Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (28 Յունուար 1965)

Յունուար 28, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական Եղեռնի 50-Ամեակը
Կ՛ոգեկոչուի ՄԱԿ-ի Մէջ

Կիպրոսի Արտաքին Գործոց Նախարար
Քիփրիանուի Յայտարարութիւնը

Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կեդրոնէն, Նիւ Եորք, Լեւոն Քէշիշեան կը հեռագրէ մեզի 26 յունուար թուականով.-

Միացեալ ազգերու յունուար 26-ի Ընդհանուր ժողովին առջեւ, պատասխանելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին, Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քիփրիանու յայտարարեց. «Այս կապակցութեամբ ստիպուած եմ, քանի որ այս նիւթը սեղանի վրայ եկաւ, եւ քանի որ մարդս պարտաւոր է մտածել ժողովուրդի մը մասին, որուն մասին չեն մտածեր ուրիշներ, մատնանշել, թէ այս տարի իսկ հայերը ի սփիւռս աշխարհի կ՛ոգեկոչեն 50-րդ տարելիցը մէկուկէս միլիոն անմեղ հայերու զանգուածային կոտորածին Թուրքիոյ մէջ, 1915-ին:

Թուրքիոյ Ներկայացուցիչին Պատասխանը
Շատ Գէշ Տպաւորութիւն Կը Թողու

Այս առաւօտ, 28 յունուար, Լեւոն Քէշիշեանէն ստացանք հետեւեալ հեռագիրը.-

ՄԱԿ-ի մէջ Թուրքիոյ ներկայացուցիչը պատասխանելով Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարին` ըսաւ. «Կիպրոսի ներկայացուցիչը նեղութիւն յանձն առաւ երթալու ետ, անցեալին մէջ, իբր թէ թուրքերու կողմէ գործադրուած կարգ մը կոտորածները յիշելու»:

Թուրք ներկայացուցիչին խօսքերը գէշ տպաւորութիւն թողուցին այն անդամներուն վրայ, որոնք տեղեակ են հայկական ջարդերէն:

 

Երգիծանքը

Երկաթէ Վարագոյրի Ետին

Երկու պուլկարացիներ կը խօսին:

– Որո՞նք են մեր օրերու մեծագոյն կախարդները:

– Ռուսե՛րը:

– Ինչո՞ւ:

– Որովհետեւ անոնք ցորեն կը ցանեն Խորհրդային Միութեան կոյս հողերուն վրայ եւ ցանուած ցորենը կը հնձեն Միացեալ Նահանգներուն մէջ:

 ***

Խորհրդային քաղաքական քարոզիչ մը գործատան մը բանուորներուն խօսելով` կ՛ըսէ.

– Խորհրդային լաւ քաղաքացին պէտք է գործունեայ ըլլայ եւ անհատական նախաձեռնութիւն ունենայ: Նախաձեռնութեան ոգին իր մէջ պէտք է ա՛յնքան զօրաւոր ըլլայ, որ կուսակցութեան բոլոր հրահանգները առանց առարկութեան կատարէ…

***

Մոսկուայի մէջ երկու քաղաքացիներ կը զրուցեն:

– Կարդացի՞ր: Մեր նոր սաւառնակներու մասին «Փրաւտա»-ի գրածը կարդացի՞ր,- կը հարցնէ առաջինը:

– Ո՛չ,- կը պատասխանէ երկրորդը:

– Նշանաւո՜ր են մեր նոր սաւառնակները: Չորս ժամէն Մոսկուայէն Լոնտոն կը հասնին:

– Իրա՞ւ:

– Այո՛:

– Չորս ժամէն Լոնտոն հասնիլը ի՞նչ ընեմ, բարեկա՛մ, երբ չորս տարի պէտք է անցագիր հանելու համար:

 

Հայաստան

Կիլիկիոյ Մանրանկարչութիւնը

Միջնադարեան հայ արուեստի գեղեցիկ մէկ երեւոյթին` հայկական մանրանկարչութեան նուիրուած է «Կիլիկիայի ԺԲ. – ԺԳ. դարերի մանրանկարչութիւնը» նոր աշխատութիւնը, որ վերջերս լոյս տեսած է: Աշխատութիւնը քննութեան կ՛ենթարկէ Կիլիկիոյ մանրանկարչութեան զարգացումը անոր ամէնէն բարձր ծաղկուն շրջանին:

Գիրքին հեղինակը` Լեւոն Ազարեան, ցոյց կու տայ կիլիկեան մանրանկարչութեան զարգացման պատկերը: Ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս բուն Հայաստանի գեղարուեստական աւանդութիւններու եւ Բիւզանդիոնի եւ մասամբ նաեւ Արեւմուտքի արուեստին հիման վրայ կը ձեւաւորուի անոր ոճը, որ աչքի կը զարնէ իր նրբութեամբ եւ նրբագեղութեամբ: Գիտնականը կը փորձէ դասաւորել մանրանկարիչներու դպրոցները` զանոնք դասակարգելով ըստ այն ժամանակուան գրչութեան հիմնական կեդրոններուն` Դրազարկ, Սկեւր եւ Հռոմկլայ:

Ազարեան առանձին գլուխ մը յատկացուցած է մանրանկարչութեան ծանօթ վարպետ Թորոս Ռոսլինի: Վերլուծելով անոր ստեղծագործութիւնները` հեղինակը այն եզրակացութեան կը յանգի, որ ասոնք ոճի տեսակէտէն կը տարբերին անանուն այն գործերէն, որոնք աւանդաբար կը վերագրուին Ռոսլինի: Ան կ՛ենթադրէ, թէ այդ անանուն գլուխ գործոցներուն ետեւ պահուըտած են Ռոսլինի ժամանակակից նկարիչներուն անունները, որոնք վարպետութեամբ եւ ինքնատիպութեամբ համազօր են անոր արուեստին:

«Կիլիկիայի ԺԲ. – ԺԳ. դարերի մանրանկարչութիւնը» գիրքը հայկական մանրանկարչութեան այդ ժամանակաշրջանը լուսաբանելու առաջին փորձն է Հայաստանի մէջ:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Հիմնարկէքը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?