Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (26 Յունուար 1965)

Յունուար 26, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորէն Ա. Վերադարձաւ Երէկ

Վեհափառը Ժողովրդային Խանդավառ
Ընդունելութեան Արժանացաւ

Խորէն Ա. կաթողիկոս, Ատիս Ապեպայէն Անթիլիաս վերադառնալով, երէկ` երկուշաբթի, 25 յունուար 1965, երեկոյեան ժամը ճիշդ 7:30-ին Ատիս Ապեպա-Ասմարա-Գահիրէ օդային ճամբով Խալտէի միջազգային օդակայանը հասաւ` ընկերակցութեամբ Ատիս Ապեպայի Ուղղափառ եկեղեցիներու ժողովին մասնակցող Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատգամաւորներ` յունահայոց առաջնորդ Սահակ արքեպիսկոպոսի, Անթիլիասի դպրեվանքի վերատեսուչ Գարեգին եպիսկոպոսի եւ գաւազանակիր-քարտուղար Սուրէն վարդապետի:

Նոյն օդանաւով վերադարձաւ նաեւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքը:

Օդակայան էջքին վեհափառ հայրապետը արժանացաւ ժողովրդային խանդավառ ընդունելութեան:

Դիմաւորելու եկած էին լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս, կաթողիկէ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Թերզեան, միաբան վարդապետներ, քահանայ հայրեր, պետական հայ երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան, մեթր Խաչիկ Պապիկեան, Սուրէն Խանամիրեան եւ Անտրէ Թապուրեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան եւ ազգային մարմիններու ու կազմակերպութեանց անդամներ եւ երկսեռ հոծ բազմութիւն մը:

Օդակայանի պատուոյ հիւրասրահին մէջ վեհափառ հայրապետը, խորապէս զգացուած ժողովրդային ջերմ ընդունելութենէն, շնորհակալութեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ իր անձին եղած այս պատիւը կը պատկաի Հայաստանեայց Ս. եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:

Այնուհետեւ, մոթոսիքլեստ ոստիկաններու առաջնորդութեամբ եւ ինքնաշարժներու երկար թափօրով վեհափառը Անթիլիաս մեկնեցաւ, ուր վարդապետներու, քահանայ հայրերու եւ դպրեվանքի սաներու կողմէ, թափօրով մուտք գործեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճար: Կատարելէ ետք կանոնական աղօթքը, անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ հաւատացեալներուն, օրհնեց եւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան Ատիս Ապեպայի ժողովին մէջ ունեցած գործունէութեան մասին ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ` յայտնելով, թէ շուտով մամուլի միջոցով անհրաժեշտ տեղեկութիւնները պիտի տրուին մասնաւոր հաղորդագրութիւններով:

Ապա, թափօրով եւ «Որ զշնորհս աստուածային…» շարականով, վեհափառ հայրապետը առաջնորդուեցաւ վեհարանի դահլիճը, ուր խօսք առին վեհափառն ու Գարեգին սրբազան եւ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր:

 

Ուինսթըն Չըրչիլ
Ազատութեան Ռահվիրան

Իր Մահով Ամբողջ Դարաշրջան Մը Վերջ Կը Գտնէ

Չըրչիլ մեռաւ:

Ու իրեն հետ ամբողջ դարաշրջան մը վերջ գտաւ:

Կորաքամակ այս ծերունին` «Ծեր առիւծը», եղաւ խորհրդանիշը ազատութեան այն պահուն, երբ նացի բանակը անողորմ կերպով կը քալէր աշխարհի վրայ: Ան վստահ էր, թէ Անգլիան չէր կրնար կորսնցնել քաղաքակրթութեան գերագոյն ճակատամարտը, եւ իրաւունք ունեցաւ:

Պատմութեան ամէնէն անդոհալի պահուն ան ունեցաւ հաւատքը, որ ժողովուրդները ոտքի կը հանէ: Ու միայն անգլիացիներու հաւատքը չէ, որ ամրացուց, այլ` բոլոր մարդոց, որոնք ազատութիւն կ՛ուզէին:

Մեծ եղաւ իր քաջութիւնը, աւելի մեծ` իր քաղաքական պայծառատեսութիւնը: Համբերութեամբ դարբնեց զինակցութիւնը Միացեալ Նահանգներու հետ եւ այդ զինակցութիւնը ի վերջոյ դարբնեց պատերազմի ճակատագիրը: Ու մինչեւ այսօր իր զօրաւոր դաշնակիցները կը կրեն հետեւանքները զինք լսած չըլլալու:

Այս մարդը մեծ եղաւ: Փրկեց աշխարհը: Ու աշխարհը պիտի յիշէ զինք:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ռասել Փոլարտ. «ԼՂՀ Ճանաչումը Ներկայիս Սահմաններով Միակ Մարդասիրական Լուծումն Է»

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In