Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (23 Յունուար 1965)

Յունուար 23, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խաւարն Թուրքիա.

Մինարէն Կը Քանդեն
Նմանելուն Համար Հրթիռի,
Որ «Կեավուրի Գործ» Է…

Անգարայէն 19 յունուար թուականով կը հեռագրեն Պոլսոյ թերթերուն.-

Փոխել որոշուեցաւ յատակագիծը Թուրքիոյ ամէնէն արդիական մզկիթին, որ 21 միլիոն պիտի արժէ, այն պատճառաբանութեամբ, թէ «մինարէները հրթիռի կը նմանին»:

Անգարա Քոճեթերէի մէջ շինութեանը ձեռնարկուած մզկիթին ճարտարապետին ու ընկերակցութեան վարիչներուն միջեւ անհամաձայնութիւն ծագած է: Ընկերակցութեան նախագահը ատալեթական երեսփոխան Հաքքը Եըլանլըօղլուն է: Ընկերակցութեան մօտիկ շրջանակները առարկած են մզկիթին յատակագիծին` ըսելով. «Այս մինարէները հրթիռի կը նմանին, մինչ հրթիռը կեավուրի գիւտ է»:

Ծայրայեղ Հոսանքներ
Համալսարաններու Մէջ

Անգարայէն կը գրեն.-

Վարչապետ Իսմեթ Ինէօնիւ երէկ առտու ժողով մը գումարեց Վարչապետարանին մէջ` Համալսարանի վերատեսուչին, տեսուչներու եւ կարգ մը փրոֆեսէօրներու հետ, համալսարաններու մէջ ծայր տուած աջ եւ ձախ վտանգաւոր հոսանքներու մասին: Ինէօնիւ բոլորին ուշադրութիւնը հրաւիրեց այս վտանգին վրայ եւ պահանջեց, որ անմիջական միջոցներ ձեռք առնուին: Ինէօնիւ ըսաւ ժողովականներուն.

– Այս հոսանքները իսկական վտանգ մը կը կազմեն այլեւս, պէտք է արմատական միջոցներ ձեռք առնել: Առանց վնասելու համալսարանի ինքնավարութեան` պէտք է անվնաս վիճակի մը վերածել զանոնք:

Ժողովին մասնակցեցան նաեւ փոխվարչապետ Քեմալ Սաթըր, ներքին գործոց նախարար Օրհան Էօզթրաք, կրթութեան նախարար Իպրահիմ Էօքթեմ:

– Իբրեւ կառավարութիւն` պարտաւոր ենք արթուն գտնուիլ,- ըսաւ Ինէօնիւ, խիստ միջոցներ ձեռք պիտի առնենք համալսարանի ծայրայեղական հոսանքներուն դէմ` առանց բռնանալու գաղափարի ազատութեան վրայ:

Թրքավայել Արարքներ

 

Թրքական թերթերէն.-

Զմիւռնիոյ Քորուճու գիւղին մէջ Իմամ Թելել Եաւուզ ձերբակալուեցաւ քարոզի ընթացքին պնդած ըլլալով, որ` «ծոմ չբռնողները եւ նամազ չառնողները համայնավար են»: Հասկցուած է, որ Ռամազանը սկսելէն ի վեր իմամը նման գրգռիչ քարոզներ կու տար:

ՊԻԹԼԻՍի գիւղերէն մէկուն ուսուցիչը` Շեճաէտտին ատրճանակով սպաննուած է:

ՊԻԼԵՃԻՔի մէջ ուսուցիչ Մուսթաֆա ուղերձի մը ընթացքին Աթաթիւրքին հայհոյած ըլլալուն համար լինչի ենթարկուած է:

ՊՈՒՐՍԱյի մէջ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Աթաթիւրքի արձանին պատուանդանը աղտոտած են:

 

ՀՅԴ Պատանեկան Կեանք

 

Գնահատելի
Հրատարակութիւն Մը

 

Երկու կայտառ պատանիներ խանութէն ներս մտնելով.

– Քաջալերեցէ՛ք, պարո՛ն, ՀՅԴ «Զաւարեան» պատանեկան միութեան հրատարակած յուշատետրն է,- կ՛ըսեն գրեթէ միաբերան, գոց սորվածի պէս եւ անոնցմէ մէկը կ՛երկարէ յիշեալ յուշատետրէն օրինակ մը:

Ի հարկէ պէտք է քաջալերել դաշնակցական պատանիները եւ պահանջուածը չնչին գումար մըն է, ընդամէնը` 1 լ. ոսկի:

Պատանիները փոխարժէքը ստանալով շնորհակալութիւն կը յայտնեն եւ կը մեկնին:

Անոնց մեկնումէն ետք կը թերթատեմ յուշատետրը, որ նուիրուած է Մեծ եղեռնի յիսնամեակին: Մաքուր տպագրութեամբ, ներկայանալի կողքով, ազգային յեղափոխական եւ գրական դէմքերու նկարները կը զարդարեն անոր զանազան էջերը` իրենց հատընտիր խօսքերով կամ բանաստեղծութիւններով: Ապրիլեան եղեռնի հայ խլեակներու հազուագիւտ նկարներ իրենց սարսռազդեցիկ տեսքով սոյն Յուշատետրը կը վերածեն յուշարարի մը` ամէն մէկ հայորդիի յիշեցնելու, թէ մեր նահատակներուն դատը դեռ անլոյծ կը մնայ:

Ծանօթանալէ ետք այս փոքրիկ բայց թանկարժէք յուշատետրին, կը նկատեմ, թէ զայն հրատարակող եւ տունէ տուն սպառելու աշխատող պատանիները քաջալերանքէ աւելի հրապարակաւ յայտնուած շնորհակալութեան արժանի են:

Փափաքելի է, որ ՀՅԴ «Զաւարեան» պատանեկան միութեան սոյն յուշատետրը տարուէ տարի շարունակուի նոյն բծախնդիր հոգածութեամբ հրատարակուիլ, վստահ ըլլալով, որ ան պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդին կողմէ սիրուած ու փնտռուած հրատարակութիւն մը:

Վարձքերնիդ կատար, պատանինե՛ր:

Կ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Խօսուող Եւ Գրուող Հայերէնի Խուճապային Լքումը Եւ Ազգային Ինքնուրոյն Նկարագիրի Կորուստը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?