Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Յունուար 1965)

Յունուար 20, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Թուրքիա Մտահոգ
Բ.

Արտաքին ճակատի վրայ, Անգարայի վարիչներուն քայլերը, հիւսիսի եւ հարաւի ուղղութեամբ, կ՛անդրադառնան Թուրքիոյ ներքին կեանքին, ուր ամէն բան լաւ չ՛ընթանար 1960-ի զինուորական յեղաշրջումէն ի վեր: Ընդհակառա՛կն, թաւալգլոր ընթացք մը նկատելի է տնտեսական եւ ընկերային մարզերու մէջ: Յաճախ արտաքին քաղաքականութենէն ներս Անգարայի այս կամ այն քայլը իր պատճառները կը գտնէ ներքին մտահոգութիւններու մէջ, որոնք անլուծելի հանգոյցներ կազմած են թուրք վարիչներուն համար:

Թուրք ղեկավարութիւնը մտահոգ է ոչ միայն արտաքին յարաբերութիւններու եւ քաղաքական դասաւորումներու գծով, այլ նաեւ` ներքին, տնտեսական եւ ընկերային հարցերու առնչութեամբ: Ու այսօր, երբ Անգարա կը փորձէ ելք մը գտնել` քաղաքական կղզիացումէ դուրս գալու համար եւ չէզոքութեան հովեր կը փչեն Թուրքիոյ վերեւ, ներքին պատճառներ հիմնական դեր կը խաղան:

Կասկած չկայ, որ թուրք վարիչները հանգիստ ու անվրդով վիճակի մը մէջ չեն, երբ քաղաքական վտանգաւոր մարզանքներ կը ստիպուին կատարել` իրենց երկրին շուրջ նոր հաւասարակշռութիւն մը ստեղծելու համար: Մտահոգ են ու անհանգիստ: Այս հոգեվիճակը հետզհետէ աւելի կը շեշտուի, երբ Թուրքիա կը կորսնցնէ ռազմավարական այն կարեւորութիւնը, որ Բ. Աշխարհամարտէն ետք ծնունդ տուած էր Թրումանի վարդապետութեան եւ Միացեալ Նահանգներու սահմանները տարածած` մինչեւ կովկասեան լեռնաշղթան:

Թուրքիոյ կարեւորութեան աստիճանական նուազումը, որ հիմնական պատճառը կը հանդիսանայ Անգարայի այսօրուան մտորումներուն, թուրք ղեկավարութիւնը կը մղէ որոշ մտավախութիւններով մօտենալ իրենց երկրին առջեւ դրուած հարցերուն:

Ինչո՞ւ: Որովհետեւ Թուրքիան ոեւէ մէկէն աւելի լաւ գիտէ ու կը զգայ, թէ մեծ տէրութիւններու աչքին այդ կարեւորութեան նուազումը անխուսափելիօրէն սեղանի վրայ պիտի դնէ հարցեր, վճարելի մուրհակներ, որոնց տէրերը ցարդ չէին կրցած հատուցուիլ այն պաշտպանութեան պատճառով, որ Թուրքիան կը վայելէր նոյն այդ տէրութիւններէն:

Անգամ մը որ այդ պաշտպանութիւնը վերնայ կամ գոնէ տկարանայ, անպայման որ գլուխ պիտի ցցեն հին խնդիրներ, որոնք Թուրքիոյ այժմու գոյավիճակին կապուած են: Թուրքիան այն երկիրն է, որ շարունակ օգտուելով իր բացառիկ դիրքէն` անարդարութիւններ գործած է ուրիշներու հաշուոյն եւ մեծ տէրութիւնները, հակառակ իրենց դաւանած սկզբունքներուն, քար դրած են իրենց խղճին վրայ` ի խնդիր իրենց շահերուն:

Չենք խօսիր այն Դատի մասին, որ հայը ունի թուրքին հետ` իր բռնագրաւուած հողերուն կապակցութեամբ: Ատիկա առանձին հարց է, մեզի համար` ամէնէն կարեւորը: Անմիջականօրէն, սակայն, Թուրքիոյ «բարեացակամ» քայլերը արաբական երկիրներու ուղղութեամբ, իսկոյն սեղանի վրայ կը դնեն անարդարութիւններ, որոնք գործուած են այս երկիրներուն նկատմամբ` Թուրքիոյ դաւադրութեամբ եւ մեծ տէրութիւններու մեղսակցութեամբ:

Թուրքեւարաբ որեւէ մերձեցում, որքան ալ արաբական աշխարհին համար փափաքելի ըլլայ շրջանի խաղաղութեան համար, չի կրնար տեղի ունենալ ի վնաս արդարութեան:

Ասիկա շատ լաւ պէտք է գիտնան, ու գիտեն, Անգարայի մէջ, երբ «բարեացակամութեան» առաքելութիւններ կը ղրկուին այս երկիրները:

Դարձեալ ասիկա գիտնալով է, որ թուրք լրագրող մը վերջերս կը գրէր «Սոն Հաւատիս»-ի մէջ.

«Եթէ երբեք Թուրքիան իր բարոյական կապերը փրցնէ եւ անիշխանութեան գիրկը իյնայ, ո՞վ պիտի փրկէ զայն: Հսկայական կայսրութիւն մը ունէինք, որմէ մնացած հողերն ալ կրնան բաժան-բաժան ըլլալ: Որո՞ւ պիտի կռթնինք փլուզումէն փրկուելու համար, որո՞ւ պիտի ապաւինինք: Դեռ օտարներու աչքը կայ մեր հայրենիքին ամէնէն գեղեցիկ տեղերուն: Այս աղքատ թուրք ժողովուրդը, որուն կը մեղքնանք իր տնտեսութեան յետադիմութեան համար, Անատոլուի տափաստանները պիտի ունենայ միայն»:

Յայտնի է, թէ որո՞ւ կ՛ուղղուին այս խօսքերը եւ ի՛նչ պատճառներով: Բայց կարեւորն այն է, թէ Օսմանեան կայսրութեան նոյն հիւանդագին երեւոյթը այսօր տեղ գտած է թուրք հանրային կարծիքի ղեկավարներուն մօտ, շատ լաւ գիտնալով, թէ բռնագրաւումները չեն կրնար յաւիտենական ըլլալ, ու այնքան ատեն որ անիրաւուած ժողովուրդներ կան Առաջաւոր Ասիոյ այս շրջանին մէջ, Թուրքիա միշտ անհանգիստ պիտի ըլլայ:

Թուրք լրագրողին այս ահազանգը ախտանիշն է երեւոյթի մը, որ սկսած է չարչարել Անգարան` նոր ապաւէններ եւ յենարաններ փնտռելու իր ճիգին մէջ:

Մինչդեռ լաւագոյն եւ մնայուն ապաւէնը պիտի հանդիսանար արդարութիւնը…

 

Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Տօնակատարութիւնը

Արդիական Դպրոց Մը Պիտի Կառուցուի Հայաշէնի
Ազգային Թորգոմեան Վարժարանին Համար

Շաբաթ, 16 յունուար 1965-ի յետմիջօրէէն սկսեալ, Հայաշէնի Թաղական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, մեծ պատրաստութիւններ կը տեսնուէին վայել շուքով տօնակատարելու համար շրջանի Ս. Յովհաննու-Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը:

Թաղեցի կիներ, ըստ սովորութեան, լծուած էին աշխատանքի` պատրաստելու համար աւանդական մատաղը: Լիբանանահայոց Տաճատ արքեպիսկոպոսին բարի գալուստ մաղթող մեծ պաստառ մը կը կախուէր:

Արդարեւ, կիրակի, 17 յունուարին, առաւօտեան ժամը 7:00-ին, եկեղեցւոյ զանգակին ուրախ ղօղանջիւնին հետ կը սկսէր ժամերգութիւնը:

Թաղեցի բարեպաշտ ժողովուրդը մեծով-պզտիկով շուտով կը լեցնէր եկեղեցին, բակն ու փողոցը:

Ժամը 9:00-ին կը սկսէր Ս. պատարագի հոգեպարար արարողութիւնը, պատարագիչն էր Կիլիկիոյ Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Մաշտոց վրդ. Յովսէփեան:

Ս. պատարագը բարձրախօսով լսելի կը դառնար ամբողջ թաղին մէջ: Դպրաց երկսեռ երգչախումբը կը ղեկավարէր դպրապետ Գրիգոր Ահարոնեան:

Ս. պատարագի սկիզբին կը ժամանէր առաջնորդ սրբազանը: Թորգոմեան վարժարանի երկսեռ աշակերտութիւնը լիբանանեան ազգային դրօշակներով, շրջանի ՀՄԸՄ-ի սկաուտներ, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի արծուիկներ եւ ժողովուրդ ջերմ ընդունելութեամբ կը պատուէին իրենց սիրելի առաջնորդը:

«Հայր մեր»-էն առաջ սրբազան հայրը հոգեշունչ ու բովանդակալից քարոզ մը խօսեցաւ եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առթիւ շնորհաւորեց եւ յաջողութեան մաղթանքներ ըրաւ քահանայ հօր, թաղական խորհուրդին, շրջանի կազմակերպութեանց եւ բարեպաշտ ժողովրդեան:

Ապա թաղեցի Մանուկ Եագուպեանի նուիրած Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի գեղեցիկ ու մեծադիր նկարին օծումը կատարեց եւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Վահան քհնյ. Տէր Ղազարեանի ժողովրդանուէր ծառայութիւնները գնահատելով, Խորէն Ա. կաթողիկոսի յատուկ կոնդակով եւ արտօնութեամբ, լանջախաչ կրելու իրաւունք շնորհեց` շքեղ խաչ մը կախելով վզէն:

Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ մատաղաբաշխութիւն:

Թաղական խորհուրդը, ի պատիւ սրբազան հօր, ճաշկերոյթ մը տուաւ Թորգոմեան վարժարանի սրահին մէջ: Հրաւիրեալներ, թաղեցի ազգայիններ ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, աւելի քան յիսուն հոգի ներկայ եղան ճաշկերոյթին:

Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան Թաղական խորհուրդի կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, պատարագիչ հայր սուրբին, քահանայ հօր եւ հրաւիրեալներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ պատուեցին եկեղեցւոյ տօնակատարութիւնը:

Ճաշկերոյթի ընթացքին կենաց բազմաթիւ բաժակներ առաջարկուեցան, որոնց շարքին յոտնկայս յարգուեցաւ Խորէն Ա. կաթողիկոսի կենաց բաժակը:

Առաջնորդ սրբազանը, քահանայ հայրը, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Եղիկ Գոնեալեան, ազգային վարժարաններու կրթական քննիչ Յ. Իսկենտերեան, Թորգոմեան վարժարանի տնօրէն Խ. Մղտեսեան, մեթր Նիքոլա Հազարեան, Թաղական խորհուրդի ատենապետ Արամ Միրաքեան, որ կատարեց նաեւ թամատայի պաշտօնը, եւ ուրիշներ բաժակաճառեր խօսեցան, որոնց միտք բանին եղաւ` Թորգոմեան վարժարանը օժտել նոր եւ արդիական դպրոցով մը:

Թաղականութիւն, տնօրէնութիւն եւ թաղեցի ազգայիններ ուզեցին, աւելի ճիշդ` պահանջեցին. սրբազան հայրն ու հրաւիրեալներ խոստացան եւ շուտով, սրտազեղ արտայայտութիւնները գործնականացուեցան:

Վեհափառ հայրապետը նոյնպէս խոստացած է իր կարելի աջակցութիւնը բերել վերադարձին` օգտակար հանդիսանալու համար:

«Մեծ եղեռնի յիսնամեակի տարեդարձի տարուան առթիւ, ըսաւ սրբազան հայրը, մեր դարաւոր թշնամիէն մեր վրէժը կրնանք լուծել դրական շինարար աշխատանքներով»:

Ուսումնական խորհուրդին կողմէ այս նպատակին համար տրամադրուեցաւ 10,000 լիբ. ոսկի: Տեղւոյն վրայ կատարուած հանգանակութենէն գոյացաւ 2000 լիբ. ոսկի:

Ժագ Նորաշխարեան 500 լ. ոսկի, Ազգային Գաւառական ժողովի շրջանի երեսփոխան Արամ Ամասեան 200, Պօղոս Տօնապետեան 200, Վահան քհնյ. Տէր Ղազարեան 100, Մարի Մղտեսեան 100, տոքթ. Եղիկ Գոնեալեան 100, մեթր Նիքոլա Հազարեան 100, Միհրան Պչաքճեան 100, Յակոբ Փեհլիվանեան 100, Կարպիս Տիլսիզեան 100, ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէ 100, Վարդուհի Փեհլիվանեան 50, ՀՄԸՄ-ի Հայաշէնի Սկաուտական խորհուրդ 50, Թագուհի Չուլճեան 50, Յովհաննու-Կարապետ եկեղեցւոյ դպրաց դաս 50, Յարութիւն Ալթունեան 50, Հայաշէնի Հայ օգնութեան խաչ 25, Հայաշէնի Հայ օգնութեան խաչի արծուիկներ 25:

Սրբազան հայրը խանդավառ տրամադրութեամբ յայտարարեց, թէ` «Առանց աշխատանքի յաջողութիւն չկայ: Աշխատեցէ՛ք, եւ մենք ձեր հետն ենք: Շարունակեցէ՛ք հանգանակութիւնը»:

Արտասանութիւններէ եւ մեներգներէ ետք սրբազան հօր «Պահպանիչ»-ով  ու «Երբ որ բացուին դռներն յուսոյ…» յոտնկայս խմբերգով վերջ գտաւ ճաշկերոյթը` լաւագոյն տպաւորութիւններով:

Եւ իբրեւ գործնական առաջին եւ հիմնական քայլ, տեղւոյն վրայ, սրբազան հօր նախագահութեամբ եւ դպրոցը անպայման կառուցելու տրամադրութեամբ, գործը վարող յանձնախումբ մը կազմուեցաւ հետեւեալ ազգայիններէն` Արամ Ամասեան, Ժագ Նորաշխարեան, Յակոբ Փեհլիվանեան, Ոսկեբերան Արզումանեան, մեթր Նիքոլա Հազարեան, Միհրան Պչաքճեան եւ Արամ Միրաքեան:

ՀՐԱԶԴԱՆ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Խաղաղութիւն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In