Հայկական Գաւառներու
Ասեղնագործութեան Ցուցահանդէս
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Հալէպի մէջ, հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Սուրիոյ Կեդրոնական մարմինին, կազմակերպութեամբ Սուրիահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին, երեքշաբթի, 17 մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս բացումը կատարուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայկական գաւառներու ասեղնագործութեան ցուցահանդէսին:
Ցուցահանդէսին բացման հանդիսութեան ներկայ էին սուրիահայ երեք համայնքապետները, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը, ՀՕՄ-ի Կ. վարչութեան ներկայացուցիչը, Օգնութեան խաչի անդամուհիներ եւ հրաւիրեալներ:
Ցուցահանդէսի ընթացքին ներկայացուեցան հայկական գաւառներու պատմութիւնը, աւանդութիւններն ու սովորութիւնները, ասեղնագործութիւնը, բարբառներն ու համադամ ճաշերը:
Ասեղնագործութեան կողքին, ՍՕԽ-ի յանձնախումբերը ցուցադրած էին ձեռարուեստի ընտիր կտորներ, աւանդական ճաշատեսակներ եւ զարդեղէններ:
Յատկանշական էր յայտագիրի մասնակից երիտասարդ խաչուհիներուն մեծ ներդրումը, ինչ որ կը վկայէր, թէ Սուրիահայ օգնութեան խաչը բծախնդրօրէն կը սատարէ հայկական մշակութային արժէքներու պահպանման եւ նորահաս սերունդներու փոխանցման, որպէսզի անոնք իրենց կարգին յիշեն, պահպանեն ու պահանջեն մեր ժողովուրդին իրաւունքները:
«Զուարթնոց» Երգչախումբի Զուարթ
Եւ Շէնշող Ելոյթը
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան «Զուարթնոց» երգչախումբը, ակամայ ընդմիջումէ մը ետք, կիրակի, 8 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ վերստին բեմ բարձրացաւ` խմբավարութեամբ Յարութիւն Ալապոզանեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:
Երգչախումբը հալէպահայ արուեստասէր հանրութեան ներկայացուց աշուղական, սիրային եւ հայրենասիրական ճոխ երգացանկ մը: Հետաքրքրական էին յայտագրին մէջ տեղ գտած մեներգները, զուգերգները, թատերական ու պարային հաճելի մէջբերումները, որոնք յաւելեալ փայլք տուին երգչախմբային երգեցողութեան:
Երեկոյին բացումը հայերէնով եւ արաբերէնով յաջորդաբար կատարեցին «Զուարթնոց» միաւորի վարչութեան անդամներէն Մարալ Տէրեան-Մանուէլեան եւ Յակոբ Շառոյեան, որոնք իրենց խօսքին մէջ անդրադարձան գաղութին տագնապալի իրավիճակին պատճառով հալէպահայ մշակութային կեանքի անքակտելի օղակը հանդիսացած «Զուարթնոց» երգչախումբին զանազան խոչընդոտներ յաղթահարելով դարձեալ բեմ բարձրանալուն, որ կը ներկայանայ Կոմիտասով սրբացած, Ցեղասպանութեան ոգիով տոգորուած, հայկական եւ ժողովրդական բազմաձայն մշակումներով ու բազմերանգ սխրագործութիւններով հարուստ յայտագիրով մը, որուն ընդմէջէն կը դրսեւորուի հայ ժողովուրդի աշխուժ եւ կենսունակ նկարագիրը: Ապա նշեցին, թէ երգչախումբը լաւատեսութեամբ զինուած եւ աննկուն կամքով կը շարունակէ վառ պահել հայ երաժշտութեան առկայծ ճրագը եւ որպէս աւանդ փոխանցել զայն սերունդէ սերունդ:
Ելոյթը ընթացաւ երկու մասերով: Հանդիսավարուհի Սիւզան Նաւրուզեան-Տատաղլեան իւրաքանչիւր բաժնի մէջ տեղ գտած երգերուն աղերսուած հաճելի մէջբերումներով առաւել պատկերազարդեց հանդիսատեսին հորիզոնը:
Համերգը սկսաւ Եղիշէ Չարենցի «Գովք Հայաստանի»-ով, որով մեր անկեղծ սէրը կը դրսեւորուէր մեր հայրենիքին նկատմամբ: Հայ պանդուխտին խորհրդանիշը դարձած «Կռունկ»-ը եւ «Բարի արագիլ»-ը որքա՜ն կը համընկնէին այսօրուան սփիւռքահայու իրավիճակին: Ապա յաջորդաբար հնչեցին հայ երգի Մեսրոպ Մաշտոցին` Կոմիտասին դրոշմով յագեցած սիրային երգերու փունջը` «Սոնա եար», «Առնեմ էրթամ իմ եարը», «Իմ չինար եարը», «Շողեր ջան», «Ալագեազ», «Խնկի ծառ»-ը: «Արաքսի արտասուք»-ով ներկաները յուզումնախառն զգացումներով ողողուեցան եւ ելոյթի Ա. բաժինը իր լրումին հասաւ Կոմիտաս վարդապետի «Տէ՛ր, ողորմեա» շարականով, որ դարեր շարունակ կ՛երգուի Հայ եկեղեցիէն ներս` Աստուծոյ ողորմութիւնը խնդրելով ընդդէմ ամէն տեսակ չարիքի եւ արհաւիրքի: Շարականի երգեցողութեան զուգընթաց Կոմիտասի պատկերով ներկայացաւ Գէորգ Արոյեան:
Հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան մէջ միշտ թշնամին փորձած է հայ ժողովուրդի կեանքը խլել, ուստի «Կենաց երգ»-ով բարօր օրեր ունենալու մաղթանքով յայտագիրին երկրորդ բաժինը շարունակուեցաւ: Ապա յաջորդաբար հանդիսատեսին հրամցուեցան «Յիս քու ղիմէթըն չիմ գիտի», գեղեցիկի իմաստը արտայայտող «Հոյ իմ նազան», «Որտեղ գտնեմ քեզ», «Ասում են թէ» երգերը:
Որպէս երախտագիտութիւն հայ ժողովուրդի նկատմամբ սուրիացի արաբ ժողովուրդին ազնիւ վերաբերմունքին` երգչախումբը արաբերէն «Սուրիա» եւ «Եա պիլատի» հայրենասիրական երգերը ներկայացուց:
Ելոյթը շէնշող եւ զուարճալի պահեր տրամադրեց ներկաներուն «Ով դու գեղեցիկ», «Այլ աչեր», «Մանուշակ էիր», «Շողոտ-շաղոտ», «Ամրան երգ», «Ծաղկիր ինձ համար» երգերով, որոնց ձայնային գործիքաւորումը կատարած էր տոքթ. Րաֆֆի Ապէճեանը, ինչպէս նաեւ «Սարդարապատ» պարախումբի վեթերան անդամուհիներէն Շաղիկ Գասապեան-Յարութիւնեան եւ Մարինա Սաֆար-Պօղոսեան իրենց պարային ներկայացումներով գունաւորեցին ձեռնարկը:
Օրուան եզրափակիչ երգն էր «Հաւատքի երգը», որ երաշխիքը պիտի ըլլար աւելի փայլուն եւ արգասաբեր օրեր դիմաւորելու: Սոյն երգը հնչեց բոլոր մենակատարներուն` Սօսի Թանաշեանի, Ռազմիկ Քելխաչերեանի, Եղիա Քիլեճեանի, Քարոլին Տատուրեանի, Գէորգ Քէօրիւքճեանի, Յակոբ Շառոյեանի, Յովհաննէս Պէազպեկեանի, Թալին Սիմոնեանի, Թալին Ժամկոչեանի, Լուսիա Պանտաքի եւ Ռոզալին Արամեանի միատեղ երգեցողութեամբ:
Աւարտին սրբազան հայրը իր սրտի խօսքին մէջ բարձրօրէն գնահատեց սոյն ձեռնարկը: Ապա ողջունեց վերստին յայտնութիւնը Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. վարչութեան, որ զանազան ձեռնարկներով իր ներդրումը ունեցաւ մշակոյթի պահպանման ի խնդիր: Ապա անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան արդար պահանջատիրութեան 100-ամեակին` ողջունեց Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը իր այս գեղեցիկ ելոյթին համար: Սրբազան հայրը շեշտեց կարեւորութիւնը երգի եւ երաժշտութեան դերին` մարդկային կեանքին մէջ, որ վստահութիւն կը ներշնչէ մեր հոգիներուն: Ան հաստատեց, որ 100 տարի ետք այս օրհնեալ հողերուն վրայ վերածաղկած ժողովուրդը կը մերժէ այս երկրի քանդումը: Այսօր նոյն թշնամին է, որ իր կեղտոտ ձեռքերը երկարելով` վտանգ կը սպառնայ արաբ ժողովուրդին, սակայն բոլորս մէկ էութեամբ եւ զօրութեամբ պիտի յաղթահարենք այս դժուարութիւնները:
Սրբազան հօր «Պահպանիչ»-ով ելոյթը իր լրումին հասաւ: