հոծ բազմութեամբ մը: Լիբանանահայ գաղութի երբեմնի փառքի օրերը թարմացնող եւ նոր խոստմնալից հանգրուանի մը կերտման յոյսը աւետող  իրականութեան մը դիմաց գտնուեցանք բոլորս:

Պէտք է արձանագրել նաեւ, որ հաւաքին վայրը հասնելու համար փոխադրակառքեր չէին ապահովուած, բազմահազար կոչեր չէին բաժնուած, հեռաձայններով մարդիկ ձեռնարկի չէին հրաւիրուած, այլ աւանդներու ակումբը ընկերային ցանցերու վրայ ձեռնարկին յայտարարութիւնը տեղադրելով եւ կարգ մը  հրաւիրատոմսերու առաքումով կազմակերպած էր երեկոն: Արժէ ստուգել համալսարանի տոմարներուն մէջ, որ «Իսամ Ֆարես» սրահը, իր պատմութեան ընթացքին, այդքան բազմամարդ դասախօսական հաւաք մը ունեցա՞ծ էր: Կը կասկածիմ… Գօտեպնդող եւ հայկականութեամբ ու ազգային պահանջատիրութեան գիտակցութեամբ յորդուն պատկեր մը արձանագրուեցաւ երէկ: Բառին ամբողջական իմաստով սրահին մէջ թէ սրահի մուտքերուն «ասեղ նետելու տեղ չմնաց»:

Արժէ անվարան եւ առանց աւելորդ զեղումնային արժեւորումի հաստատել, որ երէկ երեկոյեան արձանագրուած իրագործումը գաղութի 100-ամեակի ձեռնարկներուն ցարդ լաւագոյնն էր: Մեծ թիւով տեղացի ուսանողներու ներկայութիւնը նաեւ  ձեռնարկի առաքելութեան յաջողութեան մէջ իր վճռորոշ դերակատարութիւնը ունեցաւ: Երէկ լիբանանահայութիւնը դիմաւորեց նոր բանակ մը հայ համալսարանական տղոց, որոնց մեծ մասը ընդհանրապէս բացակայ է մեր հաւաքական կեանքէն: Սակայն նիւթին այժմէականութիւնը եւ տուեալ նիւթը հասարակութեան ներկայացնելու ճիշդ անձի ընտրութիւնը, ժամանակակից մեթոտներու օգտագործումը, դարձան այդ բանակը հաւաքագրող եւ հայութեան ժամանակակից խնդիրներուն ու Հայ դատի պահանջատիրութեան երթին մէջ աւելի հաստատակամ իրենց ներկայութիւնը հաստատող եզակի առիթ մը:

Այո՛ այս երախտագիտական խօսքի սահմաններուն մէջ կարելի չէ այսօր վերլուծել որոշ նիւթեր. այդ բոլորը` յետոյ… բայց վստահ եմ, որ երէկուան պատահածէն մեծ դասեր ունինք քաղելիք բոլորս` ղեկավարութիւն, ժողովուրդ եւ նաեւ ուսանողութիւն ու երիտասարդութիւն: Երէկ աւելի հաստատակամօրէն ըսինք, որ նոր սերունդին հետ խօսելու ժամանակակից պայմաններու յարգումը եւ կարելիութիւններու օգտագործումը այլեւս հրամայական անհրաժեշտութիւններ են: Երէկ երիտասարդութիւնը ինք նաեւ քիչ մը աւելի ամրօրէն ըմբռնեց համախմբուելու, համահայկական կարեւոր ուժի եւ դրամագլուխի վերածուելու կենսական անհրաժեշտութիւնը: Երէկ խորապէս համոզուեցանք, որ կեդրոնական այս գաղութը, հակառակ իր դիմագրաւած բազմաթիւ դժուարութիւններուն, մեր ազգային պահանջատիրական երթին մէջ կը շարունակէ ունենալ իր վճռորոշ դերակատարութիւնը եւ իբրեւ այդպիսին ահաւասիկ ունի նոր սերուցք եւ տէրն է արդէն կայացած երիտասարդական-ուսանողական նոր դրամագլուխի:

Ռոպըրթ Ֆիսք խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան, մեր դատի անժամանցելիութեան, Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան եւ ամէնէն կարեւորը` 100-ամեակէն ետք մեր ընելիքը այժմէն որոշելու անհրաժեշտութեան եւ հայութեան նոր մարտահրաւէրներուն մասին: Եւ մեր աննման ուսանողները, համախմբուած ամերիկեան համալսարանի աւանդներու ակումբին շուրջ, եկան ըսելու բարեկամին եւ թշնամիին, որ պատրաստ են արժանավայել կերպով ստանձնելու նոր հանգրուանի մարտահրաւէրը եւ հայավայել կերպով արձագանգելու համահայկական նոր կանչին:

Ապրիլ 24-էն ճիշդ մէկ ամիս առաջ լիբանանահայ գաղութին մէջ արձանագրուած այս նուաճումը, անպայման որ յաջողութեան նոր ուղի մը պիտի բանայ յառաջիկայ բոլոր ձեռնարկներուն դիմաց:

Պահանջատէր երիտասարդութիւնը խաղաղ նստացոյցերու սկսած է արդէն. վաղը պիտի կազմակերպուին երթեր, հաստատուին խաղաղութեան անցարգելներ, սկսին նստացոյցեր եւ հացադուլներ, եւ անշուշտ այս բոլորին կողքին լիբանանահայութիւնը 24 ապրիլին մեծ պատգամ պիտի  փոխանցէ ամբողջ աշխարհին:

Ձեր վարձքը կատար, սիրելի՛ տղաք, որ երէկ մեզի եւ ձեզի շնորհեցիք 100-ամեակի ձեռնարկներու սկզբնաւորման պատուաբեր եւ խանդավառող առիթ մը:

 

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Նշում` «Էլ. Էյ. Եու.» Համալսարանին Մէջ . «Հայութիւնը Տակաւին Պահանջատէր Կը Մնայ» Կ՛ըսէ Քաթիա Փելթեքեան

Յաջորդը

ՀՅԴ Երիտասարդական-Ուսանողական Միութիւնները Ցոյցեր Կազմակերպեցին Եւրոպական Միութեան Գրասենեակներուն Դիմաց

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.