Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիմադրութիւն Գերմանիոյ Մէջ Եւս

Մարտ 27, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Չորեքշաբթի, մարտի 18-ի կէսօրին (Լոս Անճելըսի ժամով), երբ ստուգեցի «Սի. Էն. Էն.»-ի կայքը, երբեք չզարմացայ, որ Ֆրանքֆորթի դէպքին մասին ոչ իսկ տող մը կամ լուսանկար մը կար: Գերմանիոյ կապուած միակ լուրը «Իւպըր»-ի նկատմամբ ինչ-որ դատական որոշումի մը կը վերաբերէր…

Այդ առաւօտ Գերմանիոյ Ֆրանքֆորթ քաղաքին մէջ բացումը պիտի կատարուէր Եւրոպայի Կեդրոնական դրամատան նոր կեդրոնատեղիին: Շէնք մը, որուն կառուցումը արժած էր 1.3 միլիառ եւրօ, որպէսզի դրամատան տնօրէն Մարիօ Տրակի ու իր անձնակազմը առաւելագոյն հանգստաւէտ պայմաններու մէջ աշխատին (անշուշտ` յանուն մարդկութեան բարգաւաճումին…):

Այդ նոյն օրը մօտաւորապէս 15 հազար հոգի բողոքի ցոյցեր կատարեցին: Այս ցոյցերուն ընթացքին տեղի ունեցաւ բռնութիւն, վիրաւորուեցան տասնեակներով ցուցարարներ եւ ոստիկաններ: Հրկիզուեցան ոստիկանական ինքնաշարժներ: Յատկապէս բիրտ էր ոստիկանութեան հակազդեցութիւնը: Արդարեւ, ըստ ռուսական «Ար.Թի.» հեռատեսիլի կայանի թղթակից Փիթըր Օլիւըրի` մինչ այդ ժամուն ցուցարարներուն թիւը 10 հազար էր, նոյնքան էր նաեւ… ոստիկաններուն թիւը:

Եւրոպայի Կեդրոնական դրամատունը, Միջազգային դրամական հիմնադրամին (ՄԴՀ, IMF) եւ Եւրոյանձնաժողովին հետ կը կազմեն այն տխրահռչակ «թրոյքան»` եռապետութիւնը, որ ամբողջ Եւրոպայի տարածքին պարտադրած է տնտեսական սեղմումի քաղաքականութիւնը (austerity): Այս «սեղմումը» կը վերաբերի, բնականաբար եւ բացառաբար, հանրային ծախսերուն: Այսինքն` հանրային առողջապահութեան համակարգին, կենսաթոշակներուն, անգործութեան հատուցումներուն եւ ընկերային բնագաւառի այլ ծախսերուն: Միւս կողմէ, այս վարքագիծը կը միտի եկամուտի տուրքերը նուազեցնել յատկապէս մեծ ընկերութիւններուն համար ու լայն իրաւասութիւններ տալ դրամատուներուն, որպէսզի անոնք կարենան աւելի շատ դրամագլուխ կուտակել: Յունաստանը այս վարքագիծին պատճառով մատնուեցաւ մարդկային աղէտի, մինչեւ որ վերջին ընտրութիւններուն ժողովուրդը իր քուէով իշխանութեան գլուխ բերաւ այս վայրագ դրամատիրական գաղափարախօսութեան հիմնովին հակադրուող այլ ուժ մը` Սիրիզան:

Յոյն քուէարկողները այսպիսով յայտարարեցին, թէ այո՛, կարելի՛ է ունենալ ուրիշ աշխարհ մը, համահունչ` Փորթէ Ալլեկրէի ոգիին:

Նոյն այս ոգիէն ու գաղափարական աշխարհէն թելադրուած` Ֆրանքֆորթի ցոյցերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ոչ միայն Յունաստանէն, այլեւ Իտալիայէն, Սպանիայէն ու Եւրոպայի այլ անկիւններէն ժամանած ցուցարարներ:

Բնականաբար կար նաեւ սառցալերան երեւցող մասը: Այսինքն ցուցարարները կ՛ըսէին, թէ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ Եւրոպայի Կեդրոնական դրամատունը սեղմումի քաղաքականութիւն կը պարտադրէ ժողովուրդին, անդին իր կեդրոնատեղիի շէնքին համար կը ծախսէ 1.3 միլիառ տոլար. սա զեխութիւն չէ՞, որովհետեւ վերջին հաշուով, հանրութեան գումարներէն է, որ կը կատարուի այս ծախսը:

Ընկերային արդարութեան, աշխատաւոր խաւի եւ կարիքաւորներու արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան, եկամուտներու արդար բաշխումի համակարգին, ինչպէս նաեւ համաժողովրդային (ու ոչ միայն գերհարուստներու) բարգաւաճումի գաղափարներուն արտայայտութիւնը պէտք է համարել ոչ միայն Սիրիզայի յաղթանակը Յունաստանի մէջ, այլ նաեւ` Սպանիոյ մէջ հետզհետէ թափ առնող «Փոտեմոս» («Կրնա՛նք») շարժումը:

Մէկ խօսքով եւ ըստ մեր համոզումին, Եւրոպայի մէջ սկսած է խմորուելու ընկերվարական գաղափարախօսութեան ակունքներուն հոգեհարազատ նոր շարժում մը, որ կը մերժէ եւրոպական «էսթեպլիշմընթ»-ին հետ նոյնացած սոցիալ-դեմոկրատ կուսակցութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը: Ինչո՞ւ, որովհետեւ այդ վարքագիծը փաստօրէն աղէտալի եղաւ Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Յունաստանի, մէկ խօսքով` ամբողջ Եւրոպայի մէջ:

Եւրոպական թրոյքային համար այս գաղափարները անընդունելի են (ասով կը բացատրուի նաեւ … «Սի.Էն.Էն.»-ի լռութիւնը Ֆրանքֆորթի ցոյցերուն մասին): Այս պատճառով ալ Ֆրանքֆորթի մէջ անիկա գործի լծեց իր ոստիկանական լծակը, ամբողջական թափով: Այս նոյն թրոյքան ու անոր զինակիցներն էին, որոնք այժմ դատարաններուն մէջ խափ-խայտառակ կ՛ընեն ՄԴՀ-ի նախկին տնօրէն Տոմինիք Սթրաուս Քանը, որովհետեւ ան իր հանրային ելոյթներէն մէկուն ընթացքին յանդգնած էր պաշտպանել եկամուտներու արդար բաշխումի համակարգ ստեղծելու գաղափարը: Ի՜նչ սրբապղծութիւն… Զինք փոխարինած Քրիսթին Լակարտ տուած էր արդէն երաշխիքը, որ ինք նոյն «սխալը» պիտի չընէ:

Կայ նաեւ դրամին միւս երեսը. ժողովրդավարութեան հարցը: Եւրոպային մէջ տնտեսական սեղմումի քաղաքականութիւնը ճշդող այս երեք հիմնական ուժերէն (եռապետութիւն) ոչ մէկը ժողովուրդի քուէով ընտրուած է: Այս երեք պաշտօններն ալ ՆՇԱՆԱԿՈՎԻ են: ՄԴՀ-ի տնօրէն Լակարտ, Եւրոպայի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Տրակի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքըր ժողովուրդին քուէներով չէ, որ այս պաշտօնները կը վարեն: Ոչ միայն այդ, այլեւ ճակատագրական վարքագիծ կը պարտադրեն այն երկիրներուն համար, որոնց կառավարութիւնները ժողովրդային քուէարկութեամբ կազմուած են:

Փաստօրէն, Եւրոպական Միութեան մէջ տնտեսական քաղաքականութիւնը կը ճշդուի ոչ թէ ժողովուրդին քուէները ստացած գերիշխան կառավարութիւններուն կողմէ, այլ` ամենազօր թրոյքային:

Այսքան բան` ժողովրդավար կարգերու ջատագով Եւրոպական Միութեան մասին… Բայց եւս կան այս համակարգին դիմադրողներ, որոնք հետզհետէ սկսած են գաղափարական ու քաղաքական նկատառելի ուժի վերածուելու: Սա եւս իրականութիւն է եւ մենք, իբրեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն, իբրեւ ընկերվարական սկզբունքներ դաւանող կուսակցութիւն, պէտք է հաշուի նստինք այս իրականութեան բոլոր երեսներուն հետ:

Մարտ 18, 2015

[email protected]

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի (Մարտ Գ./2015). Ուսուցչութիւնը Դարձնել Գրաւիչ Ասպարէզ

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով.- Առնոլտ Ճ. Թոյնպի (1889-1975)

RelatedPosts

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)
Անդրադարձ

Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակի Առիթով) Բ. Մաս

Մարտ 24, 2023
Թուրք Ժխտողականները Չեն Կրնար Պարտութեան Մատնել Հայերը Քալիֆորնիոյ Մէջ
Անդրադարձ

Իրաւական Փորձագէտները Միջազգային Դատարանէն Կը Պահանջեն Քննութեան Ենթարկել Թուրքիոյ` Մարդկութեան Դէմ Գործած Յանցանքները

Մարտ 24, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Արմէն Պուճիքանեան
Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Արմէն Պուճիքանեան

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In