Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (2 Փետրուար 1965)

Փետրուար 2, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի 25, 26 Եւ 27 Յունուարի Նիստերուն
Արձանագրութիւնները

Թրքական Ցեղասպանութեան Մերկացումն Ու
Պախարակումը Կիպրոսի
Արտաքին Գործոց Նախարարին Կողմէ

Պատմաբան Թոյնպիի Վկայութիւնը Հայկական Ջարդերու Մասին

Մեր յաջորդական երեք թիւերուն մէջ ամփոփ կերպով ներկայացուցինք Լեւոն Քէշիշեանի հեռագրական տեղեկութիւնները այն յայտարարութեանց մասին, զորս ըրեր էին Կիպրոսի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները կիպրական հարցի շուրջ ՄԱԿ-ի մէջ ստեղծուած վիճաբանութեան առիթով:

Ստացած ըլլալով Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան 25, 26 եւ 27 յունուարի ատենագրական արձանագրութիւնները` ստորեւ կը ներկայացնենք յատկապէս Հայկական եղեռնին հետ կապ ունեցող փոխադարձ արտայայտութիւնները, որպէսզի ընթերցողները ամբողջական գաղափար մը ունենան արծարծուած կէտերուն շուրջ.

25 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻ ՆԻՍՏԻՆ ՄԷՋ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Էրքին, անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ հելլէն փոքրամասնութեան վայելած «ազատութիւններուն» ու մեղադրելով յոյները` Կիպրոսի մէջ թուրքերու հանդէպ ցոյց տրուած վերաբերումին առթիւ, շեշտած է մասնաւորաբար.

– «Մարդկային խիղճը չի կրնար ներել, որ ամբողջ համայնք մը քանդելու փորձ կատարուի եւ ոտքի կոխան դառնան մարդկային տարրական իրաւունքներ: Վստահ եմ, որ այս ժողովը իր որոշումներուն մէջ պիտի ներշնչուի մարդկային ազատութեան սկզբունքներէն, երբ քննէ Կիպրոսի ապագայ գոյավիճակին հարցը»: (Տե՛ս էջ 29):

Պատասխանելով Էրքինի այս ամբաստանութեան` Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քիփրիանու դիտել տուած է, թէ ինք երբեք նպատակ ունեցած չէր խնդրոյ առարկայ դարձնելու ջարդերու խնդիր մը, ու քանիցս շեշտած էր, որ Կիպրոսի թուրքեւհելլէն կռիւներն ու սպանութիւնները ցաւալի դէպքեր են:

Թուրքիոյ ներկայացուցիչը, սակայն, երկու անգամ հելլէններու կողմէ ի գործ դրուած «ջարդերու» ամբաստանութիւն մը յեղյեղած ըլլալով` հարկ տեսած է յիշեցնելու.

– «Ես զիս հարկադրուած կը զգամ այս ուղղութեամբ արտայայտուելու, երբ նկատի կ՛ունենամ մանաւանդ որ հայերը իրենց մասին մտածողներ չունին այստեղ: Կ՛ուզեմ յայտնել այս ժողովին, թէ այս տարի հայերը պիտի ոգեկոչեն իրենց նահատակները` բովանդակ աշխարհի մէջ. պիտի կատարեն 50-ամեակը եղեռնի մը, զոր թուրքերը գործեցին յիսուն տարի առաջ, 1915-ին, մէկուկէս միլիոն հայեր զանգուածային ջարդի ենթարկելով»: (Տե՛ս էջ 63):

26 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻ ՆԻՍՏԻՆ ՄԷՋ Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Օրհան Էրալփ, յայտնապէս ջղայնացած Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակութենէն, հետեւեալ պատասխանը տուած է Քիփրիանուի յայտարարութեանց.

– Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քիփրիանու յուսահատական փորձ կ՛ընէ վարկաբեկելու Թուրքիան` դիմելով անցեալի էջերուն եւ ակնարկելով ջարդերու, որոնք իբր թէ տեղի ունեցած են թուրքերու կողմէ: Կը յանձնարարեմ, որ Քիփրիանու կարդայ ծանօթ պատմաբան Առնոլտ Թոյնպիի «Արեւմտեան հարցը Յունաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ» անուն հատորը` տեսնելու համար, թէ յոյները ինչպէ՞ս անմեղ թուրքեր ջարդած են Կրետէի եւ Փոքր Ասիոյ մէջ»: (Տե՛ս էջ 76, 26 յունուարի ատենագրութեանց մէջ):

27 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻ ՆԻՍՏԻՆ ՄԷՋ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քիփրիանու, այս անգամ պատասխանելով Էրալփի վերագրումներուն եւ ակնարկութեանց, շեշտած է մասնաւորաբար.

– Թուրքիոյ ներկայացուցիչը կրկին խօսեցաւ ջարդերու մասին: Ես առաջինը չեղայ այս հարցը քրքրող, որովհետեւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն կողմէ երկու անգամ հելլէններու «ջարդարարութեանց» մասին լսելէ ետք է, որ հարկադրանքը զգացի յիշեցնելու նոյնինքն թուրքերու կողմէ կատարուած սպանդները, եւ, մասնաւորաբար, մէկուկէս միլիոն հայերու վրայ ի գործ դրուած ցեղասպանական արարքը:

«Թուրքիոյ ներկայացուցիչը պատմաբան Թոյնպիի գործե՞րը կը յիշատակէ իբրեւ վկայութիւն` իր ամբաստանութեանց: Ես պիտի յանձնարարէի, որ` Թուրքիոյ ներկայացուցիչը լրիւ կարդար Թոյնպիի բոլոր գործերը` տեսնելու համար, թէ իր երկիրը եւ պետութիւնը ինչպէ՛ս ուզած են բնաջնջել հայերը եւ կազմակերպած են ջարդերը:Յարգելի՛ ներկայացուցիչը հաւանօրէն շատ բան կարենայ գտնել հոն` Թուրքիոյ կողմէ ի գործ դրուած ցեղասպանական արարքներու մասին»:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Յուշատետր. «Այսօր Քեզ Շատ Լաւ Տեսայ»

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?