Գահիրէի Մէջ
Վազգէն Ա.ի Ճառը
Հայաստան Կը Պատրաստուի Ցնցիչ Կերպով
Յիշատակելու Ապրիլեան Եղեռնի Յիսնամեակը
«Եթէ Մարդկութեան Մէջ «Մարդկութիւն» Կա՛յ,
Պէտք Է, Որ Հայ Ժողովուրդին Արդարութիւն Կատարուի»
Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա., որ Ատիս Ապեպայի ժողովին ճամբուն վրայ, ամսոյս 15-ին հանդիպած էր Գահիրէ` 24 ժամ մնալու համար, Նուպարեան վարժարանին մէջ սարքուած ընդունելութեան մը ընթացքին խօսած էր հայրենաշունչ ճառ մը, որուն գլխաւոր մասերը կու տանք ստորեւ.-
Մեր «Էջմիածին» պարբերականի խմբագիր Յ. Հատիտեանը ակնարկեց, թէ զիս յաճախ կը տեսնէ զբաղած ու մտախոհ: Արդարեւ, այս տարուան սկզբնաւորութենէն տարօրինակ ապրում մը սկսաւ ալեկոծել ներաշխարհս: Այդ ապրումը երթալով աճեցաւ: Եւ հաւատացէք, որ առաջին անգամ ըլլալով ահա այստեղ է, որ պիտի խօսիմ այդ մասին: Ի՞նչ էր զիս համակողը:
Ներքին պահանջ մը, կիրք մը գոյացած էր մէջս` կրկի՛ն սփիւռքահայութեան հետ ըլլալու: Գտնուած եմ ձեր մէջ ուրիշ անգամներ եւ հաւանական է, որ ապագային առիթներ պիտի ըլլան դեռ: Սակայն ներքին պահանջս էր` որեւէ գնով դուրս գամ ա՛յս տարի, այս 1965-ին:
Եւ ահա, բարեբեր դիպուածով որոշեցին գումարել Ատիս Ապեպայի ժողովը, եւ այդ առիթով իմ ցանկութիւնս իրագործուեցաւ, եւ այժմ ձեր մէջ կը գտնուիմ:
Ինչո՞ւ պահանջ ունէի անպայման դուրս գալու: Որովհետեւ կ՛ուզէի հաղորդել ձեզի, կ՛ուզէի սփիւռքահայութիւնը հաղորդակից դարձնել այն իրողութեան, որ յիսնամեակի շատ խոր եւ իրական ապրումը կայ այսօր նաեւ հայրենիքին մէջ:
Գիտեմ, թէ տարագիր հայութիւնը հոգեկան ի՛նչ անօրինակ լարուածութեամբ կը պատրաստուի 1965-ին, Սակայն ան պէտք է գիտնայ, թէ այդ նոյն ապրումը կայ նաեւ հայ ժողովուրդին մէջ, հայրենի հողին վրայ: Մեր ազգային հիմնական խնդիրներուն եւ իտէալներուն մէջ հայութիւնը միանման կը մտածէ, իսկ այս հիմնականներէն դուրս մնացեալը ամբողջ անկարեւոր է:
Եւ ահա, առաջին անգամ ըլլալով, յիսնամեակի մասին իմ կոնդակը շրջեցաւ ձեռքէ ձեռք, ամէն տեղ: Մտաւորականները, գրագէտները եւ միւս շրջանակներու բոլոր ներկայացուցիչները զայն կարդացին: Եւ բոլորն ալ որոշած են, ամէն մէկը իր մարզին մէջ` գրական, մշակութային, պատմական եւ այլ գործերով յաւերժացնել յիսնամեակը: Բոլորը պիտի ընեն, ինչ որ հնարաւոր է:
«Էջմիածին» պարբերականի յատուկ թիւ մը պիտի հրատարակենք յիսնամեակին նուիրուած, որ պիտի ըլլայ պատկերազարդ: Եւ մեր նկարիչներէն Գրիգոր Խանճեանը, օրինակ, արդէն իսկ կարգ մը նկարներ պատրաստած է: Անոնցմէ մէկը նկարագրեմ ձեզի:
Հեռուն կ՛երեւին ճղակտոր բազմութիւններ` Ջարդի արիւնալի ու ահաւոր հայ զոհեր են. իսկ այս հեռապատկերէն դուրս կը խոյանայ Կոմիտասի կերպարը` գլխաբաց, զարհուրած արտայայտութեամբ, թեւերը երկարած…
Պատկերը կը կոչուի` «Կոմիտասը խելագարուած»:
Հայաստանի հայութիւնը որոշած է արժեցնել` պատմական այն պահը, որ պատմական պիտի դառնայ այս տարուան ապրիլին: Ատոր կը պատրաստուին բոլորը: Այս առթիւ, օրինակ, արդէն իսկ հրատարակուած ու սպառած են Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Տաղի քառասուն օրեր»-ուն 50.000 հատորներ, եւ պահանջ կայ նոր հարիւր հազար հատորի:
Կը մտածեն բոլորը` համալսարանաւարտ մտաւորականէն մինչեւ Հայաստանի վերջին բանուոր, թէ ինչպէ՛ս արժեցնեն յիսնամեակը: Պատմաբանները, օրինակ, ուսումնասիրութիւններ կը պատրաստեն: Տեղի պիտի ունենան յատուկ նիստեր, ուր պիտի քննուին յիսնամեակին կապուած իրողութիւններն ու պատմական փաստերը: Յատուկ «սեսիա»-ներ պիտի ըլլան, ինչպէս կ՛ըսեն այնտեղ:
Վերջապէս, պոռթկումը պիտի զգացուի եւ արտայայտուի` հնարաւորութեան բոլոր սահմաններուն մէջ:
Սուրբ Էջմիածնի մէջ, մայր տաճարի հիւսիսային կողմը, հրապարակ մը պիտի բացուի` այնտեղ Նահատակներու յուշարձանը կանգնեցնելու համար: Արդէն իսկ սկսած են աշխատանքները: Հիմնարկէքը տեղի պիտի ունենայ ապրիլ 24-ին, կառոյցը կը լրանայ ամառը, իսկ բացումը տեղի կ՛ունենայ աշնան, Մեր գահակալութեան տասնամեակին առթիւ:
Նաեւ ստացած ենք կարգ մը յայտարարութիւններ, օրինակ` պապէն, Քանթըպըրիի գահերէցէն, ռուս Ալեքսէյ պատրիարքէն եւ ուրիշներէ, զորս պիտի հրատարակենք «Էջմիածին»-ի յատուկ թիւին մէջ: Պապին հաղորդագրութիւնը ընդհանուր վշտակցութիւն կը յայտնէ, եւ, թերեւս հասկնալի պատճառներով, կը մնայ որոշ սահմաններու մէջ: Շատ աւելի ուժեղ է Քանթըպըրիի գահերէցին հաղորդագրութիւնը, ուր կը յայտնէ, թէ յառաջիկայ ապրիլին բովանդակ Անկլիքան եկեղեցին հայութեան հետ պիտի աղօթէ մեր նահատակներուն համար: Նոյն ոգիով գրուած է Ալեքսէյ պատրիարքին յայտարարութիւնը:
Այս բոլորը հոգեկան մխիթարանք պիտի ըլլան հայութեան համար: Սակայն 1965-ը հանգրուան մըն է պարզապէս: Մեր ոգորումները յիսնամեակով չսկսան եւ բնականաբար անով ալ պիտի չփակուին: Ուխտի՛ տարի պիտի ըլլայ յիսնամեակը: Ազգովին պիտի ուխտենք շարունակել մեր պայքարը` մինչեւ որ հասնինք այն իտէալներուն, որոնց համար նահատակուեցան Սպանդի զոհերը:
1965-ին պիտի չթառամի մեր ազգային կիրքը. ո՛չ ալ պիտի տկարանայ: Ընդհակառա՛կը, բոլոր ուժերով կրնայ յիսուն տարի եւս տեւել, բայց որ պէտք է հասնի իր նպատակին, մեր ազգային երազին:
Պէտք է, որ հայ ժողովուրդը արդարութիւն գտնէ: Եթէ մարդկութեան մէջ իսկապէս «մարդկութիւն» կա՛յ, պէտք է, որ հայ ժողովուրդին արդարութի՛ւն կատարուի:
Յիսնամեակին հայ ժողովուրդի զգացումներուն ապառաժը պիտի կերտենք: Ա՛յս է հիմնականը. մնացեալը ոչինչ բաներ են: Պիտի կերտենք այդ ապառաժը եւ անոր ապաւինած` շարունակենք մեր պայքարը, մինչեւ որ հասնինք մեր իրաւունքին:
Ահա այս է այն խորը ապրումը, որ ունէի` տարուան սկիզբէն, եւ որ կ՛ուզէի անպայման փոխանցել ձեզի: