Այսպէ՞ս Կը Պաշտպանուի
Արդարութիւնը
Ամերիկացի ծանօթ գրագէտ Արթըր Միլըր գրած է նոր թատրոն մը` «Դէպք Վիշիի մէջ», որուն նիւթը կը կազմէ Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին հրեաներու դէմ հալածանքը Ֆրանսայի մէջ, նացիներու տիրապետութեան շրջանին, եւ անշուշտ` անոնց միջոցով կամ դրդումով: Սակայն արուեստագէտը կը խորանայ նիւթին մէջ ու կը շօշափէ հարցեր, որոնք կապ ունին մարդկային հոգեբանութեան գաղտնիքներուն հետ. ինչո՞ւ անտարբեր ենք մեր նմաններու տառապանքին հանդէպ: Կամ մեղսակից ենք եւ` հազուադէպօրէն ազնիւ, պաշտպանելու համար հալածուածներն ու անիրաւուածները:
Որովհետեւ հարցը կը վերաբերի քաղաքական պատճառներով ժողովուրդի մը բնաջնջման կամ ցեղասպանութեան, այս պարագային` նացի Գերմանիոյ կողմէ հրեաներուն դէմ, նիւթը նկատելի չափով մը կը մօտենայ բոլոր հալածուած եւ տկար ժողովուրդներուն կամ անհատներուն, որոնք զոհ դարձած են, կամ կը դառնան այսօր իսկ, իրենց վրայ իշխող զօրաւորներու վայրագութեան:
Մարդիկ ընդհանրապէս կրնան ազնիւ ըլլալ, կամ երեւիլ, կամ բարեգործութիւններ կատարել, իրենց կարողութեան սահմաններուն մէջ. սակայն, դժբախտաբար, շատ քիչ անգամ, այնքան ազնիւ են, որ յանդգնին իրենց անձն իսկ զոհելու գնով պաշտպանել անիրաւուած անհատ մը կամ ժողովուրդ մը: Իսկ քաղաքական անձնաւորութեանց պարագային, այդ անազնուութիւնը կը հասնի երբեմն կատարեալ անխղճութեան, որովհետեւ շահն է, որ կը խօսի գլխաւորաբար իրենց մէջ:
Հայ ժողովուրդը նուա՞զ դառն փորձառութիւն ձեռք ձգեց արդեօք` իր ժամանակակից պատմութեան ողբերգական անցուդարձերու ընթացքին:
Սակայն պահ մը ձգենք քաղաքագէտներու դասը եւ հետեւինք արուեստագէտ ու մտաւորական դասակարգին, որ նիւթ կը հայթայթէ այս խորհրդածութիւններուն:
Բ. Աշխարհամարտէն ի վեր ամերիկեան մամուլին եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքի մէջ յաճախ կը խօսուի «նացի Գերմանիոյ բարբարոսութեան» շուրջ: Բազմաթիւ յօդուածներու, գիրքերու, թատրոնի, շարժանկարի նիւթ կը դառնայ այդ պարագան, աւելորդ է ըսել` կատարելապէս իրաւացիօրէն:
Սակայն մարդ այն տպաւորութիւնը կը ստանայ այս երեւոյթներէն, թէ կարծէք առաջին անգամն է, որ ժողովուրդ մը այնքան դժխեմ բախտի կ՛արժանանայ, եւ դարձեալ առաջին անգամ ըլլալով է, որ ուրիշ ժողովուրդ մը այնքան վայրագ բնազդներ ցոյց կու տայ… Նոյնիսկ «Ն. Ե. Թայմզ»-ի նման լաւատեղեակ թերթ մը քանի մը օր առաջ խմբագրականի մը միջոցով կը յայտարարէր ի միջի այլոց. «Հիթլեր յաջողեցաւ մէկ բանի մէջ գէթ, արժեզրկեց մարդուն կեանքը»:
Դատաստանը ճիշդ է, սակայն` թերի:
Արդեօք առաջի՞ն անգամ ըլլալով է, որ մարդու կեանքը կ՛արժեզրկուէր Հիթլերի եւ իր ոճրագործ ընկերներուն նախճիրներով: Նախընթաց չկա՞ր` մարդը ոչխարի նման մորթելու, նոյնիսկ անասուններէն աւելի վայրագ ձեւով փողոտելու, ցիցի վրայ, կամ սուինահար սպաննելու:
Լուր չունի՞ն օսմանեան թուրքերու, «Երիտասարդ թուրքեր»-ու եւ քեմալական թուրքերու հաւասարապէս ի գործ դրած զանգուածային» ոճիրներէն, հայերու եւ յոյներու կոտորածներէն:
Միլիոնաւոր զոհերու այս նահատակութիւնը ինչո՞վ պակաս է, եթէ ոչ աւելի, ու ապահովաբար աւելի, հիթլերական ոճիրներէն:
Եւ որովհետեւ յիշեցինք ակամայ «Երիտասարդ թուրք»-երը, դժբախտաբար հարկադրուած ենք դիտել տալու, թէ ամերիկեան մամուլի բազմաթիւ աշխատակիցներ, լրատու գործակալութիւններ վերջերս ողբալի թեթեւամտութեամբ սխալ մը կը գործեն:
Հարաւային Վիեթնամի մէջ պատահած սպաներու ապստամբութիւնը յաճախ կը յիշեն` իբրեւ «Երիտասարդ թուրքեր»-ու ըմբոստութիւն: Ինչո՞ւ, ի՞նչ բաղդատութեամբ, եւ ի՞նչ ուզելու համար չենք դիտեր:
Միակ բացառութիւնը տեսանք այս առթիւ «Պոսթըն Կլոպ»-ի մէջ (յունուար 3), ուր լրագրող Ռիչըրտ Քորիկըն բացատրութիւն մը տալով «Երիտասարդ թուրքեր»-ու խմբակին մասին` կը յիշէ անոնց պարագլուխները` Թալէաթն ու Էնվերը, որոնք «յեղափոխութեան լծուեր են» իրենց հայրենիքը «Եւրոպայի հիւանդ մարդ»-ը առողջացնելու համար, եւ վերագրաւելու` իրենց երկրին կորսնցուցած հողերը:
Պարզապէս յօդուածագիրը կը թողու այն տպաւորութիւնը, թէ հայրենասէր մարդիկ եղած են «Երիտասարդ թուրքեր»-ը թէեւ սխալած` իրենց քաղաքական հաշիւներուն մէջ:
Իսկ անոնց գործադրած կամ հրահանգած հայկական ջարդե՞րը, գազանային ցեղասպանութի՞ւնը… Բա՛ռ չկայ այս մասին:
Ապահովաբար միւս թերթերն ալ այդ իմաստով կը յիշեն «Երիտասարդ թուրքեր»-ը:
Երբ այսպէս կը յիշուի թուրք ցեղասպաններու խմբակը, այսօր, իբրեւ պարզ բառախաղի նիւթ կամ իբրեւ «զինուորական ըմբոստութեան տիպար», արդեօք սխա՞լ է երեւակայել, թէ յիսուն տարի յետոյ հիթլերական ոճրագործներու համար եւս նման «հայրենասիրութիւն» կամ «իրենց երկիրը փրկելու ձգտող» մարդոց հեքիաթ մը կարելի պիտի ըլլայ հիւսել, ճարտա՜ր լրագրողներու միջոցով, որոնք, դժբախտաբար, քանի մը հոգի ալ չեն:
Այսպէ՞ս պիտի պաշտպանուի արդարութիւնը` անտեսելով միշտ «հինցած» զոհերը…: Մոռնալով «հին» ցեղասպանները…
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»