Անցեալ շաբաթավերջին, մարտ 13-15, հոծ բազմութիւն մը ներկայ եղաւ «Պատասխանատուութիւն 2015» գիտաժողովին, որ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանէն ներս Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի կարեւորագոյն ձեռնարկներէն մէկն էր: Բանախօսներուն շարքին էին համալսարաններու դասախօսներ, հիմնարկներու ներկայացուցիչներ եւ արուեստագէտներ:
Այս գիտաժողովը կազմակերպուած էր Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ` գործակցութեամբ շրջանի Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնախումբին: Կազմակերպող մարմինին անդամներն են` Հայկ Օշական, Խաչիկ Մուրատեան, Անդրանիկ Գասպարեան, Ճորճ Աղճայեան, Հենրի Թերիօ, Քիմ Հեքիմեան եւ Սարգիս Պալխեան:
ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի ներկայացուցիչ Հայկ Օշական կատարեց բացման խօսքը: Առաջին նիստին մասնակցեցան «Global Center for the Responsibility» հիմնարկի պատասխանատու Հանիպալ Թրէյվիս, բրիտանացի փաստաբան Ճեֆրի Ռոպերթսըն եւ «Թիւֆենքեան» հիմնարկի տնօրէն Անդրանիկ Գասպարեան, որոնք քննարկեցին Հայոց ցեղասպանութեան ստեղծած ներկայ իրավիճակը, կատարուելիք աշխատանքներն ու ստանձնուելիք պատասխանատուութիւնը:
Յաջորդ օրը Էրիք Պօղոսեան, Ճեֆրի Ռոպերթսըն, Սքաութ Թիւֆանքճեան, Քրիս Պոհճալեան, Տանա Ուալրաթ, Մաթիու Քարանեան, Նենսի Գրիգորեան, Ալին Յովհաննէսեան, Լոր Մարշան, Կիյոմ Փերիէ, Ռիչըրտ Յովհաննէսեան եւ Մարիըն ՄըքՔարտի ներկայացուցին իրենց գործերը, որմէ ետք մակագրեցին իրենց հրատարակութիւնները:
«Հայոց ցեղասպանութիւնը` դիտուած արուեստագէտներու կողմէ» նիւթին խօսք առին Ալեքսանտր Տինելարիս, Էրիք Պօղոսեան, Սքաութ Թիւֆանքճեան, Քրիս Պոհճալեան եւ Տանա Ուալրաթ: «Համերաշխութեան կարգաւորում» նիւթին շուրջ խօսք առին` Տէյվիտ Պարսամեան, Նենսի Գրիգորեան, Սառա Լի Ուիթսըն եւ Էլիզ Սեմերճեան:
Այս գիտաժողովին ներկայ եղան նաեւ բազմաթիւ հայորդիներ` ժամանած Քանատայէն, Եւրոպայէն, Լիբանանէն, Եգիպտոսէն եւ Աւստրալիայէն: