Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (2 Մարտ 1966)

Մարտ 2, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրուկուէյի  Հայ Գաղութը

Հարաւային Ամերիկայի ամէնէն փոքր երկիրն է Ուրուկուէյ: Ունի 186.926 քառ. քմ. տարածութիւն եւ 2.914.00 բնակիչ:

Ուրուկուէյի ազգային հերոսն է Արթիկաս, որ ապստամբութեան դրօշ պարզած էր 1814-ին: Մայրաքաղաքն է Մոնթեւիտէօ:

Շուրջ 10,000 հայեր կ՛ապրին Ուրուկուէյի մէջ:

Առեւտուրի բոլոր ճիւղերուն մէջ կարելի է հանդիպիլ հայերու: Շատեր նպարավաճառ են: Ուրիշներ հիմնած են միսի մեծաքանակ վաճառման տուներ: Կարեւոր տեղ մը կը գրաւեն նաեւ կօշիկի ճարտարարուեստով զբաղողները:

Գաղութը ունի եկեղեցի, դպրոց ու ակումբ:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը քառասուն տարուան կեանք մը ունի, որուն «Վռամեան» ակումբը ժամադրավայր մը դարձած է բոլորին: Ունի հանդիսասրահ ու մարզադաշտ:

Դաշնակցութեան կողքին կայ «Արմենիա» երիտասարդաց Միութիւնը:

Հայ օգնութեան միութիւնը իր մասնաճիւղով ունի 260 անդամուհի:

Ուրուկուէյի հայութեան վերին մարմինն է Հայ ազգային վարչական խորհուրդը, որ կը պահէ դպրոց մը:

Հայ ազգային կեդրոնը ունի երիտասարդաց միութիւն մը, տիկնանց օժանդակ մարմին մը եւ «Գայեանէ» պարախումբը, որ կը պահէ դպրոց մը:

Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութիւնը ունի Հնչակեան ուսանողական միութիւնը եւ «Արարատ» նուագախումբը:

Հայ բարեգործական միութիւնն ալ ունի դպրոց ու երգչախումբ:

Հայ կաթողիկէներն ու աւետարանականները ունին իրենց եկեղեցիները:

Կան նաեւ հայրենակցական միութիւններ:

Ամէն օր 3-4 ժամ հայերէն յայտագիր կը ձայնասփռուի 4-5 ռատիոկայաններէ:

Հայերը սիրուած են տեղացիներէն` իբրեւ պարկեշտ ու աշխատասէր ժողովուրդ:

 

Երաժշտական

Ս. Գարագաշեանի
Դաշնակի Երեկոն

Մեր շաբաթ օրուան թիւին մէջ վստահութիւն յայտնած էինք, որ տարիներու տքնաջան աշխատանքէ ետք, իր առաջին ելոյթով, Սեդա Գարագաշեան երաժշտասէր հասարակութեան առջեւ պիտի արժեցնէ իր վրայ դրուած յոյսերը: Չէինք սխալած:

Կիրակի, 27 փետրուար 1966, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, ամերիկեան համալսարանի «Ասամպլի հոլ»-ի մէջ, տեղի ունեցաւ Սեդա Գարագաշեանի դաշնակի նուագահանդէսը:

Պատուոյ հիւրերն էին լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան եւ պետական հայ երեսփոխաններէն մեթր Խաչիկ Պապիկեան: Երաժշտասէր բազմութիւն մը լեցուցած էր սրահը:

Որոշեալ ժամուն Ս. Գարագաշեան, ինքնավստահ, անցաւ դաշնակին առջեւ, ներկաներուն բուռն ծափերուն տակ:

Երկու մասերէ բաղկացեալ յայտագրին առաջին մասը կը կազմէին դասական երաժշտութեան մեծ վարպետներէն Պախի, Պեթհովենի եւ Շոփենի կտորները: Պախի «Prelude et fugue en fa diese mineure»-ը, իբրեւ կարճ ներածական մը, ներկաներուն ուշադրութիւնը լարեց:

Պեթհովենի «Sonate pastorale op. 28 No. 15» երկարաշունչ եւ դժուարին կտորը խլեց երկարատեւ ծափեր, որուն ընթացքին օրիորդը ստացաւ համակրանքի արտայայտութեան երկու ծաղկեփունջեր:

Տասը վայրկեան դադարէ մը ետք, յայտագրի Բ. մասը սկսաւ Շոփենի «1ère Ballade»-ով, զոր նուագեց ապրումով:

Սպանացի արդի երգահան Ֆետերիք Մոմփուի Fetes lointaines»-ը իր բազմազանութեամբ եւ օրիորդին ճկուն նուագահարումով իսկական «Հեռաւոր տօներու» ապրում մը ըմբոշխնել տուին ներկաներուն` ամէն կողմէ զայն զանազան չափի, երգի, պարի ու խրախճանքի տօնախմբութեանց մասնակից  դարձնելով: Վերջին կտորները, Ս. Պրոկոֆիեւի «Suite Romeo et Juliette», «Scène , Montague et Capulets»-էն, արդէն հաստատեցին, որ Սեդա Գարագաշեան կերտած է իր ապագան:

Երիտասարդ եւ շնորհալի դաշնակահարուհին, որուն հետ նախապէս տեսակցելու առիթը ունեցանք, փոքր տարիքէն երաժշտական միջավայրի մը մէջ կազմուած է եւ տիրացած նուագելու ինքնավստահութեան, մասնաւորաբար իր մօր` երգչուհի  Արաքս Սվաճեան-Գարագաշեանի (Պուքրեշի օփերայի մենակատարուհիներէն) յարատեւ ու հոգածու հսկողութեան տակ:

Դաշնակին նուիրուած է վեց տարեկանէն սկսեալ: 1962-ին, տասնեւութ տարեկանին  յաջողութեամբ աւարտած է Պուքրեշի երաժշտական դպրոցի տասներկու տարուան ընթացքը` իր երկրորդական ուսման զուգընթաց:

1963-1965 յաճախած է Պուքրեշի պետական երաժշտանոցը: Իր ուսուցիչները կը հաստատեն իր մէջ մենակատարի ինքնավստահ խառնուածք եւ նուագելու բազմագեղ շնորհք:

Սեդա Գարագաշեան յայտնեց մեզի, թէ կարճ ատենուան մը համար Պէյրութ կը մնայ, պիտի մեկնի Ամերիկա, ուր պիտի շարունակէ իր երաժշտական ուսումը: Օրիորդը նուագելու իր անհատականութեամբ, ապրումի, չափական ճշգրտութեան եւ գեղեցիկ երանգով, մեզի յոյս կը ներշնչէ, թէ միջազգային երաժշտական ասպարէզի դաշնակահարներու հոյլին մէջ իր արժանաւոր տեղը պիտի գրաւէ:

Սրտագին յաջողութիւն կը մաղթենք:

Գ. Յ. Պ.

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Թաէֆի Համաձայնութիւնը Եւ «Ջնջումի Պատերազմ»-ը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?