Ներքին Կեանք
Ահազանգիչ Զրոյցներու Պատճառով
Լիբանանցիք Սննդեղէն Սկսան Գնել
Վերջերս սկսան շրջան ընել մտահոգիչ լուրեր, որոնց համաձայն, կարգ մը սննդանիւթեր պիտի անհետանան շուկայէն` արաբական երկիրներու եւ Իսրայէլի միջեւ տիրող լարուածութեան պատճառով: Այս մտահոգիչ լուրերուն պատճառով, մեծ թիւով լիբանանցիներ շաբաթներու համար պարենաւորուեցան: Ինչ որ զգալի յաւելում մը առաջ բերաւ սննդանիւթերու գիներուն վրայ:
Ազգային տնտեսութեան նախարարութիւնը հերքեց այդ զրոյցները, նոյն ատեն որոշելով պայքար բանալ` հանդարտեցնելու համար հանրութիւնը այն մասին, թէ շուկայի վրայ բաւարար չափով սննդանիւթեր կը գտնուին եւ տագնապի վախ չկայ որեւէ ձեւով:
Երեսփոխաններուն Պատուագինը
Հինգ Հարիւր Լիբանանեան Ոսկի Կ՛աւելնայ
Խորհրդարանի նախագահ Սապրի Համատէ երէկ առտու երկար տեսակցութիւն մը ունեցաւ ելեւմտական նախարար Օսման Տանայի հետ` երեսփոխաններու պատուագինին յաւելման շուրջ:
Նախագիծը, որ պիտի ուսումնասիրուի երեսփոխանական ժողովին կողմէ, 500 լ. ոսկի յաւելում կը նախատեսէ:
Հայկական Կեանք
Հայ Կեանքը Լոնտոնի Մէջ
Լոնտոնէն կը գրեն մեզի 23 յունուար թուականով.-
ՀՅ դաշնակցութեան Լոնտոնի «Նաւասարդեան» կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, շաբաթ, 16 յունուարին տեղի ունեցաւ ընկերա-համակրական հաւաքոյթ եւ խրախճանք` «Էլիզա» ճաշարանին մէջ:
Երեկոյթի նպատակն էր ի մի հաւաքել ընկերներն ու անոնց ընտանիքները մէկ սեղանի շուրջ, հայկական ընտանեկան մթնոլորտի մէջ:
Հացկերոյթի տեւողութեան կը հնչէին ազգային-յեղափոխական խրոխտ երգերը: Երիտասարդներու երգեցողութեան կ՛ընկերանար երէցներու խրպոտ, այլ զգօն ձայնը` միաձուլուած ազգային գիտակից խանդավառութեամբ:
Երեկոյթին ներկայ էր նաեւ ընկ. Պետրոս Չպուքճեան, որ դիպուածով Լոնտոն կը գտնուէր: Ընկ. Վ. Աշճեանի հրաւէրով, ընկ. Չպուքճեան իր շնորհակալութեան խօսքը յայտնեց «Նաւասարդեան» կոմիտէութեան ու իր գնահատանքը` ներկաներու ստեղծած հայկական առողջ մթնոլորտին համար:
Խրախճանքը շարունակուեցաւ մինչեւ առաւօտեան ժամը երկուքը:
«Նաւասարդեան»-ի սոյն նախաձեռնութիւնը յոյժ գնահատելի է: Ցանկալի է աւելի յաճախ ունենալ նման ձեռնարկներ, որոնք կ՛օժանդակեն հաւաքական մթնոլորտի մը ստեղծման ու պահպանման:
Հայեր Ի Պատուի
Գուրգէն Գործունեան, ծանօթ` Քամերունի ճարտարարուեստի մարզին մէջ, ի գնահատութիւն իր տարած ջանքերուն` իբրեւ սուրճի երկրին առաջին արտածողը, ստացած է Քամերունի Հանրապետութեան կողմէ «Արժէքի կարգի ասպետ»-ի շքանշանը:
Ազգային կարգի այս պատուանշանը Գուրգէն Գործունեանին յանձնուած է յունուար մէկին, Քամերունի անկախութեան հինգերորդ տարեդարձին առթիւ:
Գուրգէն եւ Սուրէն Գործունեան եղբայրներուն աշխատանքը միշտ մասնաւոր գնահատութեան արժանացած է կառավարութեան կողմէ:
Եթովպիոյ Կայսրը
Պարգեւատրած Է Վազգէն Ա.ը
Յիսնամեակի Հայրապետական
Պատարագին Ներկայ Կ՛ըլլայ Կայսրը
Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու պատմական նշանակութիւն ունեցող Ատիս Ապեպայի ժողովին առթիւ, Եթովպիոյ Հայլէ Սելասիէ կայսրը, Սապայի թագուհիի բարձրագոյն շքանշանով պարգեւատրած է Վազգէն Ա. եւ Խորէն Ա. կաթողիկոսները, երկու այլ եկեղեցական պետերու հետ:
Իր կարգին, Խորէն Ա. կաթողիկոս, նոր հաստատուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Մեծ Խաչի Ա. կարգ»-ի շքանշանով պարգեւատրած է կայսրը, որ եղած է առաջին անձնաւորութիւնը` այս շքանշանը իր կուրծքին վրայ կրող:
Իսկ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Մեծ Խաչի Բ. կարգ»-ի շքանշանով պարգեւատրած է Եթովպիոյ պատրիարքը:
Պատրիարքը փոխադարձելով` խաչ մը նուիրած է վեհափառ հօր:
Հայրապետական Ս. Պատարագ
Ապրիլեան Նահատակներու Յիսնամեակին Առթիւ
Կիրակի, 24 յունուարին, Ատիս Ապեպայի արքայական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ հայրապետական հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցուած է ապրիլեան նահատակներու յիսնամեակին առթիւ:
Պատարագած է Խորէն Ա. կաթողիկոս:
Ս. պատարագին ներկայ գտնուած են Հայլէ Սելասիէ կայսրը, գահաժառանգ իշխանը, արքայական աւագանին, իշխաններ եւ եթովպահայ հաւատացեալներ:
Հայրապետական այս պատարագով պաշտօնապէս բացումը կատարուած է ապրիլեան յիսնամեակի հանդիսութեանց, որուն պիտի հետեւի հայ ժողովուրդը` պատշաճ տօնակատարութիւններով յարգելու համար ապրիլեան նահատակներուն յիշատակը, եւ այս առթիւ հետապնդելու` հայոց դարաւոր եւ արդար Դատը:
Տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան պաշտօն:
Քարոզած է Ամենայն հայոց հայրապետ Վազգէն Ա. կաթողիկոս:
Վեհափառ հայրապետին քարոզը անգլերէնի թարգմանուած է Անթիլիասի դպրեվանքի վերատեսուչ Գարեգին եպիսկոպոսին կողմէ:
Վեհափառ Հայրապետը Գահիրէի Մէջ
Երկուշաբթի, 25 յունուարի առաւօտեան, վեհափառ հայրապետը եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան անդամները, դէպի Անթիլիաս իրենց վերադարձին, արժանացած են մեծ պատիւներու:
Օդակայան ողջերթի եկած են Հայլէ Սելասիէ կայսրը, թագաժառանգ իշխանը, կառավարական եւ եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ Եթովպիոյ հայ գաղութի ներկայացուցիչներ:
Օդանաւը իր առաջին էջքը ունեցած է Ասմարա, ուր կէս ժամ մնալէ ետք, կրկին թռիչք առած է դէպի Գահիրէ:
Գահիրէի օդակայանին մէջ ժամը 2:00-ին, վեհափառ հայրը դիմաւորելու եկած են առաջնորդական փոխանորդ Սահակ քհնյ. Ծատուրեան, Ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը:
Վեհափառը եւ պատուիրակութեան անդամները առաջնորդուած են Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր կանոնական աղօթքը ընելէ ետք ազգային իշխանութեան կողմէ հիւրասիրուած են առաջնորդարանի դահլիճին մէջ:
Յանուն Ազգային իշխանութեան, բարի գալուստի խօսքը ըրած է Օննիկ Ծալեան:
Վեհափառ հայրապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար, ապա օրհնած է Ազգային իշխանութիւնն ու ժողովուրդը:
Լայն տեղեկութիւններ տուած է ժողովի եւ եթովպահայութեան մասին: Տեղի ունեցած է հիւրասիրութիւն:
Ընդունելութիւն մը կազմակերպուած է նաեւ Հելիոպոլսոյ «Գարագաշեան» սրահին մէջ, ուր ներկայ եղած են Ազգային իշխանութեանց, «Յուսաբեր»-ի, «Համազգային»-ի եւ այլ կազմակերպութեանց անդամներ եւ հրաւիրեալներ:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանած է Լեւոն Յովհաննէսեան: Խօսք առած են Գարեգին եպիսկոպոս եւ Բեգլար Նաւասարդեան:
Վեհափառ հօր օրհնութեան եւ շնորհակալութեան խօսքով վերջ գտած է ընդունելութիւնը եւ բոլոր ներկաները օդակայան եկած են ողջերթ մաղթելու վեհափառ հայրապետին: