Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (16 Յունուար 1965)

Յունուար 16, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորէն Ա. Կաթողիկոս Գահիրէի Մէջ

Համաժողովրդային Ու Խանդավառ
Ընդունելութիւն Կիլիկիոյ Գահակալին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա.-ի եւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան Ատիս Ապեպա մեկնումի ճամբուն վրան, Գահիրէի մէջ ցոյց տրուած համաժողովրդային խանդավառ ընդունելութեան առթիւ, մեր պաշտօնակից «Յուսաբեր»-էն առնելով կու տանք հետեւեալ մանրամասնութիւնները.

Վեհափառին ժամանման առթիւ յատկապէս բացուած է օդակայանի պատուոյ հիւրերու ընդարձակ սրահը, ուր բարի գալուստի ջերմ խօսքեր ըրած է Գահիրէի առաջնորդական փոխանորդ Սահակ քհնյ. Ծատուրեան:

Ապա վեհափառը, պատուիրակութեան անդամները եւ զայն դիմաւորող շքախումբը անցած են օդակայանի ժողովրդային կողմը, ուր հակառակ տեղատարափ անձրեւին` բազմահարիւր ազգայիններ անհամբեր կը սպասէին կաթողիկոսին: Գալուստեան եւ Նուպարեան ազգային վարժարաններու աշակերտները դիմաւորած են ծաղկեփունջերով:

Զանազան պատուիրակութեանց ներկայացուցիչներուն մէջ եղած են Գահիրէի Ազգային իշխանութենէն` Օ. Ծալեան, Ս. Լաչինեան, Հ. Պալեան, Հ. Քիւրքճեան, Ա. Պլըքտանեան եւ Խ. Ռէյիզեան, Աղեքսանդրիոյ Ազգային իշխանութենէն` Զարպհանէլեան, Վ. Արթինեան, Վ. Ալեքսանեան եւ Ա. Քիրազեան, ինչպէս նաեւ` քոյր յարանուանութեանց եւ զանազան ընկերակցութեանց ու միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Օդակայանէն վեհափառ հայրապետն ու շքախումբը յատուկ ինքնաշարժներով առաջնորդուած են Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր հայրապետը մուտք գործած է «Հրաշափառ»-ով:

Արարողութենէն ետք Աղեքսանդրիոյ առաջնորդական փոխանորդ Զաւէն վրդ. Չինչինեան սրտագին բարի գալուստ մաղթելով Կիլիկիոյ կաթողիկոսին` ի մէջ այլոց ըսած է.

«Բովանդակ եգիպտահայութեան կողմէ ի սրտէ կ՛ողջունենք զՁեզ, վեհափա՛ռ տէր, եւ կը մաղթենք, որ յաջողութեամբ պսակուին այն աշխատանքները, զորս պիտի տանիք Ատիս Ապեպայի մէջ գումարուելիք Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու համագումարին»:

Ի պատասխան Խորէն Ա. կաթողիկոս ի մէջ այլոց ըսած է.

«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք եգիպտական այս հայրենիքին, որ այնքան եղբայրական ու հարազատ վերաբերում ունեցած է հայ ժողովուրդին հանդէպ: Մենք վստահ ենք, որ յաջողութեան ձեր մաղթանքները ի դերեւ պիտի չելլեն: Արդարեւ, Ծնունդի օրուան առաւօտեան Մենք ստացանք հեռագիր մը Ամենայն հայոց նախամեծար կաթողիկոս Վազգէն Ա.էն, որուն մէջ կը յայտնէր, թէ ինք անձամբ պիտի գլխաւորէ իր պատուիրակութիւնը ի Ատիս Ապեպա:

«Ինչպէս ըսուեցաւ այստեղ, մեր զոյգ պատուիրակութիւնները պիտի հանդիպին հոն եւ սերտօրէն պիտի գործակցին ամէն բանի մէջ: Նաեւ վստահ ենք ու տարակոյս չունինք, որ առիթներ պիտի ստեղծուին Մեզի համար մտերմօրէն ու սրտբացօրէն խօսելու մեր աւագ եղբօր` Ս. Էջմիածնի Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հետ, ու մտքերու փոխանակութեամբ եւ բոլոր հարցերու լուսաբանութեամբ վերացնելու ամէն տարակարծութիւն` լրիւ ու կատարեալ հասկացողութեան գալու համար, յօգուտ եւ ի փառս Հայաստանեայց եկեղեցիի եւ հայ ժողովուրդի»:

Ապա Ազգային իշխանութեանց կողմէ բարի գալուստի խօսք ըրած է Օննիկ Ծալեան: Այս ընդունելութենէն ետք վեհափառը եւ պատուիրակութեան անդամները տարուած են «Օմար Խայեամ» պանդոկը:

Երեկոյեան հացկերոյթ մը տեղի ունեցած է «Յուսաբեր»-ի տան մէջ` ի պատիւ վեհափառին, ի ներկայութեան Զաւէն վրդ. Չինչինեանի եւ հայ կաթողիկէ համայնքի գերապայծառ Ռ. Պայեանի ու հրաւիրեալներու:

Յայտագրին բացումը կատարած է Կոկանեան: Յաջորդաբար խօսած են «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան նախագահ Աւետիս Չագըճեան, «Յուսաբեր»-ի խմբագիր Բ. Նաւասարդեան, Յունաստանի առաջնորդ Սահակ արք. Այվազեան, Աղեքսանդրիոյ առաջնորդական փոխանորդ Զաւէն վրդ. Չինչինեան եւ ի վերջոյ` վեհափառ կաթողիկոսը:

Կէս գիշերէն ետք վեհափառը եւ պատուիրակութեան անդամները  առաջնորդուած են օդակայան, ուրկէ մեկնած են Ատիս Ապեպա:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հեռացած Ընկերներ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In