Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերյիշելով 1968-ին Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ Ապրիլեան Ցուցահանդէսին Պատահած Դէպք Մը

Մարտ 28, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

3-28-15_TCHEKIDJIAN

Լիբանանահայ ուսանողական միութիւնները եւ համալսարաններու հայկական ակումբները միացեալ նախաձեռնութեամբ որոշած էին Հայոց ցեղասպանութեան 53-ամեակին առիթով լիբանանահայ արուեստագէտներու` օրուան խորհուրդին յարմար արուեստի գործեր եւ Ցեղասպանութեան վաւերագրական լուսանկարներ ցուցադրել Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Ուեսթ հոլ» սրահին մէջ:

Սոյն ծրագիրին կը մասնակցէի Հայկազեան համալսարանի հայկական ակումբին կողմէ,  ստանձնելով կարգ մը արուեստագէտներու, որոնց շարքին` արուեստագէտ Փոլ Կիրակոսեանին դիմելու պարտականութիւնը, ինչպէս նաեւ մեծադիր (50 x 70 սմ) վաւերագրական նկարներ ապահովելը: Նախապատրաստական աշխատանքները յաջողութեամբ աւարտեցան` ապահովելով 42 արուեստի գործեր, ներառեալ` Փոլ Կիրակոսեանի խիստ տպաւորիչ «Genocide»  հսկայ իւղաներկը եւ` 20 լուսանկար:

Բացման արարողութենէն շուրջ կէս ժամ ետք (ըստ երեւոյթին թուրք ուսանողներու գանգատին տեղի տալով) «Ուեսթ հոլ» սրահի պատասխանատու պրն. Էթինոֆ յայտնեց, թէ ցուցահանդէսին արտօնութիւն տրուած է միայն արուեստի գործեր ցուցադրել եւ ոչ թէ լուսանկարներ, ուստի պէտք է վերցնել խնդրայարոյց նկարները: Ընդվզումի ալիք մը բարձրացաւ շատերուս մօտ, սակայն Ամերիկեան համալսարանի հայկական ակումբին ներկայացուցիչները հաստատեցին արտօնութեան պայմանները եւ հաւաքելով նկարները` յանձնեցին Էթինոֆին: Անմիջապէս հետեւելով Էթինոֆին` տեսայ, որ լուսանկարները դրաւ «Ուեսթ հոլ»-ի մուտքին մօտ իր գրասենեակի սեղանին վրայ եւ դուռը կղպելէ ետք հեռացաւ:

Ես այդ օրերուն նաեւ կը պաշտօնավարէի Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի կենսատարրաբանութեան (Biochemistry) ճիւղին (Վան Տայք շէնք) մէջ, եւ ինծի յանձնուած էր յատուկ բանալի մը, որ մեր ճիւղի (երկրորդ յարկի) բոլոր սենեակներուն դուռերը կը բանար: Փորձեցի բանալիս եւ դուռը բացուեցաւ, եւ այդպէս ալ ձգեցի: Անմիջապէս վերլուծելով կացութիւնը եւ կանխատեսելով մեր տղոց հաւանական դժկամութիւնը նկարները վերստանձնելու համալսարանի տնօրէնութեան հետ խնդիրներ չունենալու մտահոգութեամբ եւ այլն, որոշեցի բանալիի հարցը գաղտնի պահել: Անմիջապէս դիմեցի Փոլ Կիրակոսեանին եւ պատմեցի եղելութիւնը, (առանց յիշելու կղպուած դրան եւ հրաշք բանալիիս բաժինը ) ան սաստիկ զայրացած` հարցուց. «ո՞ւր են նկարները» առաջնորդեցի զինք Էթինոֆին գրասենեակը եւ ապակիին ետեւէն ցոյց տուի նկարները: Ան անմիջապէս բացաւ «չկղպուած» դուռը, խլեց նկարները եւ սկսաւ ձեռքի վրայ ցուցադրել նկարները, իր շուրջ հաւաքելով բոլոր ներկաները: Ետքը նկարները ես ստանձնեցի եւ շարունակեցի վարպետին գործը:

Երբ մեր տղաքը մտահոգուեցան, իրենց բացատրեցի, թէ Փոլ Կիրակոսեանը երբ լսեց եղելութիւնը, զայրացած ինք անձամբ առաւ նկարները, եւ ոչ մէկ ուսանող այս հարցին մէջ առնչուած է, այդպէս ալ եղաւ պաշտօնական բացատրութիւնը, պրն. Էթինոֆն ալ «մոռցեր» է կղպելու դուռը: Իսկ միւս կողմէ` նկարները ձեռքի վրայ կը ցուցադրուէին  եւ պաշտօնական ցուցահանդէսին մաս չէին կազմեր:

Շուրջ ժամ մը ետք` իրարանցում մը, եւ ըսուեցաւ, թէ Թուրքիոյ դեսպանը եկած է: Անմիջապէս նկարներով միասին տեղաւորուեցայ սրահին կեդրոնը գտնուող խոշոր նստարանին մէջտեղը, եւ քիչ անց Թուրքիոյ դեսպանը եկաւ ու նստաւ քովս իր պատուիրակութեան եւ թուրք ուսանողներուն հետ, շուրջ տասը հոգի: Նկարներուն մասին բացատրութիւն տուի անգլերէնով (նախ առանց զգացնելու, թէ իր ով ըլլալը գիտեմ) եւ ձեռքէ ձեռք խլեցին նկարները, ուշադրութեամբ հետեւելով տրուած  տեղեկութիւններուն: Աւարտին, թրքերէնով «բարի եկած էք» ըսի: Բոլորը մէկ կարմրած երեսներով հեռացան սրահէն:

Շնորհիւ մեծ արուեստագէտ Փոլ Կիրակոսեանին` այս ձեռնարկը անսպասելի յաջողութեամբ աւարտեցաւ: Իր «Ցեղասպանութիւն» հսկայ իւղաներկին կողքին` պահանջատէրի խիզախ կեցուացքով եւ իրերը քննելու մասնայատուկ ոճով վարակեց մեզ` ըլլալու աւելի տոկուն եւ անզիջող, տէր կանգնելու մեր ազգային իրաւունքներուն:

20 մարտ 2015   

Նախորդը

Տուրմին Արկածախնդրութիւնները

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Ուրախ Չենք Կամ Ինչո՞ւ Տխուր Ենք

RelatedPosts

Վրաստանի Իսկական Խնդիրը
Անդրադարձ

Վրաստանի Իսկական Խնդիրը

Մարտ 22, 2023
Նոր Օսմանականութեան Սպառնալիք` Հայ-Իրանական Համատեղ Շահերին
Անդրադարձ

Իրան-Սէուտական Արաբիա Մերձեցումը` Պատուար Նոր-Օսմանականութեան

Մարտ 22, 2023
Իմ Ընկերոջ Յիշատակին. Կեանքից Հեռացաւ Սպանաբնակ Լրագրող Արթուր Ղուկասեանը
Անդրադարձ

Իմ Ընկերոջ Յիշատակին. Կեանքից Հեռացաւ Սպանաբնակ Լրագրող Արթուր Ղուկասեանը

Մարտ 22, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In