Լիբանանահայ իրականութեան մէջ հայ դասական երգի ու երաժշտութեան ջահակիրներէն, հայկական բիւրեղ արժէքները հանրութեան սեփականութիւնը դարձնող եւ նոր սերունդին մէջ անոնց նկատմամբ սէր սերմանող սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան կը հաւատայ, որ հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններուն եւ նորօրեայ մարտահրաւէրներուն, պէտք է տէր կանգնիլ հայկական դասական երգին եւ ամէն ճիգ ի գործ դնել զայն տարածելու աշխարհով մէկ:
Շաբաթ, 28 մարտին` երեկոյեան ժամը 8:00-ին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ»-ին մէջ Շողիկ Թորոսեան հանդէս պիտի գայ դասական համերգով: Այս առիթով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց Շողիկ Թորոսեանի հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Կ՛ապրինք այնպիսի իրականութիւն մը, ուր համաշխարհայնացման ալիքը բաւական վտանգաւոր ուժգնութեամբ կը սպառնայ կուլ տալ ամէն ինչ որ ինքնուրոյն արժէք է: Այս կացութեան մէջ դուք հանդէս կու գաք հայկական դասական երգ-երաժշտութեամբ: Դժուար չէ՞ այս հոսանքին դէմ դնել, ինչո՞ւ կարեւոր կը նկատէք ձեր այս առաքելութիւնը:
ՇՈՂԻԿ ԹՈՐՈՍԵԱՆ.- Ճիշդ է, որ համաշխարհայնացման ալիքը բաւական ուժգին կը հարուածէ եւ կը վտանգէ ինքնուրոյն արժէքները, բայց եւ այնպէս այնքան ատեն որ կը գտնուին ազգասէր եւ նուիրեալ անձնաւորութիւններ, արուեստագէտներ, որոնք կը շարունակեն պայքարիլ, այդ արժէքները թաքնուած չեն մնար պատմութեան էջերու մէջ: Հայկական դասական երգով հանդէս գալը ինծի համար պարծանք է եւ ուրախութիւն: Փառք կու տամ Աստուծոյ, որ կարողութիւնը տուած է ինծի սիրելու, ներկայացնելու եւ ապրելու հայ երգով: Ես ալ, նախորդ սերունդի ներկայացուցիչներու նման, պատրաստ եմ մնայուն կերպով հնչեցնելու հայ երգը, որքան ալ դժուար ըլլան պայմանները: Չեմ ըսեր դիւրին է հոսանքին դէմ դնել, սակայն առաքելութեան մէջ հաստատ մնալը յաղթանակ է: Անշուշտ կարեւոր է այս առաքելութիւնը, որովհետեւ նոր սերունդը պէտք ունի լսելու եւ ծանօթանալու հայ դասական երգին եւ երաժշտութեան, որպէսզի անոնք ալ իրենց կարգին տէր կանգնին մեր վեհ արժէքներուն եւ փոխանցեն ապագայ սերունդներուն:
«Ա.».- Հետաքրքրական եւ ուշագրաւ երեւոյթ է, որ Համազգայինի երաժշտանոցի աշակերտներուն հետ յաճախ հանդէս կու գաք քանի մը երգով: Կը կարծէ՞ք, թէ ասիկա նաեւ զանոնք հայ երգին հաղորդակից դարձնելու առումով կարեւոր է: Ձեզի համար ի՞նչ նշանակութիւն ունի նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն կողքին կանգնիլ ու երգելը:
Շ. Թ.- Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի սենեկային համոյթը կազմուած է երաժշտանոցի շրջանաւարտներէն եւ բարձր դասարանի փայլուն աշակերտներէ: Իրենց հետ աշխատիլը ուրախութիւն է ինծի համար, որովհետեւ ես ալ նոյն ճամբէն անցած եմ եւ եղած եմ երաժշտանոցի աշակերտ: Անշուշտ շատ աւելի դիւրին է հանդէս գալ փորձառու արուեստագէտներու հետ, բայց եւ այնպէս նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն հետ բեմ բարձրանալն ալ ունի իր արժէքը: Մեծապէս կ՛ուզեմ գնահատել զիրենք եւ վստահութիւն ցոյց տալ` հաւատալով իրենց կարողութիւններուն եւ քաջ գիտնալով, որ այժմու աշակերտները պիտի դառնան մէկական հայ արուեստագէտներ, որոնք բարձր պիտի պահեն հայ դասական երգը եւ երաժշտութիւնը: Այս նուագախումբը իրենց բարձրագոյն մակարդակին կը հասցնեն երաժշտանոցի զոյգ բաժիններու տնօրէններ` Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերեճեանները: Խումբին գեղարուեստական ղեկավար պրն. Աշոտը ջանք չխնայեց` լաւագոյն մակարդակի հասցնելու այս համերգի ծրագիրը:
«Ա.».- Քանի մը օր ետք հանդէս պիտի գաք մենահամերգով: Ի՞նչ յայտագիրով պիտի ներկայանաք լիբանանահայ հանդիսատեսին:
Շ. Թ.- Այս համերգը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Բաղկացած է երկու բաժիններէ. առաջին մասով պիտի ներկայացնեմ Կոմիտասի նշանաւոր մեներգները, զորս հայ կեանքի ամբողջութիւնը կը նկատեմ անոր առօրեայով, ցաւով, սէրով եւ այլ զգացումներով պարուրուած: Այս բաժինով ինծի պիտի ընկերակցի դաշնակահար Յասմիկ Գասպարեանը: Երկրորդ բաժինով «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի սենեկային նուագախումբի ընկերակցութեամբ պիտի ներկայացնեմ հայ եւ օտար դասական ծանօթ կտորներ:
«Ա.».- Խնդրեմ նաեւ խօսինք նախորդ տարի լոյս տեսած ձեր «Մեղեդիներ, տաղեր եւ գանձեր» ձայնասկաւառակին մասին:
Շ. Թ.- «Մեղեդիներ, տաղեր, գանձեր» ձայնասկաւառակը լոյս տեսաւ հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հօր եւ կազմակերպութեամբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական բաժանմունքին: Բաւական մեծ գործ մըն էր կատարուածը, կը կրէր ուսուցողական բնոյթ եւ կը ձգտէր ճիշդ ձեւը սորվեցնել: Խտասալիկին մէջ կան շարականներ, որոնք ցարդ արձանագրուած չէին, եւ շարականներ, որոնք տարին կամ քանի մը տարին անգամ մը կ՛երգուին, ըստ տօնացոյցին: Մեծ ուրախութիւն էր ինծի համար կատարել հայ եկեղեցւոյ շարականները եւ խտասալիկի միջոցով տարածել աշխարհին:
«Ա.».- Նախորդ տարի ընթացիկէն տարբեր ծրագիրներու մասնակցեցաք, խօսինք այդ եւ ձեր ապագայի ծրագիրներուն մասին:
Շ. Թ.- Սեպտեմբեր 2014-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարին հրաւէրով շարք մը ելոյթներ ունեցայ Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ` «Իմ Հայաստան» փառատօնի ծիրին մէջ: Իբրեւ հիւր երգչուհի հրաւիրուած էի մաս կազմելու տուտուկի աննախընթաց փառատօնի եւ «Իմ Հայաստան» փառատօնի փակման` «Հայ երգի օրուայ» հանդիսութեան:
Անշուշտ կան ապագայի ծրագիրներ, որոնք կ՛երաշխաւորեն գործին շարունակականութիւնը: Կան համերգներ Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ, նաեւ Հայաստանի մէջ:
Շնորհակալութիւն «Ազդակ» օրաթերթին այս հարցազրոյցին համար, շնորհակալութիւն Համազգայինին այս համերգը կազմակերպելուն համար եւ հովանաւորին` տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններուն, դաշնակահար Յասմիկ Գասպարեանին, նուագախումբի գեղարուեստական պատասխանատու Աշոտ Ճենտերեճեանին, Արմէն Ճենտերեճեանին եւ նուագախումբի անդամներուն: