Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում Տէրսիմի Այն Կիրճին Մէջ, Ուր Հարիւր Տարի Առաջ Հայեր Նետուած Են

Մարտ 27, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-27-15_Dersim«Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ թէեւ Թուրքիա կը շարունակէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը, աստիճանաբար այդ մէկը պետութեան համար շատ աւելի բարդ կը դառնայ», նշած է տէրսիմահայ Միրան Փրկիչ:

«Ակնյայտ է, որ այս իրավիճակը, յառաջիկային Հայոց ցեղասպանութեան հետ առերեսուելու տեսանկիւնէն, Թուրքիան աւելի վատ իրավիճակի մէջ պիտի դնէ, քանի որ իսլամացած հայերը արդէն իսկ սկսած են թրքական հասարակութեան մէջ ակնյայտօրէն բացայայտելու իրենք զիրենք», ըսած է Փրկիչ, որ վերջին տարիներուն մկրտուած եւ քրիստոնէութիւնը ընդունած հայերէն է:

Ան նկատած է, որ սեփական պատմութեան հետ առերեսուելով` Թուրքիա կրնայ աւելի զօրաւոր չըլլալ, սակայն կը դառնայ աւելի ժողովրդավար: Ան յայտնած է նաեւ, որ ներկայիս Թուրքիոյ սահմաններէն ներս բնակող այլազգիները իրականութեան մէջ աւելի շատ են, քան` թուրքերը:

Փրկիչ ըսած է, որ այս տարի ապրիլ 24-ին, «Տէրսիմի հայերու եւ ալեւիներու միութիւն» կազմակերպութիւնը Խարբերդի Խոզաթ գիւղաքաղաքի Քայըշօղլու կիրճին մէջ պիտի յիշատակէ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Ան աւելցուցած է, որ յիշատակման վայրի ընտրութիւնը պատահական չէ եղած. արդարեւ, նոյն այդ կիրճին մէջ է, որ 1915-ին մեծաթիւ հայեր նետուած եւ սպաննուած են: Փրկիչի համաձայն, այդ վայրին մէջ յիշատակի արարողութիւն իրականացնելը կարեւոր կրնայ ըլլալ նաեւ Տէրսիմի ներկայ բնակիչներուն` կատարուածին հետ առերեսուելու տեսանկիւնէն:

Նախորդը

Հայեր Ու Քիւրտեր Ապրիլ 24-ին Պոլիս Գտնուելու Կոչ Կ՛ընեն

Յաջորդը

Ցեղասպանութեան Հարցով Թուրքիոյ Մէջ Նոր Գիրք Լոյս Տեսած Է

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?