Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (15 Մարտ 1966)

Մարտ 15, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երուսաղէմի Հայոց Վանքի
Մեծարժէք Ձեռագրերը

Երուսաղէմի հայոց Ս. Յակոբեանց դարաւոր վանքը հիմնուած է խաչակիրներու արշաւանքէն շատ առաջ, ըստ աւանդութեան, հայոց Տրդատ Գ. թագաւորի օրերուն:

Ս. Յակոբայ վանքին մէջ մինչեւ այսօր կը պահուին Կիլիկիոյ Հեթում Բ. թագաւորին մականը, արժէքաւոր շուրջառներ, եպիսկոպոսական թագեր, ոսկեայ սկիհներ եւ մեծարժէք աւետարաններ:

1897-էն ի վեր վանքի ձեռագրերը կը պահուին յատուկ պատրաստուած 16 գրապահարաններու մէջ եւ կը գտնուին ԺԳ. դարուն կառուցուած Ս. Թորոս եկեղեցիին մէջ:

Կան 3700 ձեռագրեր, որոնք Երեւանի մատենադարանէն ետք, իրենց քանակով ու արժէքով լաւագոյններն են:

Բացառիկ արժէք կը ներկայացնեն Ագաթանգեղոսի, Մովսէս Խորենացիի, Փաւստոս Բիւզանդի եւ Եւսեբէոս Կեսարացիի պատմական երկերու ժողովածուն, Պօղոս Արարատցիի թիւ 1 Ճառընտիրը, յայտնի տաղասաց Պաղտասար Դպիրի գրչագիր մատեանը, ԺԳ. դարու մանրանկարիչ Թորոս Ռոսլինի նկարազարդած ու ծաղկազարդած ձեռագրերը, ԺԴ. դարու մանրանկարիչ Սարգիս Պիծակի պատկերազարդած գրչագիր մատեանները, Կեռան թագուհիի երկաթագիր մագաղաթեայ Աւետարանը, ԺԴ. դարու Վարդան Արեւելցիի գրչութեան բազմաթիւ յիշատակարանները եւ այլն եւ այլն:

Վանքի դիւանատան մէջ կը գտնուին խալիֆաներու, ամիրաներու, սուլթաններու, հայ եւ օտար քաղաքական գործիչներու հրամանագրերը, նամակները, հարկերու ու պարտքերու վերաբերեալ փաստաթուղթերը, հայոց պատմութեան ու գրականութեան հետ կապուած արժէքաւոր աշխատութիւններ, բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի ձեռագրերն ու նամակները եւ այլն:

Վանքը ունի նաեւ ճոխ մատենադարան մը` կառուցուած 1932-ին, ուր կը գտնուին հայ եւ օտար լեզուներով հրատարակուած գիրքեր, ամսագրեր, թերթեր եւ այլն:

 

Պատանեկան Արձագանգ

ՀՅԴ Պատանեկան
Միութեանց Գործունէութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները նոր ու խանդավառ թափով վերսկսան իրենց կազմակերպչական եւ ժողովական գործունէութեան:

Ակումբները կը լեցուին հետզհետէ ստուարացող վառվռուն պատանիներով, եւ սրահները կը թնդան ազգային ու յեղափոխական երգերով:

Պուրճ Համուտի «Սարդարապատ» կոմիտէութեան երեք պատանեկան միութիւններն ու կրտսերներու բաժինները, շուրջ հարիւր հոգիով, շաբաթ, 5 մարտ, կէսօրէ ետք արշաւ մը կատարեցին դէպի Այն Սաատէ:

Խանդավառ երգերով, ընկերական ջերմ մթնոլորտի մէջ, պատանեկան չարքաշ ու դաստիարակիչ յետմիջօրէ մը անցուցին:

Կիրակի, 6 մարտ, առաւօտեան ժամը 7:00-ին, քաղաքի «Քրիստափոր» կոմիտէութեան

«Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութեան կրտսերներու բաժինը իր լրիւ կազմով արշաւ մը կատարեց դէպի Անթիլիասի Ֆաուարը:

Օթոպիւսով մինչեւ Տորա երթալէ ետք, պատանեկան ուրախ տրամադրութեամբ քալեցին մինչեւ Անթիլիաս: Նախ ներկայ եղան կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին, ապա արշաւ` դէպի լեռներ:

Վարիչներ, կուսակցական եւ դաստիարակչական դասախօսութիւններ ըրին եւ նորեկներուն սորվեցուցին յեղափոխական քանի մը երգեր:

Խանդավառ տրամադրութեամբ, երեկոյեան վերադարձան իրենց տուները:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կանաչապատ Գողտրիկ Անկիւնի Մը Ծնունդը Պուրճ Համուտի Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?