Խմբագրական. Քաղաքական Պահ Ստեղծելու Առիթը
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին կողմէ յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւններուն վերաբերող բանաձեւի միաձայն քուէարկութեամբ, մեր երկիրը դարձաւ երրորդը, որ կը ճանչնայ այս ցեղասպանութիւնները: Աւելի ճիշդը, հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնները ճանչցած է Շուէտի խորհրդարանը 16 մարտ 2010-ին. յոյներու ցեղասպանութիւնը` Յունաստանն ու Կիպրոսը: Տակաւին. Յունաստանը 2004-ին յատուկ բանաձեւով ճանչցած էր Պոնտոսի յոյներու, իսկ 1998-ին` Փոքր Ասիոյ յոյներու ցեղասպանութիւնները: Ուրեմն ասորիներու եւ յոյներու...
















