Անարգանքը` Պատմութեան Դէմ
Մեծ եղեռնի յիսնամեակի տարեդարձի մեր աշխատանքներուն ընթացքին անմոռանալի օրեր պիտի մնան ապահովաբար, յունուարի այս վերջին նահատակներուն յիշատակութիւնը Մեծ եղեռնի մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակութիւնը տեղի ունեցաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ընդհանուր ժողովին մէջ:
Բարոյական յաջողութիւն մը կը նկատենք այս իրողութիւնը, որովհետեւ, դժբախտաբար, այնքան դիւրին հարց չէ ազգերու այդ մեծ Արիսպագոսին ներկայացնել արդար դատ մը, կամ` յիշատակել մարդկութեան դէմ ոճիրներ, եթէ չունիք պետական ազդու միջոցներ` իրաւունքէն առաջ… Այս իսկ պատճառով հայութիւնը երախտապարտ է փոքրիկ Կիպրոսի Հանրապետութեան արտաքին նախարար Քիփրիանուին, որ իր երկրին արդար դատին պաշտպանութեան առթիւ յիշեց նաեւ թուրքերու վայրագութիւնը հայ ժողովուրդին հանդէպ, 1915-ի Հայկական կոտորածները, որոնք կը կազմեն նուիրական կորիզը Հայ դատին:
Յատկանշական էր թուրք Էրալփի դիրքը` Պր. Քիփրիանուի ճշգրիտ արտայայտութեանց առթիւ: Անգարայի ներկայացուցիչը պարզապէս շնական պաղարիւնով հերքե՜ց հայկական ջարդերը, որոնք «իբր թէ տեղի ունեցած են», ինչպէս կը յայտարարէր: Սակայն միաժամանակ չէր մոռցած յիշեցնել, թէ անգլիացի պատմաբան Թոյնպիի համաձայն, «Կրետէի մէջ յոյներ ջարդած են թուրքերը»:
Էրալփի այս յայտարարութիւնը Միացեալ ազգերու ժողովին առջեւ Թուրքիան կը բերէ պատմութեան դատարանին առջեւ: Իր յայտարարութիւնները սուտ են եւ կեղծ, այդ մասին ոչ ոք կրնայ տարակուսիլ` բացի թուրքէ մը, հետեւաբար այդ «հերքումը» անարգանք մըն էր նաեւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան հանդէպ:
Ապահովաբար Թուրքիոյ պատմութիւնը ծանօթ է ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն, ծանօթ է նաեւ, որ Կրետէ, մինչեւ 1898 թ. կը գտնուէր օսմանեան թուրքերու տիրապետութեան ներքեւ, եւ եթէ իրօք թուրքեր ջարդուած են հոն յոյներու կողմէ, այդ թուականէն ետք անշուշտ անհրաժեշտ է յիշել նախ, թէ ինչ ջարդեր եւ ի՞նչ անգթութիւններ գործած են թուրքերը` Յունաստանի վրայ իրենց տիրապետութեան շրջանին, եւ որուն մէկ փոքր փոխադարձութիւնը հազիւ կրնայ եղած ըլլալ` «Կրետէի թուրքերու ջարդը»:
Թուրքեր եւ ջարդարարներ:
Այս երկու բառերը պատմութեան մէջ հոմանիշ դարձած են:
Էրալփ ինք ինք իսկ, Թոյնպիի պատմութիւնը կարդալէ առաջ, կարդացած է անշուշտ Թուրքիոյ պատմութիւնը, 14-րդ դարէն սկսած, երբ Բիւզանդիոն առաջին անգամ բարեկամական կապ հաստատեց թուրքերու հետ` հետագային Պոլիսը եւ կայսրութիւնը վրայ տալու համար անոնց, այնքան զոհերով:
Եւ ո՜ւր չեն ջարդած թուրքերը: Պուլկարիոյ մէջ, Սերպիոյ մէջ, Յունաստան, Հունգարիա, Ռումանիա… ուր որ հասած է իրենց եաթաղանը, առանց մոռնալու, որ իրենց մէկ սուլթանին` Պայազիտին նպատակը եղած է, ինչպէս յայտարարած էր, «ախոռի վերածել Հռոմի Ս. Պետրոսի տաճարը, իր ձիուն համար»:
Տարօրինակ կը թուի ուղղակի` նոյնիսկ փորձի մը կատարումը թուրքերու դարաւոր վայրագութիւնն ու ջարդերը հաստատելու համար: Համաշխարհային գրականութիւն մը գոյութիւն ունի այդ մասին, եւ զարմանալի է, որ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը միայն Կիպրոսի ներկայացուցչին կը թողու արդարութիւնը եւ իրողութիւնները յայտարարելու պարտականութիւնը:
Հարկ է յիշեցնել արդեօք ամերիկացի Մորկընթաուի յուշերը, գերման տոքթ. Լեփսիուսի վկայութիւնները, նորվեկիացի տոքթ. Նանսենի գիրքերը, ամերիկացի Հ. Է. Կիպսընի «Պատմութեան սեւ էջը», ֆրանսացի Անրի Պարպին, զուիցերիացիներ` Հերի Շթուրմըր, եւ Ցուրլինտէն` յիշելու համար ամէնէն հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ միայն, որոնք վկայած են թուրքերու կողմէ գործուած հայկական կոտորածներու մասին, եթէ նկատի պիտի չառնուին այսօր իսկ այդ կոտորածներէն մազապուրծ վերապրող հայերու եւ յոյներու վկայութիւնները:
Ըսենք նաեւ, թէ մեզի զարմանք չի պատճառեր Թուրքիոյ ուրացումը: Եթէ այսօր այդ երկրին մէկ ներկայացուցիչը լրբութիւնը կ՛ունենայ հրապարակով ստելու ՄԱԿ-ի առջեւ, եւ այդպէսով իսկ անարգելու այդ կազմակերպութիւնը, մենք գիտենք, թէ անթիւ-անհամար տարիներէ ի վեր Թուրքիա կը ստէ եւ կը խաբէ աշխարհը` անգիտանալ կեղծելով իր անպատում ոճիրները:
Զարմանալի է այն իրողութիւնը միայն, որ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան անդամներէն այլ երկիրներ, ինչպէս` Միացեալ Նահանգներ, Անգլիա, Խորհրդային Միութիւն, եւ ուրիշներ, որոնք յաճախ կը հետաքրքրուին արդարութեան դատերով, չեն փորձած ցարդ հրապարակ գալ եւ ՄԱԿ-ի բեմէն յայտարարել, պատմութեան անուրանալի փաստերուն միջոցով, Թուրքիոյ ցեղասպանութիւնը` հայերու հանդէպ:
Այս իրողութիւնն է, որ ցաւ կը պատճառէ մեզի ու կը վիրաւորէ այդ կազմակերպութեան արդարամտութիւնը, քան պատմութեան անուղղելի ջարդարարին եւ ուրացողին` Թուրքիոյ մէկ հերթական սուտն ու ուրացումը:
Հայ ժողովուրդը տակաւին կ՛ակնկալէ այդ արդարամտութիւնը` ժողովուրդներու արդար դատերուն եւ խաղաղութեան նուիրուած Միացեալ ազգերու կազմակերպութենէն:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»
Ամերիկայի Եւ Լիբանանի Առեւտրական Կապերը
Կը Զօրանան
1964-Ին Ամերիկա Լիբանանէն Գնած Է
10 Միլիոն Տոլարի Ապրանք
Միացեալ Նահանգներ որեւէ ժամանակէ աւելի գնումներ կը կատարեն Լիբանանէն: Ըստ ամերիկեան առեւտրական պաշտօնական վերջին թիւերուն, լիբանանեան արտածումները դէպի Միացեալ Նահանգներ եռապատկուած են համեմատած 1960-ի հետ: 1964 թուականին Միացեալ Նահանգներ կատարած են մօտաւորապէս 10 միլիոն տոլարնոց լիբանանեան արտադրութիւններու գնում:
Սովորաբար կաշեղէններու, մորթեղէններու եւ ծխախոտի գնումներէն դուրս Միացեալ Նահանգները գնած են երկու միլիոն տոլարնոց նորոյթի եւ ձեռային աշխատանքի վերաբերեալ արտադրութիւններ` 1964 թուականին:
Մինչ այդ Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի միջեւ վճարումներու հաշուեկշիռ բարձրացած է 60 միլիոն տոլարի` 1964 տարուան ընթացքին:
Ամերիկայի շահերուն մեծ մասը յառաջացած է արտ՛ածումներէն: Լիբանանի շահը, ու բարձրացած է 10 միլիոն տոլարի, մասամբ գոյացած է ամերիկացի զբօսաշրջիկներէն: Ըստ լիբանանեան կառավարութեան ներկայացուցած թիւերուն, 1964 տարուան ընթացքին ոչ արաբ երկիրներու մէջ ամերիկացիները առաջին հանդիսացած են զբօսաշրջութեան մարզին մէջ: Միայն սուրիացի եւ յորդանանցի զբօսաշրջիկներուն թիւը անցած է ամերիկացի զբօսաշրջիկներու թիւին: Զբօսաշրջութենէն Լիբանան 10 միլիոն տոլարէն աւելի մուտք ունեցած է:
Մշակութային եւ մարդասիրական մարզերն ալ պատճառներ եղած են, որ Լիբանան տոլարներ ստանայ: Լիբանան եկամուտներ ապահոված է նաեւ քարիւղի տարանցումէն, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գործող ամերիկեան ընկերութիւններու Լիբանանէն կատարած գնումներէն եւ գաղթականներու տրուած յատկացումներէն: