Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Ուրախ Չենք Կամ Ինչո՞ւ Տխուր Ենք

March 28, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Բացառութիւններու մասին չէ խօսքս: Թերեւս բոլորին նման` դուք ալ նկատած էք, թէ այս օրերուն մեզմէ շատերու դէմքերուն վրայ ժպիտ ըսուածը չորցած է: Չկայ: Այնպէս կ՛երեւի, թէ ամէն մարդ տխուր է: Որո՛ւ որ հանդիպիս, նոյն պատասխանը կը ստանաս.

– Ինչո՞ւ ժպտիմ: Ինչպէ՞ս խնդամ: Ժպտելու բան մը կա՞յ որ…: Ի՞նչ բանի համար ուրախանամ:

Արդ, ամէն բան բացայայտ է: Ընտանեկան մթնոլորտ, ազգային իրավիճակ, հայրենի ներքին եւ արտաքին հարցեր, արտագաղթ, սփիւռքեան հին ու նոր ճգնաժամեր, անգործութիւն, ամուսնա-լուծում, օտար ամուսնութիւն, պատանի զաւակ, Արցախ եւ սահմանի իրավիճակ եւ տակաւին շատ բաներ. մնացեալը դո՛ւք շարունակեցէք:

Այս բոլոր հարցերը «մաշեցուցած են» մեր ներաշխարհը: Ըսէ՛ք, ինչպէ՞ս ուրախանալ: Նոյնիսկ համայն  աշխարհը տխուր է: Եթէ հետեւիք քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային դէպքերուն, արդէն արդարացուցած կ՛ըլլաք այս տողերէն ծորող մտահոգութիւնը: Նաեւ կրնաք աւելցնել, թէ այս օրերուն մարդիկ ոչ միայն զանազան եւ բազմազան հոգեր ունին, այլ նաեւ` ծանր, բազմաշերտ եւ այժմէական:

Ուստի ինչո՞ւ զարմանալ, երբ մեզմէ ոեւէ մէկուն դէմքին վրայ ժպիտ չենք նկատեր:

Այլ խօսքով, ժպիտ ըսուածը շատոնց չորցած կամ սրբուած է շատերու բառարաններէն, ըլլան անոնք ծնողք կամ զաւակ, ուսուցիչ կամ տնօրէն, գրող կամ ընթերցող, խմբագիր, առաջնորդ կամ ղեկավար, կուսակցական կամ միութենական գործիչ կամ` պարզ ու համեստ քաղաքացի:

– Ինչո՞ւ ներկայիս մեծ մասամբ մարդիկ տխուր են,- երբեմն ես ինծի հարց կու տամ անմեղօրէն:

– Ինչո՞ւ այլեւս մարդիկ, հայ կամ օտար, հարեւան կամ դրացի, իրենց նախկին ժպիտը չունին:

Ու որքան ալ ալ փորձեմ արդարանալ եւ կամ ալ տրուած այդ պատասխանով համոզուիլ, նոյն եզրակացութեան կը յանգիմ:

Այս օրերուն, եւ ինչպէս միշտ, այնպէս կ՛երեւի, թէ տակաւին մարդոց մօտ կայ լռակեաց տառա-պանք մը, որ չի խաղաղիր: Ցաւի յատուկ գրուած եւ անգիր երգ մը կամ երգեր: Ու եթէ փորձենք խորքը թափանցել, կը տեսնենք, որ այս ժպիտ ըսուածին չքացման կամ մեր տխուր իրավիճակին ամէնէն մեծ թշնամին կամ գլխաւոր պատճառը մեր անմխիթար կացութիւնն է:

Այլ խօսքով, յուսահատութիւնն ու յուսախաբութիւնը գողցած են մեզմէ եւ հեռացուցած` մեր ուրախութիւնը: Այսինքն ներքին ու արտաքին զանազան պատճառներով, յարգելի կամ ոչ կորսնցուցած ենք կեանքի մեր ամէնօրեայ ժամերու ընկերակիցը` ժպիտը, ատոր համար տխուր ենք: Այդ պատճառով մեր կեանքը երբեմն քաոս դարձած կամ ալ դարձուցած ենք:

Նորութիւն չէ: Նայեցէ՛ք ձեր չորս կողմը: Կրկնութեան գնով ըսեմ. տխուր է սփիւռքահայը, տխուր է մեր Հալէպն ու հալէպցին, նաեւ հայրենիքն ու Արցախի մեր ժողովուրդը:

Սկիզբը շեշտեցի` բացառութիւններու մասին չէ խօսքս ու նաեւ աւելցուցի, թէ աշխարհը ուրախ չէ: Մեր ուղեղները կարծես միայն տխրութիւն կ՛արտադրեն ու մեզ կ՛առաջնորդեն դէպի

յուսալքութիւն:

Ահա հին ու նոր ժգնաժամ: Ուրախութիւնը յաճախ արդէն մեր բոլորին համար նոյնիսկ երազ

դարձած է, կամ` երազի մը մէջ կորսուած փափաք: Ամէն վայրկեան կաթիլ մը տրտմութիւն եւ կամ արցունք ունինք կամ պատառ մը ճիչ, մտահոգութիւն կամ յառաջանք:

Հոգեկան անկում է այս մէկը: Նման մարդոց հետ խօսելով, կը գտնես թաքնուած խորութիւնը կեանքին ու անոր ընկերացող վիշտերուն: Կը զգաս, որ մարդիկ հետդ կը խօսին, բայց իրենց ձայնը ուրիշ բաներ կ՛ըսէ:

Յստակ է, թէ տխրութեան ծանր եւ թանձր ամպերը նստած են մարդոց հոգիներուն վրայ: Եւ տխրութիւնը տեսակաւոր ալ է: Շատեր իրենց չունեցած դրամին, առողջութեան կամ ստացուածքին համար տխուր են: Ուրիշ մը տխուր է, որովհետեւ իր ընտանիքին մէջ խաղաղութիւնը շատոնց կորսուած է, կամ գործերը ձախող ընթացած են եւ կամ ալ պէտք եղած փողը, դրամը չունի: Անդին` ուրիշ մը այդ դրամէն քիչ ունի եւ կամ ալ աւելի շատը ունենալու մարմաջով կը տառապի: Կամ` մէկը իր ունեցածը կորսնցնելու վտագին տակ է, կամ ալ հիւանդ է, կամ իր տան մէջ հիւանդ եւ հիւանդներ ունի եւ կամ մօտիկ կամ հեռու սիրելի մը անժամանակ կորսնցուցած է:

Ահա պատճառները, որոնց համար կը կարծեմ, որ ընդհանրապէս բոլորով տխուր ենք:

Բայց ըսէ՛ք, խնդրե՛մ, ո՞վ պէտք է ժպտի, բժի՞շկը հիւանդին, թէ՞ ոչ հիւանդը բժիշկին, աշակե՞րտը,  թէ՞ ոչ ուսուցիչը, աղքա՞տը, թէ՞ ոչ հարուստը, զաւա՞կը ծնողին, թէ՞ ծնողը զաւկին:

Ինչպէ՞ս տխրութեան այս մշուշը կարելի է մարդոց վրայէն կամ անոնց հոգիներէն դուրս բերել: Ինչպէ՞ս, ըսէք, եւ ո՞վ:

Դարը արագավազ է, կ՛ըսենք ու ամէն վայրկեան այս յանկերգը կը կրկնենք ու կը փորձենք մենք զմեզ համոզել ու արդարանալ: Այս օրերուն, կ՛երեւի ամէն տեղ այս է իրականութիւնը: Այս է նաեւ մեր դարու չգրուած օրէնքն ու կարգը:

Իսկապէս կարիքը ունինք արժէքներու, որոնք մեզի կեանքի դրական կողմերուն ոչ միայն ծանօ-թացնեն, այլեւ առաջնորդեն: Դիմագիծ եւ ինքնութիւն տան մեր օրերուն եւ ժամերուն: Մէկ խօսքով նոր հաւատքի փնտռտուք: Երազի ու գեղեցկութեան փնտռտուք:

Ե՞րբ պիտի կարողանանք ազգովին ջերմութեամբ ժպտիլ: Դէպքերը թուելը անիմաստ է: Ա՛լ յոգնեցանք կրկնելէ: Բոլորս ալ լաւատեղեակ ու քաջածանօթ ենք այդ բոլորին:

Կարեւորը դեղատոմսն է:

 

 

Նախորդը

Վերյիշելով 1968-ին Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ Ապրիլեան Ցուցահանդէսին Պատահած Դէպք Մը

Յաջորդը

Պարի Քաղաքի Նոր Արաքս Գիւղը Հոն, Ուր Հայ Համայնք Մը Գոյութիւն Ունի 1926-էն Ի Վեր

RelatedPosts

Սուրիա` Նոր Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման
Անդրադարձ

Տեսակէտ. Իրան` Կործանման Եզրի՞ն

January 20, 2026
Ա՛յս Է Միակ Լուծումը
Անդրադարձ

Ա՛յս Է Միակ Լուծումը

January 20, 2026
Պաշտօնական Կողոպուտը Որքա՞ն Կրնայ Շարունակուիլ
Անդրադարձ

Պաշտօնական Կողոպուտը Որքա՞ն Կրնայ Շարունակուիլ

January 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.