Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (24 Յունուար 1965)

Յունուար 24, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ծեր Առիւծը» Երէկ Տապալեցաւ
Վերջապէս

Ուինսթըն Չըրչիլ («Մեծագոյնը Մեծերուն»)
Շիջեցաւ Երէկ Առտու 90 Տարեկան Հասակին,
9
Օր Պայքարելէ Ետք Մահուան Դէմ

Պաշտօնական Յուղարկաւորութիւն Շաբաթ Օր
–
Մարմինը Երեք Օր Պիտի Ցուցադրուի Ուէսթմինիսթրի Մէջ
–
Ցաւակցական Հեռագիրներ Բոլոր Կողմերէն

Մահաքունէ մը ետք, որ տեւեց ինը օր, սըր Ուինսթըն Չըրչիլ խաղաղօրէն եւ առանց տառապելու շիջեցաւ կիրակի, 24 յունուար, առաւօտեան ժամը 10:00-ին (Պէյրութի ժամ):

Ամբողջ աշխարհը հաշտուած էր մահուան հետ «ծեր առիւծ»-ին, որ կը մղէր իր վերջին պայքարը` զարմանալի տոկունութեամբ մը, 90 տարեկան հասակին:

Անգլիոյ վարչապետ Հարոլտ Ուիլսըն վարչապետին մահը իմանալէ ետք յայտարարեց.

«Սըր Ուինսթընի համար պիտի լան համայն աշխարհի մէջ բոլոր անոնք, որոնք այնքան բան կը պարտին իրեն: Ան ներկայիս կը հանգչի խաղաղութեան մէջ, կեանքէ մը ետք, որուն ընթացքին պատմութիւնը կերտեց, եւ որ պիտի յիշուի այնքան ատեն, որքան պատմութիւնը պիտի կարդացուի»:

Իսկ Էլիզապէթ թագուհին հետեւեալ հեռագիրը ղրկեց լէյտի Չըրչիլին. «Սըր Ուինսթըն Չըրչիլի մահուան լուրը զիս եւ ամուսինս մատնեց ահռելի վիշտի: Ձեզի եւ ձեր ընտանիքին կը ղրկենք մեր ամէնէն խոր համակրանքի արտայայտութիւնը: Այս բազմերես հանճարին անհետացումը կորուստ մըն է ամբողջ աշխարհին համար, մինչ մեր երկրին եւ հասարակապետութեան քոյր ազգերուն վերապրումը իրենց սպառնացող մեծագոյն վտանգին դիմաց, յաւիտենական յուշարձան մը պիտի ըլլայ պետի իր արժանիքներուն, իր պայծառատեսութեան եւ անընկճելի քաջութեան յիշատակին»:

Լորտերու ժողովը կանչուեցաւ երկուշաբթի կէսօրէ ետք` յարգելու համար սըր Ուինսթընի յիշատակը:

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը` Հիւպերկ Համֆրի այս առտու յայտարարեց, թէ ժողովրդավարութիւնը կորսնցուց իր ամէնէն քաջարի ախոյեանը:

«Օրինակը, որ կու տայ» քաջութեան եւ հոգեկան ուժի, քաղաքական մեծութեան եւ անձնուիրութեան, յաւիտենեանս պիտի ապրի մարդոց սրտին մէջ», ըսաւ Համֆրի:

Պետական Պաշտօնական Յուղարկաւորութիւն

Թագուհին պետական պաշտօնական յուղարկաւորութիւն պիտի պահանջէ սըր Ուինսթըն Չըրչիլի համար:

Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սեն Փոլ տաճարին մէջ, շաբաթ, յունուար 31-ին:

Նախապէս, սըր Ուինսթընի մարմինը, չորեքշաբթիէն սկսեալ, երեք օր պիտի ցուցադրուի «Ուէսթմինսթըր հոլ»-ի մէջ:

Ամբողջ Անգլիոյ մէջ հանրային բոլոր շէնքերու դրօշակները կէս պարզուեցան, անմիջապէս որ իմացուեցաւ սըր Ուինսթընի մահը:

Տը Կոլի Հեռագիրը

Զօրավար տը Կոլ հետեւեալ հեռագիրը ղրկեց Էլիզապէթ թագուհիին.

«Տիկի՛ն,

«Ֆրանսա խորապէս կը զգայ սուգը, որ կը հարուածէ Անգլիան:

«Իմ երկրիս մէջ բոլորին ու ինծի համար սըր Ուինսթըն է եւ պիտի մնայ ան, որ մինչեւ յաղթանակ վարելով Անգլիոյ պատերազմին հիանալի ճիգը` զօրեղապէս սատարեց ֆրանսացի ժողովուրդին փրկութեան եւ աշխարհի ազատութեան:

«Այդ մեծ ողբերգութեան մէջ ան եղաւ մեծագոյնը:

«Կը խնդրեմ Ձեր Վեհափառութենէն` ընդունիլ տխրամած յարգանքի հաւաստիքը»:

ԶՕՐԱՎԱՐ ՏԸ ԿՈԼ

Շատ հաւանական է, որ զօրավար տը Կոլ Լոնտոն երթայ` ներկայ գտնուելու համար Չըրչիլի յուղարկաւորութեան:

 

Վեհափառը Պարգեւատրուած Է
Եթովպական Առաջին Կարգի Շքանշանով

Ն. Ս. Օծութիւնը Պիտի Ժամանէ Այսօր
Երկուշաբթի, Երեկոյեան Ժամը 7:30-ին

Կաթողիկոսարանի դիւանէն ստացանք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.-

Այսու հաճոյքն ունինք յայտնելու յարգոյ հասարակութեան, թէ նորին վեհափառութիւն Եթովպիոյ Հայլէ Սալասիէ Ա. կայսրը պարգեւատրած է Ս. Աթոռիս վեհափառ հայրապետը, Խորէն Ա. կաթողիկոսը Սապա թագուհի Ա. կարգի շքանշանով:

Բաց աստի, կը յայտնենք, թէ Ատիս Ապեպայի Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու համաժողովը, իր աշխատանքները աւարտած ըլլալով, վեհափառը իր գլխաւորած պատուիրակութեան հետ միասին, Պէյրութի միջազգայի օդակայանը պիտի ժամանէ երկուշաբթի, 25 յունուար 1965, երեկոյեան ժամը   ճիշդ 7:30-ին:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

24 յունուար 1965, Անթիլիաս

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Անթիպիոթիքներ Ծովերուն Խորերըշ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In