Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (14 Յունուար 1965)

Յունուար 14, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաղորդագրութիւն

Երուսաղէմի Պատրիարքարանի

Նախքան դէպի Եւրոպա պաշտօնական շրջապտոյտի մը ձեռնարկելը` Յորդանանի թագաւոր Հիւսէյն Ա. հաճած էր Երուսաղէմի պատրիարք Եղիշէ արք. Տէրտէրեանին շնորհել «Նահտա»-ի Առաջին կարգի շքանշանը, որ վերապահուած է պետական բարձր անձնաւորութիւններու, եւ որ կը տրուի շատ բացառիկ պարագաներու:

Շքանշանի տուչութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ վարչապետ Պահժեթ Թալհունիի ձեռամբ, վարչապետարանին մէջ, Ամման, շաբաթ 19 դեկտեմբեր 1964, կ. առաջ ժամը 10:30-ին:

Պատրիարք հօր կ՛ընկերանային լուսարարապետ Հայրիկ արք. Ասլանեան, Ս. Աթոռի դիւանապետ Շահէ վրդ. Աճեմեան, աւագ թարգման Գէորգ վրդ. Նազարեան, ինչպէս նաեւ Ներսէս վրդ. Փապուճեան եւ Արշակ աբղյ. Խաչատուրեան:

Խօսք առնելով` պատրիարք հայրը իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Հիւսէյն թագաւորին` այն բարեխնամ հոգատարութեան եւ ուշադրութեան համար, որուն կ՛արժանանան Հաշիմական թագաւորութեան քաղաքացիները, որոնց կարգին նաեւ` քրիստոնեայ բոլոր համայնքները:

Պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Պահժաթ Թալհունիի, թագաւորին եւ Հաշիմական կառավարութեան` իր մատուցած յոյժ գնահատելի եւ օգտակար ծառայութիւններուն համար:

Պատասխանելով` վարչապետը շնորհաւորեց պատրիարքը «Նահտա»-ի Ա. կարգի շքանշանին արժանացած ըլլալուն համար եւ ըսաւ, որ Հիւսէյն թագաւոր վերոյիշեալ շքանշանը շնորհած էր` իր գնահատութիւն պատրիարքին կողմէ յօգուտ Յորդանանի տարուած աշխատանքներուն:

Սիրալիր եւ ջերմ ընդունելութենէ մը ետք պատրիարք սրբազանը իր շքախումբով վերադարձաւ Երուսաղէմ:

ԴԻՒԱՆ Ս. ԱԹՈՌՈՅ

 

Ամանորի Հանդէս

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ
Կիրակնօրեայ Դպրոցի

Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցը իր Ամանորի հանդէսը ունեցաւ կիրակի, 10 յունուար 1965, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի սրահին մէջ: Հանդէսին նախագահութիւնը ստանձնած էր Հայաստանեայց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ-տնօրէն Եզնիկ վրդ. Բալայեան:

Որոշեալ ժամուն հանդէսը սկսաւ ի ներկայութեան ընտիր հասարակութեան, որոնք արդէն սրահը լեցուցած էին: Տէրունական աղօթքէն ետք, Ս. Նշան կիրակնօրեայ դպրոցին ներքին տեսուչ Սահակ Արսլանեան բացման խօսքը կատարեց, որուն մէջ նշեց, թէ Ս. Նշան կիրակնօրեայ դպրոցը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնն ու հոգածութիւնը վայելող կիրակնօրեայ դպրոցներու ընտանիքին մէկ անդամն է, ուր հայ մանուկը կու գայ սորվելու Ս. Գրային պատմութիւններ, մաղթանքներ, աղօթքներ, սաղմոսներ, շարականներ ու Հայաստանեայց եկեղեցւոյ աւանդութիւններն ու օրէնքները:

Ս. Նշան կիրակնօրեայ դպրոցին տեսչութիւնն ու ուսուցչական կազմը ներկայացուցած էին կոկիկ յայտագիր մը, որուն մէջ տեղ ունէին մաղթանքներ, աղօթքներ, սաղմոսներ, արտասանութիւններ, շարականներ, զուգերգներ ու խմբերգներ: Աշակերտութիւնը կրցաւ լաւապէս ներկայացնել իրեն վստահուած փոքր պարտականութիւնները` արժանանալով ծնողներու ու հրաւիրեալներու գնահատանքին:

Եզնիկ վրդ. Բալայեանը իր փակման խօսքին մէջ նշեց կիրակնօրեայ դպրոցներուն անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութիւնը ու թելադրեց ծնողներուն, որ իրենց զաւակները անվարան կերպով կիրակնօրեայ դպրոց ղրկեն ստանալու համար Հայաստանեայց եկեղեցւոյ շունչով ջամբուած կրօնաբարոյական դաստիարակութիւն:

Հայր սուրբին փակման աղօթքով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

 

Հայ Մամիկի Մը
Պատմութիւնը

ԽՄԲ. ԾԱՆՕԹ.- Ֆրանսայի «Նիս Մաթեն» օրաթերթին մէջ կը կարդանք հետեւեալ գրութիւնը, Տրակինեան բնակող 94-ամեայ հայուհիի մը` տիկին Մալոյեանի մասին: Այս հայուհիին հերոս ամուսինը, որուն մասին յիշատակութիւն կայ ներկայ գրութեան մէջ, զօրավար Հրանդ Մալոյեանի հօր` մշեցի Յովհաննէս Մալոյեանին զարմիկն է:

«Տիկին Մալոյեան, որ ինը զաւակներ է ունեցած, 27 տարեկան էր, երբ 1896-ին թուրք եւ քիւրտ հորդաները կը խուժեն Վան եւ շրջակաները (Մուշ)` ջարդելով քսան հազար հոգի: Երիտասարդ կինը երկար շաբաթներ կ՛ապրի չարչարալից կեանք մը, պատերազմի ահաւոր մթնոլորտի մէջ, հակառակ անհաւասար կռուի ընթացքին հայերու ի յայտ բերած հերոսական դիմադրութեան: Իր ամուսինը` պրն. Մալոյեան եւս կը գտնուէր հերոսներու շարքերուն մէջ, որոնք կը կռուէին իրենց ազատութեան համար:

«Մէկ քանի տարուան անդորրութեան շրջանէ մը ետք կը հասնի 1915-ի շրջանը, տեղի կ՛ունենան նոր թալաններ եւ ջարդեր, որոնց ընթացքին տիկ. Մալոյեան ի գործ կը դնէ աներեւակայելի ճիգեր` ազատելու համար իր զաւակները ստոյգ մահէ մը:

«Յետոյ կը սկսի արտագաղթը եւ բազմաթիւ վերիվայրումներէ ետք Մալոյեան ընտանիքը անցնելով Միջին Արեւելքէն` կը հասնի Ֆրանսա, 1923-ին:

«Ներկայիս ծերունազարդ տիկ. Մալոյեան կ՛ապրի Տրակինեան իր անդրանիկ զաւկին` Եղիա Մալոյեանին հետ, արժանանալով անհուն գուրգուրանքի մը:

«Եթէ իննսունչորս տարիները բան մը պակսեցուցած են տիկ. Մալոյեանի աշխուժութենէն, սակայն չեն կրցած ոչինչ խլել անոր յիշատակներէն եւ… ախորժակէն: Իր երկարակեցութեան պատճառը թերեւս թանապուրը եւ շաքարախառն ըմպելիներն են, զորս տիկ. Մալոյեան միշտ կ՛ուտէ եւ կը խմէ: Իր երկարամեայ կեանքի ընթացքին երբեք չէ հիւանդացած…

«Տրակինեանի մէջ ներկայիս ծերունազարդ հայուհին կ՛անցընէ խաղաղ օրեր, որոնք կը մեղմացնեն իր երիտասարդութեան ցաւագին յիշատակներուն մորմոքը: Իրեն կը մաղթենք տակաւին երկար տարիներու խաղաղ ու անդորր կեանք մը»:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Քաղաքացիական Պատերազմի Առաջին Հանգրուանի Աւարտէն Ետք` Ազգային Կեանքի Վերակազմակերպում Եւ Շաղզոյեան Եղբայրներուն Նուիրատուութիւնը` «Ազդակ»-ի Տան Կառուցման Համար

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?