Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (21 Յունուար 1965)

Յունուար 21, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին Կեանք

Լիբանանցի Ընտանիք Մը
Իր Պիւտճէին 44.6 Առ Հարիւրը
Կը Յատկացնէ Սնունդի

Վիճակագրութիւններու կեդրոնական տնօրէնութեան պատկան սպասարկութիւնները հաւաքած են անհրաժեշտ բոլոր տուեալները` ճշդելու համար լիբանանեան ընտանիքներուն պիւտճէները` զանոնք դասաւորելու եւ վերլուծելու համար:

Այս նպատակով պատրաստուած նախնական ուսումնասիրութիւններէն երեւան կու գայ, թէ լիբանանեան միջակ ընտանիքի մը պիւտճէն (որուն ամսական եկամուտը 500 լ. ոսկի է), հետեւեալ ձեւով կը յատկացուի. 44.6 առ հարիւր սնունդի, 2 առ հարիւր խմիչքի, 1.8 առ հարիւր սիկարէթի, 9.1 առ հարիւր հագուստեղէնի, կօշիկի եւ անձնական առարկաներու, 19 առ հարիւր վարձքի, ջուրի եւ ելեկտրականութեան, 3 առ հարիւր կարասիներու եւ տնային առարկաներու, 2.9 առ հարիւր առտնին ծախսերու, 4.4 առ հարիւր բժշկական ծախսերու, 6.5 առ հարիւր փոխադրական ծախսերու, 2.3 առ հարիւր հաճոյքի, 4.4 առ հարիւր զանազան ծախսերու, ինչպէս` դպրոցական:

Վիճակագրութիւններու կեդրոնական տնօրէնութեան բանբերը յայտարարեց, թէ Լիբանանի մէջ կեանքի մակարդակի ճշդումին համար այս տարի ուսումնասիրութիւն մը պիտի ըլլայ: Այս նպատակով դիմումներ պիտի ըլլան զանազան դասակարգերու պատկանող 2500 ընտանիքներու, լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ:

Այս ուսումնասիրութեան արդիւնքները հիմ պիտի ծառայեն` չափելու համար ապրուստի գինը եւ հաստատելու սակերու քաղաքականութիւնը:

Բանբերը յայտարարեց նաեւ, որ ներկայիս քննութիւններ կը կատարուին ճշդելու համար ազգային եկամուտը, երկրագործական արտադրութիւնը, ճարտարարուեստի մէջ ներդրուած դրամագլուխները եւ այդ մարզէն ապրող անձերու թիւը:

Քարանթինայի Եւ Ուզահիի Խրճիթները
Վերցնելու Ծրագիրը

Հանրօգուտ շինութեանց նախարարը մօտերս շարք մը ժողովներ պիտի ունենայ վերաշինութեան վարչութեան տնօրէնին եւ այդ սպասարկութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ` քննելու համար Քարանթինայի եւ Ուզահիի խրճիթներուն վերացման ծրագիրը: Վերաշինութեան վարչութեան տնօրէն Պարրաժ երէկ այս մասին յայտարարեց, թէ Պէյրութի արեւելեան եւ հարաւային մուտքերու խրճիթներուն վերացման ծրագիրը եւ անոնց փոխարինումը մարդավայել բնակարաններով` պատրաստ է արդէն եւ մանրամասնօրէն պիտի պարզուի հանրօգուտ շինութեանց նախարարին:

Ս. Յովհ. Կարապետ Եկեղեցիի
Անուանակոչութեան Տօնը

11765_50Գրած էինք, թէ անցած կիրակի, 17 յունուար, մեծ շուքով տեղի ունեցաւ Հայաշէնի Ս. Յովհաննու-Կարապետ եկեղեցիի անուանակոչութեան տօնակատարութիւնը:

Արարողութիւններէն ետք սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը, որուն ընթացքին առնուած է վերի նկարը:

Ձախէն աջ` Յ. Իսկենտերեան` Ուսումնական խորհուրդի կրթ. քննիչ, տիկին Իսկենտերեան, տոքթ. Ե. Գոնեալեան` ՀՅԴ Կ. կոմիտէի ներկայացուցիչ, Մաշտոց վրդ., Տաճատ արք. Ուրֆալեան` առաջնորդ Լիբանանի հայոց, Վահան քհնյ. Տէր Ղազարեան` Հայաշէնի հովիւ, Ա. Ամասեան` Հայաշէնի Ազգ. երեսփոխան,  Մ. Հազարեան, մեթր Նիքոլա Հազարեան:

 

Կեանքը
Ազգ. Բուժարանի Մէջ

 

Ամսոյս 8-ին բուժարան ժամանեց Վերժին Պարոնեան` երեսուն եկեղեցասէր քոյրերու հետ: Անոնք անմիջապէս գործի անցան եւ անձամբ պատրաստեցին բուժարանին մէջ պատսպարուած հիւանդներուն կերակուրները: Այդ օրը բուժարանին սեղանը աւելի կը նմանէր հարսանեկան խրախճանքի սեղանի, քան` հիւանդանոցի… Յուզիչ էր լսել հիւանդներուն  երախտագիտական արտայայտութիւնները:

Գնահատանքի մասնաւոր խօսք ունինք Վերժին Պարոնեանին եւ իր օգնական տիկիններուն, որոնք տարին երկու անգամ բուժարան կ՛այցելեն եւ հիւանդները կ՛ուրախացնեն: Իրենց 69-րդ այցելութիւնն է, որ կատարեցին 30 տարիներու ընթացքին: Իրենց բերած նուէրներէն եւ ուտելիքներէն շատ աւելի արժէքաւոր է իրենց բերած անձնուիրութեան անկեղծ ոգին:

 

*
*   *

«Բուժարանի օժանդակ տիկնանց միութիւն»-ը շատ հաճելի անակնկալ մը պատրաստած էր 4 յունուար 1965-ին, Բուժարանին հիւանդներուն եւ պաշտօնեաներուն համար: Հակառակ ձիւնախառն փոթորիկին, մօտ 16 հոգի բուժարան այցելեցին, առանց խտրութեան` նուէրներ բաշխեցին (գիշերանոց, բրդեղէն, անուշեղէն եւ այլն): Լեւոն Գաթրճեան եւ Կարպիս Կարէեան, ինչպէս նաեւ Ս. Սողիկեան ազգային երգերով ստեղծեցին մեծ խանդավառութիւն, իսկ Չանոյեան բոլորն ալ կուշտ ու կուռ խնդացուց իր երգիծական պատմութիւններով (հայերէն եւ արաբերէն): Հանդէսը վերջ գտաւ շնորհակալութեան ուղերձով մը, որ արտասանուեցաւ հիւանդի մը կողմէ:

Ազունիէի Ազգային բուժարանը, նորընտիր տնօրէն Շարլ Երուանդի բարեխիղճ եւ նուիրեալ հսկողութեան ներքեւ, կը խոստանայ նոր եւ ազգօգուտ շրջան մը թեւակոխել:

 

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Խորէն Ա. Կաթողիկոսի Յոբելինական Հանդիսութիւնը Եւ Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի Ընտրութիւն Ու Օծումը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?