Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (30 Յունուար 1965)

Յունուար 30, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Արդարութեան Պոռթկումը

Արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պոռթկում մը եղաւ այն յայտարարութիւնը, որ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ընդհանուր ժողովին մէջ հարիւր տասը երկիրներու ներկայացուցիչներուն առջեւ կատարեց Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քիփրիանու:

Այս պոռթկումը, բոլորովին անակնկալօրէն, գրեթէ յանպատրաստից, ինքնաբուխ կերպով միջազգային ատեանին ու խղճին առջեւ կը դնէր արիւնոտ դատը ժողովուրդի մը, որ այս տարի կը պատրաստուի ոգեկոչելու իր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը:

Ժողովուրդ մը, որ պատմութեան մէջ ցեղասպանութեան առաջին եւ ամէնէն զանգուածային արարքը գործեց, աներեւակայելի վայրագութեամբ եւ աննախընթաց վանտալութեամբ մը ու մինչեւ օրս իր զոհերուն հանդէպ կը պահէ նոյն արիւնախանձ ատելութիւնը եւ նոյն արհամարհանքը մարդկային արդարութեան, միջազգային բարձրագայն ատեանին առջեւ ուրիշներ կը մեղադրէ այն յանցանքով, որուն ծանրագոյնը գործեց ինք յիսուն տարի առաջ:

Քիփրիանու հաստատելէ ետք Թուրքիոյ անմարդկային ոճիրը` հանդէպ անտէր ժողովուրդի մը, կոչ ըրաւ բոլոր ժողովուրդներուն, որպէսզի յիշեն եւ ճանչնան այն իրաւունքները, որոնք անխնայ խլուեցան փոքր ժողովուրդէ մը` բռնագրաւելով անոր դարաւոր հայրենիքը եւ ցիր ու ցան ընելով զայն:

Թուրքիան, յիսուն տարիէ ի վեր, օգտուելով միջազգային զանազան դասաւորումներէ, կը փորձէ գերեզմանաքար մը դնել հայ ժողովուրդի արդար դատին վրայ: Բայց ահա, անսպասելի պահու, միջազգային ամէնէն պատասխանատու ատեանին առջեւ, այլ փոքր ժողովուրդի մը արի ներկայացուցիչը հաշիւ կը պահանջէ իր անլուր ոճիրներուն համար:

Քիփրիանուի այս ինքնաբուխ արտայայտութիւնը մեզ աւելի եւս կ՛ամրապնդէ այն համոզման մէջ, թէ այսօր եթէ քիչ կը խօսուի մեր ժողովուրդին եւ անոր դատի մասին, այդ չի նշանակեր, որ մարդկային խղճին վրայ ծանրացող այդ անարդարութիւնը յաւէտ մոռցուած է:

Տուրքերը կրնան ժամանցելի ըլլալ, բայց արեան եւ արդարութեան տուրքը անժամանցելի է:

Կասկած չկայ, որ այլ առիթներու, նոյնքան պատասխանատու ժողովներու առջեւ, արդարութեան ձայնը պիտի լսուի նաեւ այլ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներուն բերնէն` յիշեցնելու համար Թուրքիոյ, թէ հակառակ իր բոլոր ճիգերուն եւ քաղաքական բոլոր ռազմավարութեանց` պարտքի վճարման ժամը պիտի հնչէ անպայման:

Պատմութիւնը կը թաւալի անվերադարձ, բայց մարդկային խիղճը կը վերանորոգուի միշտ, պատմական դէպքեր, մարդոց ու սերունդներու յիշողութեան առջեւ կը պատկերացուին, եւ Թուրքիան, իբրեւ ազգ եւ պետութիւն, չի կրնար խուսափիլ այն հատուցումէն, որ պիտի ընէ հայ ժողովուրդին:

Հիմա, երբ ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ ազատութեան դարաշրջան մը բացուած է մարդկութեան առջեւ, շատեր պիտի հետեւին Քիփրիանուի օրինակին եւ Թուրքիոյ երեսին պոռան իր գործած ոճիրները: Անգարա ի զուր կը սոնքայ իր քաղաքակրթութեամբ եւ պետական արդիական կառոյցով, երբ իրենք իսկ ամէն օր կը խոստովանին, թէ անարդարութեամբ  բռնագրաւուած հայկական  հողամասերը կը մնան խոպան ու ամայի. երբ թրքական մամուլը ահազանգ կը հնչեցնէ հոգեկան այն սնանկութեան համար, որուն ենթակայ է այսօր թուրք ժողովուրդը` իր ցեղային անդարմանելի ախտերով:

Հայ ժողովուրդը անժամանցելի եւ արիւնագիր մուրհակով մը կը ներկայանայ քաղաքակիրթ մարդկութեան` պահանջելով, որ արդարութիւն ըլլայ հանդէպ ժողովուրդի մը, որ իր անկորնչելի տեղը ունի ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ:

Մինչ այդ հայ ժողովուրդը անհուն երախտագիտութեամբ պիտի լեցուի հանդէպ Քիփրիանուներու, որոնք իրենց ազգային նուիրական պայքարին մէջ, իբրեւ ճակատագրակից ժողովուրդ, իրենց սրտին մօտ կը նկատեն հայ ժողովուրդին սրբազան դատը:

 

Մեծ Եղեռնի Յիսնամեակը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Մէջ

Կիպրոսի Արտաքին Գործոց Նախարարը
Կը Հրաւիրէ Աշխարհի Բոլոր Ժողովուրդները`
Յիշելու Հայոց Իրաւունքները

Պոսթընի մեր պաշտօնակից «Հայրենիք»-էն (27 յունուար) հետեւեալ մանրամասնութիւնները կը քաղենք Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քիփրիանուի ՄԱԿ-ի անցած երկուշաբթի օրուան նիստին Հայոց ցեղասպանութեան մասին ըրած յայտարարութեանց մասին.

Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարը Քիփրիանու, երկուշաբթի խօսեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին մէջ` պատասխանելով թուրք արտաքին գործոց նախարար Էրքինի, եւ այս առթիւ յիշեց 1915-ի Մեծ եղեռնը, որուն ենթարկուեցան հայերը թուրքերու կողմէ` մէկուկէս միլիոն զոհեր տալով: Քիփրիանու յայտարարեց. «Հարկադրուած կը զգամ այստեղ շեշտելու, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Էրքինի եւ առհասարակ Թուրքիոյ` ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն կողմէ Կիպրոսի  հելլէններուն վերագրուած ցեղասպանութեան արարքը հիմք չունի, եւ եթէ ցեղասպանական արարք մը պիտի փնտռուի, այդ պարագային պէտք է յիշատակել նոյնինքն Թուրքիան, որ չվարանեցաւ 1915-ին մէկուկէս միլիոնէ աւելի հայեր զանգուածային սպանդի ենթարկելու: Ցեղասպանութեան առաջին փաստն էր ասիկա, որուն համար հայերը այսօր կը պատրաստուին 50-ամեակի հանդիսութիւններուն յիշեցնել համաշխարհային հանրային կարծիքին, թէ հատուցման իրաւունք մը ունին եւ պէտք է առնուազն ճանչցուին իրենց այդ իրաւունքները:

Աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պէտք է յիշեն հայութեան այս իրաւունքները, որոնք մոռցուած ըլլալ կը թուին: Պէտք է այլեւս մտածել անոնց մասին:

Ծ. Խ.- Լ. Քէշիշեան անձնապէս պիտի ղրկէ մեզի Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քիփրիանուի յայտարարութեան ամբողջական պատճէնը:

 

Կոչ Հայ Ժողովուրդին

Հաւատացեալ զաւակունք Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ եւ
հարազատ որդիք հայկազնեան ցեղի ի սփիւռս աշխարհի,

Այսօր, Եթովպիոյ մայրաքաղաքին` Ատիս Ապեպայի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ մէջ, հայկական Ս. պատարագ մատուցինք ի յիշատակ ապրիլեան եղեռնի մեր պաշտելի նահատակներուն եւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր պաշտօն կատարեցինք ի խաղաղութիւն եւ յերկնային լուսաւորութիւն անոնց մաքուր հոգիներուն, աստուածային երանութեան մէջ:

Մեր նահատակներու յիշատակի սրտալից յարգանքը եւ հոգիներու խաղաղութեան համար մատուցուած բարեպաշտական աղօթքը յատուկ փայլ եւ շեշտ ստացան ներկայութեամբը եւ հոգեկան մասնակցութեամբը Եթովպիոյ օգոստափառ վեհափառին` նորին վեհափառութիւն Հայլէ Սելասիէ Ա. կայսեր, գահաժառանգ իշխանին, կառավարութեան նախարարական կազմին, ինչպէս նաեւ` Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու համագումարին մասնակցող եկեղեցական պետերուն եւ իրենց ընկերակցող պատուիրակութեանց անդամներուն: Ներկայ էր նաեւ Եթովպիոյ հայ գաղութը` խուռներամ բազմութեամբ եւ առանց խտրութեան:

Հոգեհանգստեան արարողութեան սկիզբին մեր երէց եւ սիրելի եղբայրը` Ամենայն Հայոց հայրապետ նորին Ս. Օծութիւն Տ. Տ. Վազգէն Ա. կաթողիկոս տուաւ աւուր պատշաճի քարոզ մը` ոգեկոչելով մեր նահատակներուն յիշատակը:

Ներշնչուած հոգեկան հաղորդութեան, աղօթքի եւ խոկումի այս բացառիկ պահէն` սրտի պարտք կը զգանք հեռաւոր Ափրիկէի այս անկիւնէն ու քրիստոնեայ կայսրութեան մը քրիստոնէադրոշմ մայրաքաղաքէն հայրական սիրոյ եւ ողջոյնի մեր խօսքը ուղղել համայն հայութեան եւ հաղորդակից ընել բոլորն անխտիր մեր հոգեկան յոյզերուն եւ մտածումներուն:

Ահա բացուած է 1965-ը, ապրիլեան եղեռնի յիսնամեակի տարին: Քաջատեղեակ ենք, որ ամէնուրեք համազգային տարողութեամբ ճիգեր կը թափուին փառաշուք հանդիսութիւններով ոգեկոչելու եւ պանծացնելու համար յիշատակը մեր անմահանուն նահատակներուն, ապրեցնելու անոնց ոգին մեր նորահաս սերունդի հոգիներուն մէջ, հռչակելու աշխարհին, թէ հայ ժողովուրդը կենդանի է, ու շինարար, ստեղծագործ աշխատանքով կը շարունակէ իր կեանքը, կը բերէ իր նպաստը մարդկային քաղաքակրթութեան եւ տէրն է իր իրաւունքներուն եւ պահանջն ունի իրմէ կողոպտուած հայրենի ժառանգութեան:

Մենք արդէն մեր հայրապետական կոնդակով տուած ենք մեր հայրական յորդորներն ու թելադրութիւնները եւ հաստատ համոզումն ու անխախտ հաւատքն ունինք, որ մեր զաւակները պիտի հետեւին մեր պատգամներու ճամբուն:

Այս հոգելից առիթով անգամ մը եւս կը բանանք մեր սիրտը մեր հարազատ զաւակներուն ըսելու համար իրենց անգամ մը եւս, թէ միութեան, եղբայրութեան, համերաշխ գործակցութեան եւ ներդաշնակ, լուրջ եւ նուիրեալ գործունէութեամբ պէտք է յառաջ տանի` մեր համահայկական առաքելութիւնը այս տարուան պահպանումը  մեր նահատակներու յիշատակին եւ հռչակումն ու կենսագործումը մեր ազգային արդար իղձերուն:

Սիրելի եւ հաւատացեալ զաւակներ,

Այս տարին բացառիկ աշխատանքի տարի պէտք է ըլլայ բոլորիդ համար: Համազգային մեր եղբայրութեան եւ միութեան ամրացումի եւ խորացումի շրջան մը պէտք է ըլլայ ան: Բոլոր դաւանական, գաղափարական, ընկերային, դասակարգային եւ այլ երկրորդական արժէք ներկայացնող տարբերութիւնները պէտք է լուծուին եւ անհետին այս տարուան մեր կեանքին եւ գործունէութեան մէջ: Ի՜նչ քաղցր եւ ի՜նչ կենարար փորձառութեան բարիքներով պիտի հրճուիք, երբ կարենաք ձեզ իրարմէ բաժնող բոլոր տեսակի հանգամանքները արհամարհել եւ ձեզ խորապէս միացնող եւ զօրացնող քրիստոնէական եւ հայկական անքակտելի դրոշմը, ոգին, սիրտն ու կամքը կեանքի կոչել: Այն ատեն, վստահ եղէք, որդի՛ք հայկազնեայք, կը գործուին հրաշքներ մեր կեանքին մէջ:

«Ճաշակեցէք եւ տեսէք, զի քաղցր է» այդ ոգին, կեանքի եւ գործի այդ ոճը որ հարազատագոյն արտայայտութիւնն է մեր ժողովուրդին:

Քալեցէք ձեռք ձեռքի եւ պիտի զգաք, որ եղբայրութեան զգացումը պիտի վերակենդանանայ եւ պիտի ջերմացնէ ձեր հոգիները: Լուրջ, խոհեմ, հեռատես հայեացքով ըմբռնեցէք ձեր առաքելութիւնը այս տարուան եւ ամբողջական նուիրումով ընծայեցէք ձեր անձերը անոր իրագործման ու հայ ժողովուրդի յաւերժութեան:

ԽՈՐԷՆ Ա.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

24 յունուար 1965

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Խառն Ի Խուռն Խոհեր

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?