Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սի. Էն. Էն. Թիւրքը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Վաւերագրական Շարժանկար Կը Ցուցադրէ

March 27, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-27-15_CNN_TURKՄարտ 13-ին, Սի.Էն. Էն. Թիւրք պատկերասփիւռի կայանէն ցուցադրուած է «1914-1915»  9 մասէ բաղկացած փաստագրական շարժանկարի առաջին մասը: Այս մասին կը գրէ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը:

Շարժանկարը կը պատմէ Համաշխարհային Ա. պատերազմի, երիտթրքական կառավարութեան, ինչպէս նաեւ` Հայկական հարցի մասին:

Շարժանկարի հեղինակ թուրք յայտնի լրագրող Թահա Աքեոլ հաւատարիմ մնալով Հայոց ցեղասպանութէան հարցին մէջ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան` նշած է, որ պատերազմի տարիներուն տեղի ունեցած է տեղահանութիւն, որուն ընթացքին մարդիկ մահացած են:

«Պէտք չէ մոռնալ արեւելէան շրջաններուն մէջ հայերու` ռուսական զօրքերուն ցուցաբերած աջակցութիւնը: Թէեւ իսկապէս ցաւալի է այն, ինչ կատարուեցաւ տեղահանութեան ժամանակ, սակայն վնաս կրած են թէ՛ հայերը, թէ՛ ալ իսլամները: Ասիկա ընդհանուր ցաւ է, սակայն` ոչ ցեղասպանութիւն», ըսած է Աքեոլ:

Պաշտօնական Անգարան վերջին տարիներուն փոխած է մարտավարութիւնը եւ կը փորձէ խիստ ժխտումէն անցում կատարել աւելի ժամանակակից ու արդիւնաւէտ միջոցներու` Ցեղասպանութիւնը կոչել այլ բառերով: Թրքական կողմը աշխուժօրէն կը կիրարկէ «ընդհանուր ցաւ»-ի թեզը, որ ամբողջովին արտացոլաց նաեւ Էրտողանի կողմէ 2014-ի ապրիլ 24-ի նախօրեակին տարածուած ուղերձին մէջ: Ըստ «ընդհանուր ցաւ»-ի թեզի, «Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն տեղի ունեցած են ցաւալի դէպքեր, որոնց զոհ գացած են ոչ միայն հայերը, այլ նաեւ` թուրքեր ու այլ իսլամներ, իսկ այդ ցաւը բոլորինն է»:

Այսպիսով, Թուրքիան կը խուսափի հայերու զանգուածային կոտորածներն ու հայրենազրկումը կոչել ցեղասպանութիւն, ինչպէս նաեւ կը փորձէ հայերու «ցաւը» տեղաւորել Համաշխարհային Ա. պատերազմի ծիրին մէջ եւ հաւասարեցնել թուրքերու կորուստներուն, ինչ որ որեւէ կապ չունի իրականութեան հետ:

 

Նախորդը

Թուրք Մտաւորականները Կոչ Ըրած Են Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու

Յաջորդը

Այնթապի Մէջ Ոգեկոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.