Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (29 Յունուար 1965)

Յունուար 29, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երգիծանքը Երկաթէ Վարագոյրի Ետին

Արեւմտեան լրագրող մը Մոսկուայի մօտերը գտնուող ագարակ մը կ՛այցելէ եւ կէսօրին հողագործներուն հետ ճաշելու փափաք կը յայտնէ:

Սիրով կ՛ընդունուի եւ կէսօրին մեծ սեղանի շուրջ հողագործներուն հետ փառաւոր ճաշ մը կ՛ընէ: Կ՛ուտէ առատ միս, ռուսական ապուր (պորշչ), երկու տեսակ պանիր եւ տեսակ-տեսակ պտուղներ:

Ճաշէն ետք թարգմանին կ՛ըսէ.

– Հողագործները հոս շատ լաւ ճաշ կը ստանան:

– Այո՛, շատ լաւ,- կը պատասխանէ թարգմանը:

Պահ մը յետոյ կը նկատէ, որ հողագործները իրարու հետ բաներ մը կը խօսին:

– Ի՞նչ կ՛ըսեն հողագործները: Գոհ չե՞ն սնունդէն,- կը հարցնէ թարգմանին:

– Ընդհակառա՛կն, շա՜տ գոհ են,- կը յարէ թարգմանը:

– Հապա իրարու ի՞նչ կ՛ըսեն:

– Կ՛ըսեն, որ երանի՜ թէ ամէն օր արեւմտեան լրագրող մը այցելէր, որպէսզի այսպէս լաւ ճաշ ստանայինք ամէն օր:

***

 

Արեւմտեան Պերլինի վաճառականներէն մէկը կ՛իմանայ, որ Արեւելեան Պերլինի մէջ համայնավարները հիմնած են մեծ վաճառատուն մը, ուր յաճախորդները իրենց ուզած բաները կը գնեն առանց ոեւէ պաշտօնեայի օգնութեան դիմելու:

Հետաքրքրութենէ մղուած` հրաման կ՛առնէ եւ Արեւելեան Պերլին կ՛երթայ այդ վաճառատունը տեսնելու:

Վաճառատան համայնավար տնօրէնը կ՛ըսէ.

– Աշխատող ձեռքեր չկան, ոչ ալ վաճառորդուհիներ ունինք:

– Բայց ապրանք ալ չեմ տեսներ հոս, կը պատասխանէ արեւմտեան պերլինցին: Ինչպէ՞ս կը կատարուի ապրանքի ընտրութիւնն ու վաճառումը:

– Շա՜տ դիւրաւ: Կը մօտենաք այս ելեկտրոնական բարձրախօսին եւ ձեր ուզած ապրանքը կ՛ապսպրէք: Անմիջապէս քովը գտնուող այս մեծ խողովակէն կու գայ ձեր ուզածը:

– Կրնա՞մ փորձել,- կը հարցնէ արեւմուտքցին:

– Սիրո՜վ,- կ՛ըսէ տնօրէնը:

Արեւմուտքցին ելեկտրոնական բարձրախօսին մօտենալով` կ՛ըսէ:

– Զոյգ մը կաշիէ ձեռնոց` տասը թիւ:

Քովի խողովակէն անմիջապէս կը լսուի.

– Դժբախտաբար չունինք:

– Զոյգ մը կակուղ հողաթափ, քառասուներկու թիւ:

Խողովակէն դարձեալ կը լսուի:

– Դժբախտաբար այդ ալ չունինք:

Երրորդ անգամուն արեւմտեան պերլինցին կաշիէ գօտի մը կ՛ուզէ: Խողովակէն անմիջապէս կը լսուի:

– Կաշիէ գօտիներն ալ դժբախտաբար հատած են: Եթէ կրնաք ասով ձեր գործը տեսնել, առէ՛ք:

Եւ խողովակէն դուրս կու գայ չուանի կտոր մը…

 

Ներքին Կեանք

Սենտիքաները Նոր Պահանջներ Կը Ներկայացնեն
Աշխատավարձերու Յաւելման Համար

 

Իմացած ըլլալով, որ սենտիքայական կազմակերպութիւնները կը ծրագրեն կազմակերպել ցոյց մը` պահանջելու համար աշխատավարձերու յաւելման վերաբերեալ օրինագծին վերաքննութիւնը, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ առտու քաղաքի գլխաւոր պողոտաներուն վրայ ոստիկաններ դրաւ` խռովութիւնները կանխելու համար:

Ժամը 10:00-ին բազմահարիւր բանուորներ հաւաքուեցան խորհրդարանին առջեւ` երեսփոխաններուն եւ նախարարներուն յիշեցնելու համար իրենց պահանջները աշխատավարձերու յաւելման հարցին մէջ:

Ութ հոգինոց պատուիրակութիւն մը ընդունուեցաւ նախագահ Համատէի կողմէ եւ անոր ներկայացուց բանուորներուն պահանջները:

Բանուորները կը պահանջեն, որ նուազագոյն ամսականը ըլլայ 175 լ. ոսկի: 15 առ հարիւր յաւելում կրեն 300 լ. ոսկիէն վար եղող ամսականները, 10 առ հարիւր 300-600 լ. ոսկի ամսականները, իսկ 8 առ հարիւր 600-էն վեր եղողները:

Գրեթէ նոյն պահանջները կը ներկայացնեն նաեւ հարաւային Լիբանանի սենտիքաները:

Միւս կողմէ, անկախ սենտիքաներու դաշնակցութիւնը երէկ հեռագիր մը ղրկած է խորհրդարանի նախագահին` պահանջելով, որ աշխատավարձերու յաւելումը տեղի ունենայ 28 առ հարիւր համեմատութեամբ, ինչպէս կ՛ըլլայ երեսփոխաններու պարագային:

Վերջապէս, Բանուորական ազատագրութեան ճակատը կիրակի առտու ցոյց մը պիտի կազմակերպէ:

 

Մարզական

 

Զոյգ Յովհաննէսեաններ
– Վահագն Եւ Նազիկ –
Դարձեալ Լիբանանի Ախոյեան

 

Չորեքշաբթի իրիկուն մեծ թիւով մարզասէրներ «Քարլթոն» պանդոկի սրահներուն մէջ ներկայ եղան փինկ-փոնկի Լիբանանի ախոյեանութեան 4 աւարտական մրցումներուն: Բազմաթիւ մրցումներու մէջէն անկասկած որ կարեւորագոյնը հանդիսացաւ այն, որ իրարու կը հակադրէր վեթերան Վահագն Յովհաննէսեանը եւ Ատիպ Ռեշմանին:

«Լ՛Օրիան» այս առթիւ կը գրէ. «Կիրարկելով խելացի եւ յարձակողական խաղ մը` ՀՄԸՄ-ական մարզիկը շուտով ինքզինք պարտադրեց մրցակիցի մը, որ երկար ատեն խաղաց պաշտպանողականի վրայ` յայտնապէս ազդուած Վահագնի «սմեչ-ռըվեր»-ներէն: Գեղեցիկ «փլասէ»-ներէ եւ արագ ու չոր խաղարկութենէ մը ետք Վահագն Յովհաննէսեան ախոյեանութիւնը խլեց 3 – 0 արդիւնքով (21-19,  21-11 եւ 21-11):

«Աղջկանց ախոյեանութեան վերջին մրցումին տիտղոսը անխուսափելիօրէն վիճակուեցաւ անհպելին Նազիկ Յովհաննէսեանի, որ տիրապետեց իր մրցակիցին` Ռաժհա Մաքուքի վրայ, խաղի բոլոր երեսներուն մէջ: Տիտղոսակիրին գերակայութիւնը այնքան յստակ էր, որ տառացիօրէն ճզմեց իր մրցակիցը 3 – 0 արդիւնքով (21 – 4, 21 – 3, 21 – 3):

«Եղբօրը միանալով, Նազիկ շահեցաւ նաեւ խառն զոյգի մրցումը` դիւրաւ յաղթելով Շաքէ Մինասեան – Շահէ Թիւթիւնճեան զոյգին` 3 – 0 արդիւնքով (21 – 10, 21 – 15 եւ 21 – 13ի»:

Ժորժ Պաֆիթ – Սամուէլ Մաթոսեան զոյգը շահեցաւ զոյգի ախոյեանութիւնը` յաղթելով Սամի Քաւար Ատիպ Ռեշմանի զոյգին:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները. Սեղանի Կենցաղավարական Կանոնները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In