Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի (Մարտ Գ./2015). Ուսուցչութիւնը Դարձնել Գրաւիչ Ասպարէզ

Մարտ 27, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուսուցիչը մեր վարժարաններէն ներս սոսկ գիտութիւն ջամբող վարժապետը չէ, այլ` աշակերտին նկարագիրը կերտող դաստիարակը, անոր մէջ գիտութեան ճրագը առկայծող մշակը, աշխարհին տակաւ բացուող աշակերտին մտքին ու հոգիին թռիչքը խթանող էակը:

Սփիւռքի պայմաններուն մէջ ուսուցչութիւնը կոչում է նաեւ: Ուսուցիչը հայ երիտասարդը կերտող, անոր մատղաշ հոգիին մէջ հայրենիքին ու մայրենիին սէրը սերմանող, անոր հայեցի կրթութիւն ջամբող նուիրեալն է մանաւանդ: Այլ խօսքով` հայուն տեսակը կերտող դարբինը:

Ուսուցչական ասպարէզը այնքան ալ հեշտ ասպարէզ չէ, յատկապէս` գիտութեան եւ ուսուցման մեթոտներու սրընթաց զարգացման ներկայ ժամանակներուն մէջ: Ուսուցիչը, որպէս իր ասպարէզին նուիրեալ մարդը, իր կարելին պէտք է ի գործ դնէ իր մասնագիտութեան մէջ առաւելագոյնս հմտանալու, ուսուցման արդիական ձեւերուն քաջածանօթ ըլլալու ու մանաւանդ իր դասաւանդած նիւթը սիրցնելու աշակերտին:

Սուրիահայ մեր կեանքին մէջ բարեբախտաբար ստուար է թիւը նման ուսուցիչներուն, իրենց կոչումին տէր նուիրեալներուն, որոնք Սուրիոյ տագնապին իբրեւ հետեւանք յառաջացած անհամար դժուարութիւնները անտեսելով` իրենց առաւելագոյնը տալու, իրենց մտապաշարը հարստացնելու եւ սուրիահայ աշակերտին հոգեկան ծանր վիճակը ընկալելով` անոր մէջ սորվելու, յառաջանալու ձգտումը վառ պահելու համար ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն:

Ռումբերու, հրթիռներու սարսափազդու վտանգին մէջ մեր ուսուցիչները, յաճախ զոհողութիւններու գնով, կը շարունակեն ամէն օր ժպիտով դիմաւորել իրենց աշակերտները, պատերազմի անմարդկային երեւոյթներուն ակամայ ականատեսը դարձող սուրիահայ աշակերտին մէջ մարդկային վեհ զգացումներ սերմանել:

Մեր ուսուցիչները արժանի են ամենայն յարգանքի ու մեծարանքի, որովհետեւ անբնական պայմաններու մէջ ուսումնակրթական բնականոն ընթացք կը ջանան պահել, ապրելով հանդերձ տագնապի բոլոր դժուարութիւնները` լաւատեսութեամբ կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը, քաջ իմանալով, որ հայ դպրոցը սուրիահայ գաղութի կենսունակութեան հիմնական ազդակն է:

Սուրիոյ տագնապի սրման իբրեւ հետեւանք ընթացք առած արտագաղթը պատճառ դարձաւ հալէպահայ վարժարաններէն ներս ուսուցչական մարդուժի զգալի նուազումին, ինչ որ առաւել ծանրաբեռնեց յատկապէս Հալէպ բնակող ու հայկական վարժարաններէն ներս ծառայող ուսուցիչները:

Վերջին տասնամեակներուն, անկախ տագնապի ազդեցութենէն, նկատելի է նաեւ ուսուցչական ասպարէզէն ներս արական սեռի ներկայութեան նուազումը, ինչ որ մտածել կու տայ, որ ուսուցչական ասպարէզը ցարդ գրաւիչ ու մանաւանդ ապրելու ընդունելի կենսամակարդակ ապահովելու ասպարէզ չէ դարձած, հակառակ անոր որ սուրիական պետութիւնը այս մարզին մէջ ծառայողներուն շնորհած է կեանքի ապահովագրութիւն եւ նիւթական ոչ արհամարհելի վարձատրութիւն: Թեմիս Ազգային իշխանութիւնները եւս իրենց կարելին ի գործ դրած են ուսուցչական առաքելութեան նուիրեալները նիւթապէս եւ բարոյապէս գնահատելու, մեծարելու եւ կրթական մարմիններու ուշադրութեան կիզակէտին մէջ պահելու զանոնք:

Կրթական մեր հաստատութիւնները ուսուցչական ասպարէզը առաւել գրաւիչ ասպարէզ դարձնելու հրամայականին առջեւ են այսօր, որպէսզի տարաբնոյթ դժուարութիւններուն դիմաց մեր վարժարանները շարունակեն պահել երկրի մակարդակով իրենց ցարդ նուաճած մակարդակն ու ներգրաւեն խոստումնալից ուժեր:

Իսկ ուսուցչական ասպարէզին ծառայողներ շարունակեն համբերութեամբ, նուիրումով ու ճարտարութեամբ իրենց տիրական հեղինակութիւնը պահել մեր հաստատութիւններէն ներս, քայլ պահելով ուսումնակրթական ժամանակակից հոլովոյթին, մանկավարժական մօտեցումներուն հետ:

Բի՜ւր յարգանք ձեզ, սիրելի՛ ուսուցիչներ:

Զ. Պ.

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (27 Մարտ 1965)

Յաջորդը

Դիմադրութիւն Գերմանիոյ Մէջ Եւս

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?