Մեծ Եղեռնի
50-Ամեակի Ոգեկոչումը
Երբ Թուրքը Կը Փորձէ Ուրանալ,
Արաբ Պատուիրակները Կ՛ընդվզին
Մեր նախորդ թիւերով հաղորդած էինք Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քիփրիանուի արտայայտութիւնները` ՄԱԿ-ի 25 յունուարի ընդհանուր ժողովին մէջ` ի մասին Մեծ եղեռնի յիսնամեակին եւ հայութեան իրաւունքներուն:
Յայտնած էինք նաեւ, թէ ՄԱԿ-ի թուրք ներկայացուցիչը` Օրհան Էրալփ, յաջորդ օրուան (26 յունուար, երեքշաբթի) ժողովին, պատասխանելով Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քիփրիանուի, յայտարարած է, որ` «Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարին կողմէ յիշատակուած ցեղասպանական արարքները գոյութիւն չեն ունեցած երբեք»:
Թուրք ներկայացուցիչը փորձած է այդ կերպով ուրանալ կամ հերքել թրքական ցեղասպանական արարքները: Բայց այդ պարագան ընդվզում յառաջացուցած է արաբ երկիրներու ներկայացուցիչներուն մօտ, որոնք լաւատեղեակ են թուրքերու կողմէ հայերու հանդէպ ի գործ դրուած խժդժութեանց եւ սարքուած կոտորածներուն: Ոչ միայն հայոց հանդէպ գործադրուած ցեղասպանական արարքներուն ականատես եղած են արաբները, այլ շատ լաւ գիտեն, թէ 1915-1917 թուրք կառավարութիւնը արաբներն ալ ենթարկեց հակամարդկային արարքներու եւ ջարդերու:
Այդ պատճառով ալ կարգ մը արաբ ներկայացուցիչներ, լսելէ ետք թուրք ներկայացուցիչին խօսքերը, յայտարարած են. «Երանի՛ թէ Թուրքիոյ ներկայացուցիչը փորձն իսկ չընէր հայկական եղեռնին անդրադառնալու եւ յիշատակութիւնն իսկ չընէր այդ դէպքերուն»։
Միւս կողմէ, կ՛իմանանք, թէ Քիփրիանուի յայտարարութիւնը խոր գոհունակութիւն ստեղծած է հայկական շրջանակներուն եւ ազգ. հաստատութեանց ու մարմիններուն մօտ, որոնք հեռագիներով շնորհաւորած են Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարը եւ յայտնած` իրենց շնորհակալութիւնները անոր կորովի ելոյթին առթիւ:
Յայտարարութիւն
Հայ Ժողովուրդին Ի Սփիւռս Աշխարհի
Յիսուն տարի առաջ, 1915 ապրիլ ամսուն, հայ ժողովուրդը կ՛ապրէր իր կեանքի ճակատագրական պահերէն մին, երբ առանց յարանուանական կամ կուսակցական խտրութեան, մէկ միլիոն հայ կը նահատակուէր, եւ այլ միլիոն մը տեղահանուած, կողոպտուած, կոտորակուած` կը դառնար հայրենազուրկ գաղթական, որուն հայրենի երկրին մեծ մասը, ապրիլեան եղեռնով դատարկուած, մինչեւ այսօր ալ կը մնայ թրքական տիրապետութեան տակ:
Կատարուած ցեղասպանութիւնը, անարդարութիւնն ու իրաւազրկումը համայն հայութեան դէմ էր. զայն ոչնչացնելու փորձ մըն էր: Հայ ժողովուրդը պարտաւոր է, Եղեռնի յիսնամեակին առթիւ, որպէս մէկ ժողովուրդ, մէկ եւ անբաժան ազգ ներկայանալ աշխարհին եւ պահանջել անկէ իր իրաւունքն ու արդարութիւն: Քաղաքական մտածողութեանց տարբերութիւնները արգելք չեն կրնար ըլլալ հասնելու միասնակամութեան, երբ միասնակամութեան պահանջը անկեղծ է:
Հայութեան քաղաքական իտէալն է, անոր անընկճելի կամքն է ու տեւական ձգտումը` հասնելու իր ազատ եւ անկախ գոյութեան, իր սեփական ու ամբողջացած, միացեալ հայրենիքին մէջ: 1965-ը, սակայն, ապրիլեան եղեռնի յիսնամեակն է, թուրք պետութեան եւ ժողովուրդին կողմէ համայն հայութեան հասցուած հարուածին յիսնամեակը. որով այս տարին պէտք էր ըլլար, եւ պէ՛տք է ըլլայ, միմիայն այդ նահատակներու ոգեկոչման նուիրուած եւ հայ ժողովուրդին հասցուած վնասներուն հատուցում պահանջելու տարի. աշխարհին իր պարտաւորութիւնները յիշեցնելու, ամբողջ ցեղ մը աշխարհի երեսէն սրբելու համար գործադրուած ահաւոր ոճիրներուն մատնանշման եւ արդարութիւն պահանջելու տարի, միակամ, միասնակամ` ինչպէս վայել է իր արժանապատուութեան տէր ժողովուրդի մը:
Եղեռնի յիսնամեակը պէտք չէր ծառայեր Հայ դատի լուծման տարբեր ճամբաներու արտայայտութեանց: Ահա այդ գիտակցութեամբ, անցնող ամիսներու ընթացքին խօսակցութիւններ ունեցանք հայ կեանքէն ներս գործող հայ կուսակցութիւններու հետ` միակամ ձեւով պահանջելու համար աշխարհէն, յանուն համայն հայութեան հայ ժողովուրդի իրաւունքները:
Մեր բոլոր փորձերը անցան ապարդիւն, քաղաքական տարբեր մտայնութեան ներկայացուցիչներու անզիջող պնդումին դիմաց` անպայման արտայայտելու քաղաքական միակողմանի պահանջ մը:
Միակ նպատակի մը հասնելու համար կրնան տարբեր քաղաքական մտածողութիւններ գոյութիւն ունենալ, որոնք կը տարբերեն կուսակցութիւնները իրարմէ: Տարբեր մտածողութիւնները իրարու մօտ բերողը կրնայ ըլլալ միմիայն ընդհանրական նպատակը` իր ընդհանրական ձեւին տակ շեշտաւորուած: Այդ եղաւ մեր պահանջը. այդ պարզ իրողութեան բոլորի կողմէ ըմբռնուիլը եղաւ մեր սպասումը: Այդ սպասումով ալ, հակառակ մեր դէմ հանուած անզիջողութեան, հակառակ համայն հայութեան համար արդարութիւն եւ իրաւունք պահանջելու ընդհանրական տարազին շուրջ միանալու մեր առաջարկին մերժուելուն` մենք դարձեալ խուսափեցանք հրապարակային, պաշտօնական արտայայտութիւններէ` յուսալով, սպասելով, որ ի վերջոյ կարելի պիտի ըլլայ բոլորին համար անդրադառնալ, թէ Եղեռնի յիսնամեակի միակամ ոգեկոչման համար միակ ուղիղ ճամբան հայ ժողովուրդի ընդհանուր շահերուն շուրջ կեդրոնանալն էր:
Այդպէս չեղաւ սակայն:
Երկու կուսակցութիւններու անունով խումբ մը ազգայիններ հայ ժողովուրդին ուղղուած կոչ մը հրատարակեցին հայ մամուլին մէջ` այդ քայլով իսկ մերժելով հրապարակաւ (կամ հրապարակով արտայայտելով իրենց մերժումը) համահայկական մօտեցում մը ունենալ գէթ Եղեռնի յիսնամեակին առիթով:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը յայտարարէ համայն հայութեան, թէ իր նպատակը եղած է միշտ ու կը մնայ նոյնը` ծառայել հայ ժողովուրդի շահերուն, յառաջացնել հայ ժողովուրդի միակամութիւնը իր հիմնական նպատակներուն շուրջ:
Այսօր, Եղեռնի յիսնամեակի ոգեկոչման նախօրեակին տարբեր չէ, տարբեր չի կրնար ըլլալ ՀՅ Դաշնակցութեան կեցուածքը:
Որպէս հարազատ արտայայտիչը հայ ժողովուրդի ձգտումներուն, ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը պահանջէ բոլորէն հաւաքական կամքի պողպատացում` ի խնդիր հայուն իրաւունքը եղող ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ
30 յունուար 1965