Խմբագրական
Թուրքիա Մտահոգ
Ա.
Կիպրական տագնապին, աւելի ճիշդը` յունական այդ կղզիին վրայ իր կամքը պարտադրելու անկարողութեան հաստատումէն ի վեր, թրքական դիւանագիտութիւնը նոր ուղղութիւն մը կը փնտռէր: Վերջին շաբաթներու դէպքերը, Անգարայի պատասխանատու վարիչներուն կատարած յատկանշական յայտարարութիւններն ու այդ առթիւ թրքական մամուլին մէջ երեւցած ուշագրաւ յօդուածները, ուր անսովոր գաղափարներ ու մտածումներ տեղ կը գտնեն, կը թուին ցոյց տալ, թէ Թուրքիա գործնական քայլեր կ՛առնէ այդ փնտռտուքին մէջ:
Այս բոլոր երեւոյթներուն հետ, զուգահեռ գծով մը ու հետեւանքներու ճամբով, կ՛արծարծուին նաեւ կարգ մը հարցեր, որոնք կը կապուին թրքական բարձրաւանդակին, եւ անոր դրացի երկիրներն ու Թուրքիոյ հետ առկախ հաշիւ ունեցող ժողովուրդները կը մղեն ուշադիր կերպով հետեւելու անցուդարձերուն:
Երեսուն տարուան բացակայութենէ մը ետք Թուրքիան պաշտօնապէս այցելեց Մոսկուա` յանձինս իր արտաքին գործոց նախարարին: Որքան ալ այս այցելութեան առիթ տուող պատճառը անմիջականօրէն Կիպրոսի տագնապն էր, այսուհանդերձ, այդ ճամբորդութիւնը կը մտնէր այն ընդհանուր հոլովոյթին մէջ, որ կը տեսնուի միջազգային քաղաքական կեանքէն ներս, եւ որմէ չ՛ուզեր ետ մնալ Թուրքիան, թէեւ` որոշ յապաղումով:
Գրեթէ որոշ է, թէ ի՛նչ խօսեցան Էրքին եւ խորհրդային վարիչները Քրեմլինի պատերուն ետին: Առնուազն պերճախօս էր այն միացեալ հաղորդագրութիւնը, որ այդ խօսակցութիւններէն ետք հրատարակուեցաւ Մոսկուայի եւ Անգարայի մէջ: Խորհրդային Միութիւնը ոչ միայն ջուր կը խառնէր իր գինիին մէջ` Կիպրոսի հարցին առնչութեամբ, Մակարիոսին շռայլ խոստումներ տալէ ետք, այլ նաեւ Թուրքիոյ «թանկագին» բարեկամութեան սիրոյն կը վերահաստատէր, թէ հողային որեւէ պահանջ չունի Թուրքիայէն:
Էրքին ակնյայտ գոհունակութեամբ մը կը վերադառնար Մոսկուայէն` պատրաստելու համար գետինը խորհրդային խորհրդարանական պատուիրակութեան այցելութեան: Խորհրդային ղեկավար Նիքոլա Փոտկորնիի գլխաւորութեամբ Անգարա ղրկուող պատուիրակութիւնը կու գար կատարելու հաստատում մը: Պիտի չափէր լայնքը այն ճեղքին, որ Կիպրոսի տագնապին առթիւ բացուած էր Թուրքիոյ եւ Արեւմուտքի զինակցութեան եւ բարեկամութեան մէջ:
Այսօր այդ ճեղքը իրականութիւն մըն է ու այդ ճեղքին ընդմէջէն է, որ Անգարա նոր ճամբաներ կը գծէ իր դիւանագիտութեան համար` իր հիւսիսի եւ հարաւի դրացիներուն մօտենալու ձգտումով:
Հիւսիսի դրացիին ուղղութեամբ բաւական քայլեր առնուած են: Հարաւի մէջ, որ արաբական աշխարհն է, թրքական առաքելութիւն մը ներկայիս շրջապտոյտ կը կատարէ արաբական երկիրներու մէջ` բացատրելու համար թրքական դիւանագիտութեան նոր ուղղութիւնը, որ բաւական տարբեր է 1952-1955 տարիներու ուղղութենէն, երբ Թուրքիան կը հանդիսանար առանցքը Պաղտատի ուխտին եւ շաղկապը այդ ուխտին եւ Ատլանտեանի զինակցութեան միջեւ:
Այդ թուականներէն ի վեր աւելի քան տասը տարիներ անցած են եւ ոչ միայն քաղաքական միջազգային կեանքը խոր փոփոխութիւններու ենթարկուած է, այլ նաեւ Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի ամբողջութիւնը ընդհանուր զինակցութեան մը մէջ առնելու Արեւմուտքի փորձերը բախած են Անգարայի եւ Գահիրէի հակադիր բեւեռներու հակամարտութեան: Այս շրջանը Թուրքիոյ շուրջ համախմբելու ճիգերը, որոնք հակաբնական կացութեան մը իրենց ձգտումին պատճառով ապարդիւն մնացին, Կիպրոսի տագնապին առթիւ, Անգարան բերին այն համոզման, թէ քաղաքական ուղղութեան սրբագրութիւն մը անհրաժեշտ է: Որովհետեւ, հակառակ Արեւմուտքի ամբողջ բարեացակամութեան, Թուրքիան Կիպրոսի հանդէպ իր անարդար պահանջներուն մէջ մնաց մինակ, ու եթէ չիրագործուեցաւ յոյներու ծրագիրը, որեւէ ապահովութիւն չկայ, թէ հետագային աւելի նպաստաւոր գետին մը պիտի չստեղծուի համահելլենական շարժումի ղեկավարներուն համար:
Արդ, այս կացութեան առջեւ Թուրքիան մտահոգ է: Անգարայի վարիչները վերջին 150 տարիներու փորձառութեամբ գիտեն, թէ այսպիսի վիճակներու մէջ միշտ վերջին կորսնցնողը Թուրքիան պիտի ըլլայ, որովհետեւ անարդարութեան վրայ հիմնուած պետական գոյավիճակներ չեն կրնար դիմանալ, երբ հաշուեյարդարի ժամը հնչէ:
Դարաւոր այդ փորձառութիւնն է, որ Թուրքիան մտահոգութեան կը մատնէ եւ Անգարայի ղեկավարները կը մղէ որոշ հաւասարակշռութիւններու մէջ ապահովութիւններ փնտռելու:
Թէ այս որոնումը ի՛նչ անդրադարձներ կ՛ունենայ Թուրքիոյ ներքին կեանքին մէջ, այդ մասին` յաջորդիւ:
«Գերմանիկ» Ֆութպոլի Խումբին
Յաջողութիւնները
Պուրճ Համուտի «Գերմանիկ» խումբը, բաղկացած` առոյգ ու կայտառ տղոցմէ, հետզհետէ տիրանալով ֆութպոլի թեքնիքին` նորանոր յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ:
Վերջերս Լեռնալիբանանի ախոյեանական խաղերուն, ընդդէմ` արաբական Ահլի Սարպա եւ Ախա Հարթրէյք խումբերուն, յաղթական դուրս եկաւ 2 – 0 եւ 3 – 0 արդիւնքներով:
«Գերմանիկ» 10 յունուար, կիրակի կէսօրէ ետք, այլ հետաքրքրական խաղ մը ունեցաւ Ֆրըն Շըպպեքի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, Լեռնալիբանանի նախկին ախոյեան Նըժմէ Սահրայի դէմ:
Հետաքրքիրներու մեծ բազմութիւն մը ներկայ էր: Երկու կողմի տղաքն ալ աւելի քան առոյգ եւ վճռական դաշտ իջան: Պրկուած վիճակ: Գնդակը գլտորելով մէկ բերդէն միւսը` կը ստեղծուի վտանգաւոր կացութիւն: Երկու կողմէն ալ կոլ նշանակելու հեւասպառ ու արագավազ ճիգերը կ՛անցնին ի զուր եւ առաջին կիսախաղը կը վերջանայ առանց արդիւնքի:
Երկրորդ կիսախաղին «Գերմանիկ»-ի տղաքը աւելի վճռական դառնալով` ստուգապէս կը վտանգեն հակառակորդին բերդը, եւ շատ չանցած` Գէորգ կը նշանակէ առաջին կէտը ի մեծ խանդավառութիւն իր ընկերներուն ու բազմութեան: Նըժմէ Սահրայի տղաքը խելայեղ փորձեր կը կատարեն, բայց անոնց յարձակումները կը փշրուին «Գերմանիկ»-ի բերդին առջեւ: Խաղի վերջաւորութենէն քառորդ ժամ առաջ Յարութ ճարպիկ դարձուածքով մը կը նշանակէ երկրորդ կէտը, եւ խաղը կը վերջանայ 2 – 0 արդիւնքով: