«Հրանդ Տինք հիմնարկ»-ին կողմէ հրատարակուած «Հայոց ցեղասպանութեան հարցով` խիղճ եւ պատասխանատուութիւն. փրկուածներու մասին նոր ուսումնասիրութիւններ» անունով գիրքին շնորհահանդէսը կայացաւ մարտ 14-ին, «Ճեզայիր»-ի սրահին մէջ:
Դոկտոր Ալպեր Օքթեմինի կողմէ նախաձեռնուած եւ «Պատմութեան հետազօտութիւններու խրախուսման» հիմնարկի աջակցութեան արժանացած աշխատանքները հաւաքուած են մէկ գիրքի մէջ:
Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ` Ճորճ Շիրինեանի, Պուրչին Կերչէքի, Արմէն Մարսուպեանի, Իշխան Չիֆտչեանի, Նամըք Քեմալի եւ Ատնան Չելիքի աշխատութիւնները:
Գիրքին շնորհահանդէսին ընթացքին բացման խօսքով հանդէս եկան փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթինն ու Սուրի (Տիգրանակերտի կեդրոն) նախկին նահանգապետ Ապտիւլլա Տեմիրպաշը: