Խմբագրական
Ուրախառիթ Երեւոյթ
Ո՛վ որ մօտէն կը հետեւի մամուլին, խոր բերկրանքով պիտի հաստատէ, որ հայ տաղանդը կը փթթի ամէնուրեք եւ նորանոր նուաճումներ կ՛արձանագրէ քիչ մը ամէն մարզի մէջ:
Հայրենիքէն սկսեալ մինչեւ սփիւռքի հեռաւոր անկիւնները գրեթէ ամէն օր նոր անունի մը կը հանդիպինք, որ փաստը կու տայ մեր կենսունակութեան ու ստեղծագործ ոգիին, եւ որ պատիւ կը բերէ հայութեան:
Առանց չափազանցութեան մէջ իյնալու կրնաք ըսել, որ երեւոյթը այնքան սովորական բնոյթ ստացած է, որ կարծես ա՛լ չենք իսկ անդրադառնար:
Արդարեւ, հայ ստեղծագործ միտքը, գրեթէ ամէն ուղղութեամբ առագաստ պարզած, նուաճումէ նուաճում կ՛ընթանայ:
Հայ միտքը, հայ տաղանդը կը պարտադրէ ինքզինք ամէն մարզի մէջ եւ ամէն մակարդակի վրայ, մշակութային ու քաղաքակրթական գրեթէ բոլոր ճիւղերուն մէջ` գրականութիւն, նկարչութիւն, երաժշտութիւն, շարժանկար, գիտութիւն, բժշկութիւն, ճարտարապետութիւն, երկրաչափութիւն, մեքենագիտութիւն, լրագրութիւն եւ այլն, եւ այլն:
Այո՛, գրեթէ օր չ՛անցնիր, որ հայ մը չխօսեցնէ իր մասին եւ իրմով չզբաղցնէ ազգային ու միջազգային հանրային կարծիքը:
Ա՛լ չենք յիշեր առեւտրական ու ընդհանրապէս տնտեսական ճակատի վրայ հայ ժողովուրդի արձանագրած աննախընթաց եւ գրեթէ անգնահատելի տարողութեամբ յաջողութիւնները, բարգաւաճումն ու ծաղկումը:
Քանակապէս մեզի պէս փոքր եւ աշխարհագրականօրէն այս աստիճան մասնատուած ու ցիրուցան ժողովուրդի մը համար կատարուածը ուղղակի հրաշքի համազօր երեւոյթ մըն է:
Կարծես մենք չըլլայինք, որ դեռ յիսուն տարի առաջ պատմութեան մէջ իր նախընթացը չունեցող Մեծ եղեռնը ապրեցանք, եղե՛ռն, որ մեզ ոչ միայն ֆիզիքապէս, այլեւ իմացական գետնի վրայ, այլ մանաւանդ հոգեպէս կ՛անճիտէր ու կը խորտակէր…
Եւ տակաւին մտածել, որ այս բոլորը տեղի ունեցան եւ կը շարունակեն տեղի ունենալ լայն թափով` առանց պետական հովանիի եւ համապատասխան շօշափելի նպաստի:
Հայու յամառ կամքով ու արդար քրտինքով է, որ վերականգնեցանք եւ ահա ճակատաբաց կը շարունակենք մեր յառաջընթացը` յաղթահարելով ամէն խոչ ու խութ:
Մինչ պատմութիւնը ուզեց մեզ իր լուսանցքին վրայ նետել, մենք կը շարունակե՛նք մեր պատուաբեր ու բազմակողմանի նպաստը բերել համամարդկային քաղաքակրթութեան ու մշակոյթին:
Կ՛իրագործենք մեր ազգային ճակատագի՛րը: Կ՛աճինք, կը զօրանանք, կը բարձրանանք որակո՛վ, որովհետեւ կը հաւատանք մեր պատմական առաքելութեան, կը հաւատա՛նք հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի լուսապայծառ ապագային:
Կը հաւատանք հայ ստեղծագործ հանճարի հրաշագո՛րծ զօրութեան: Այն արարչական աւիւնին, որ մեզ պատմութեան առաջին քաղաքակիրթ ժողովուրդներէն մէկը ընելէ ետք, մեր քանակին փոքրութիւնը յաղթահարել տուաւ մեզի մեր որակին մեծութեամբ:
Եթէ ճիշդ է, որ քանակը, որոշ պայմաններու ու սահմաններու մէջ, որակի կը փոխակերպուի, ճիշդ է նաեւ ա՛յն, որ որակը, իր կարգին, կրնայ քանակական ուժ ու տարողութիւն ստանալ եւ վերածուիլ ոչ միայն ոգեկան, այլեւ ֆիզիքական հզօրանքի:
Այս հզօրանքը ձեւ ու մարմին առնելու վրայ է ահա, պայմանաւ որ գիտնանք օգտագործել մեր ուժերը համազգային նպատակներու ու նուիրական իղձերու կենսագործման ի խնդիր, պայմանաւ որ համախմբուինք մէկ ու միակ դրօշի մը շուրջ եւ մեր բոլորին ակնարկները սեւեռուած մնան յաւերժական Արարատին, պայմանաւ որ անհրաժեշտ իմաստութիւնն ու կորովը ունենանք համադրելու մեր ճիգերը` համահայկական չափանիշով ու ծաւալով եւ մեր բարոյական անսպառ դրամագլուխը տեղաբաշխենք ու շահարկենք այնպիսի ձեւով ու եղանակով, որ ազգը դառնայ կազմակերպեալ ու ղեկավարեալ օրկանական մէ՛կ ամբողջութիւն, մէ՛կ կամք, մէ՛կ ձգտում:
Դառնայ կազմակերպեալ ու համադրեալ շարժում: Եւ մեր բարոյական ու հոգեմտաւոր դրամագլուխը, որա՛կը վերածուի քանակական, նոյնիսկ ֆիզիքական ուժի` իբրեւ ամրակուռ պատուանդան ո՛չ միայն մեր համրանքի պահպանման, այլեւ` Հայ դատի նուաճման ճանապարհին:
