Տոմսեր
Պետրոս Աղբարը
Մեր քաղաքին Կարմիր խաչի գրասենեակը մտաւ խեղճուկ մարդ մը: Ձեռքը` լրագրի մէջ փաթթուած «բան մը»:
Մօտեցաւ ողբացեալ Շանթին.
– Ընկե՛ր Շանթ, ասի առա՛, մեր չոճուխներուն դպրոցին համար…
Լեւոն Շանթ դողդոջուն մատներով բացաւ ծրարը, ինչպէս երեխան կը բանայ իր խաղալիքի ծրարը:
Ու լրագրին ծալքերէն դուրս ինկաւ տրցակ մը… տոլար: Համրեցինք: Հազար հատիկ մէկնոց…
Ողբացեալ ընկերոջ աչքերը լեցուեցան: Վերէն վար չափեց «մեր չոճուխներուն» վիճակով մտահոգ անգրագէտ գեղացին, որուն վրայ – գլուխը մեղքնալիք բան մըն էր:
– Բայց, դուն, ինքդ, պէտք կրնաս ունենալ այս դրամին, սիրելի՛ս… Ա՛ռ… Ես մէջէն երկու-երեք հատ վերցնեմ, մեր դպրոցին համար կը բաւէ…
– Չէ՛, ասի չեղաւ, ընկե՛ր Շանթ: Ես ընձիս խորհեցայ, օր մեր չոճուխները ընձից աւելի պէտքութիւն կ՛ունենան… Ասա՛, ես սորվեցայ, օր քանի ազգիս տամ նը, Աստուած ալ ընձից կըտայ…
* * *
Պետրոս Աղբար էր անունը այս բարի մարդուն:
– Վաճառակա՞ն էր: Ո՛չ: Սեղանաւո՞ր: Ո՛չ: Եկամուտներով ապրող մէ՞կը: Ո՛չ:
– Հապա՞:
Փերեզակ մը: Ունէր խանութ մը, որ միաժամանակ իր տունն ալ էր: Խեղճուկ խանութ մը` կորսուած փողոցի մը անկիւնը, կը ծախէր կաթ ու պանիր, հաց ու շաքար, շոքոլա եւ ծխախոտ, լրագիր ու ձիւթ եւ ուրիշ մանր-մունր բաներ:
Փողոցին լակոտները ներս-դուրս կը վազվզէին եւ կը թռցնէին Պետրոս Աղբօր ձիւթը, շաքարը, օշարակը: Երբեմն, նոյնիսկ կը կոտրէին ապակիները:
Խանութին մէկ անկիւնը, գետինը նետուած էր անկողինին պատրանքը տուող բան մը, որուն վրայ կը պառկէր Պետրոս Աղբարը` վերջին քառասուն տարիներուն:
– Ատ ձեր ըսածը հաւատալիք բան չէ:
Այս պայմաններուն մէջ ապրող մէկը ինչպէ՞ս կրնայ այդքան դրամ տալ եկեղեցիին, ապշեցաւ անգամ մը Խորէն արքեպիսկոպոս, այսօր` կաթողիկոս Կիլիկիոյ:
Իրա՛ւ, հաւատալիք բան չէր: Բայց հաւատացէ՛ք, որ Պետրոս Աղբարը 1957-1964 իր գեղին եկեղեցիին անունով մկրտուած եկեղեցիին նուիրեց քառասուն հազար կանաչ տոլար, իսկ Պէյրութի Ճեմարանին հինգ հազար…
Պետրոս Աղբարն էր, որ անցեալ տարի հացկերոյթի մը ընթացքին իր մատներով վառեց շէնքին պարտամուրհակը` դրամատան վճարելով «ազգին վերջին տալիքը»` տասնհինգ հազար տոլար:
Այդ օրէն ասդին, լապտեր ի ձեռին, Պետրոս Աղբօր սիրտը ունեցող մէկը կը փնտռեմ ունեւորներու արտին մէջ:
Չեմ գտած: Գտնելիք ալ չունիմ:
ԵՒՐՈՊԱՑԻ
Խորէն Ա. Կաթողիկոս
Ատիս Ապեպա Մեկնեցաւ
Երէկ` երեքշաբթի, 12 յունուար 1965, կէսօրէ ետք ժամը ճիշդ 3:30-ին Խորէն Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ յունահայոց առաջնորդ Սահակ արքեպիսկոպոսի, կիպրահայոց կաթողիկոսական փոխանորդ Երուանդ ծ. վարդապետի եւ գաւազանակիր-քարտուղար Սուրէն վարդապետի, Ատիս Ապեպա մեկնեցաւ, մասնակցելու համար Եթովպիոյ կայսեր Հայլէ Սելասիէ Ա.-ի հրաւէրով Արեւելեան ուղղափառ եւ դաւանակից քոյր եկեղեցիներու գումարուելիք պատմական համաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ յունուար 14-28:
Վեհափառ հօր ողջերթ մաղթելու համար Անթիլիասի կաթողիկոսարանը եկած էին լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եւ պետական երեսփոխան մեթր Խաչիկ Պապիկեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ ազգայիններ:
Ներկաները, միաբան վարդապետներու հետ, ինքնաշարժներու երկար շարքով մը ընկերակցեցան վեհափառ հայրապետի թափօրին, որ օդակայան հասաւ ժամը 3:15-ին, մոթոսիքլիստ ոստիկաններու առաջնորդութեամբ:
Օդակայանի պատուոյ հիւրասրահի մուտքին վեհափառը դիմաւորուեցաւ լիբանանեան կառավարութեան ներկայացուցիչ Իզզէտտին Խուրշիտի, ուղղափառ ասորւոց պատրիարքին եւ իր պատգամաւոր եպիսկոպոսներուն, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի ընդհանուր փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Թերզեանի, պետական հայ երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեանի, Սուրէն Խանամիրեանի, Անտրէ Թապուրեանի, ազգային իշխանութեանց եւ մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ մեծ թիւով երեւելի ազգայիններու կողմէ:
Մօտ տասը վայրկեան հանգիստէ եւ ապա ողջերթի աջահամբոյրէ ետք վեհափառ հայրապետը իր պատգամաւորներով օդանաւ բարձրացաւ:
Նոյն օդանաւով մեկնեցաւ նաեւ ասորւոց պատրիարք Հոմսի, իր պատգամաւորներով:
Օդանաւը երեկոյեան ժամը հինգին պիտի հասնէր Գահիրէ, ուր գիշերային հանգիստէ մը ետք, առաւօտեան ժամը երեքին կրկին թռիչք պիտի առնէր դէպի Ատես Ապեպա: