Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (10 Մարտ 1966)

Մարտ 10, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի
Էշրեֆիէի Մասնաճիւղ

Համազգայինի Էշրեֆիէի մասնաճիւղին կազմակերպած արտասանական մրցումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 6 մարտ 1966, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Էշրեֆիէի «Ազատամարտ» սրահին մէջ:

Մրցումին կը մասնակցէին հինգ երկրորդական վարժարաններ` Անթիլիասի դպրեվանքի ժառանգաւորաց բաժինը, «Նշան Փալանճեան» ճեմարան, «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճ, Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարան եւ Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան:

Բացման խօսքը ըրաւ վարչութեան ատենապետ Հայկազուն Թրթռեան: Ան յայտնեց, թէ մրցումին մասնակցողները պարտադիր պիտի արտասանեն Զաւէն Սիւրմէլեանի «Ասացուած ծառ տնկելու առթիւ»-ը եւ ազատ արտասանութիւն մը` իրենց նախասիրութեամբ:

Մասնակցեցան` Սալբի Անտիլեան, Երուանդ Գոչունեան, Կիւլէն Հավուճեան, Ռիթա Մղջեան, Սերոբ Մորոյեան, Մարգրիտ Մղտեսեան, Անահիտ Չագալեան, Նոյեմի Չատրեան, Նշան Պասմաճեան եւ Յովհաննէս Տէմիրճեան:

Մինչեւ դատական կազմի որոշում տալը` տեղի ունեցան այլ արտասանութիւններ ու մեներգ: Դաշնակի վրայ նուագեց Քնարիկ Գէորգեան:

Համազգայինի վարչութիւնը մրցումին մասնակցողներուն նուիրեց Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատունը» գիրքէն: Յաւելեալ նուէրներ ստացան մրցումին առաջին, երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացողները` Սերոբ Մորոյեան (առաջին), Յովհաննէս Տէմիրճեան (երկրորդ) եւ Նոյեմի Չատըրեան (երրորդ):

Ա. Չ.

Մոնթեվիտէոյի «Կոմիտաս
Ձայնասփիւռ»-ի Երեսնամեակը

Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի մէջ արտակարգ շուքով տօնուած է «Կոմիտաս ձայնասփիւռ»-ի հիմնադրութեան երեսնամեակը, որ երեսուն տարիէ ի վեր, ամէն օր, կանոնաւորաբար հայկական յայտագիր կը ձայնասփռէ Մոնթեվիտէոյի ռատիոկայանէն:

Երեք ժամ տեւող յատուկ յայտագիր մը ձայնասփռուած է, որուն ընթացքին «Կոմիտաս ձայնասփիւռ»-ի կատարած  ազգօգուտ գործունէութիւնը մեծապէս գնահատուած է:

Երեսուն տարի առաջ խումբ մը հայ երիտասարդներու անձնուէր զոհողութիւններով կազմուած «Կոմիտաս ձայնասփիւռ» միութիւնը, կը նպատակադրէր հայկական ձայնասփիւռ ժամով մը Մոնթեվիտէոյի նոր հաստատուած հայ գաղութը կապուած պահել ազգային երգին ու կեանքին, հայ լեզուին ու աւանդութիւններուն:

Արդարեւ, երեսուն տարի «Կոմիտաս ձայնասփիւռ»-ի ժամը կենդանի ոգեւորութեան ժամը եղաւ, եւ գաղութը կապուեցաւ անոր, դարձաւ բոլորէն փնտռուած պահանջ մը:

Դպրոցներ, ակումբներ, միութիւններ եւ Ուրուկուէյի հայ գաղութը ամբողջ օգտուեցան անկէ:

«Կոմիտաս ձայնասփիւռ»-ը դարձած է գաղափարական ձեռնարկ մը, Ուրուկուէյի հայ անգիր մամուլը, ուրկէ կը ձայնասփռուին ոչ միայն հայ երգը, այլեւ` հայ կեանքի բոլոր կարեւոր լուրերն ու նորութիւնները:

Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութեան
Յուշագիրը Յանձնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու
Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մ. Արեւելքի
Հարցերու Տնօրէնութեան

Յուշագիրը Կը Ներկայացնէ Հայ Ժողովուրդի Հողային
Արդար Դատի Լուծման Կենսական Կարեւորութիւնը Եւ
Կը Հիմնաւորէ Մեր Բոլոր Պատմական Եւ Միջազգային Իրաւունքները

«Հայրենիք», 5 մարտ

Երեքշաբթի, 1 մարտ 1966, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, նախապէս ճշդուած ժամադրութեամբ, յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան, ընկերներ տոքթ. Անդրանիկ Վարժապետեան, Արամ Գալուստեան եւ Մարկոս Քեշիշեան, պաշտօնապէս ներկայացան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի հարցերու գրասենեակի տնօրէն Ռոճըր Փ. Տէյվիսի, Ուաշինկթընի մէջ, եւ կատարեցին յանձնումը յուշագրի մը, որ հանգամանօրէն եւ մանրամասնութեամբ կը ներկայացնէ Հայ դատի պատմական, քաղաքական եւ հողային բնոյթը եւ կը պահանջէ արդար լուծումը այդ դատին, մէկ կողմէ ընթացք տուած ըլլալու համար հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ միւս կողմէ` ապահովելու համար տեւական խաղաղութիւն մը Միջին ու Մերձաւոր Արեւելքի աշխարհագրական գօտիին մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչ երեք ընկերները արժանացան այս առթիւ, աւելի քան կէս ժամուան ունկնդրութեան մը, որուն ընթացքին ընկ. տոքթ. Անդրանիկ Վարժապետեան առանձնապէս պարզեց հայոց քաղաքական դատին ու պահանջներուն հետ կապ ունեցող կէտեր: Ռոճըր Փ. Տէյվիս եւ իր փոխանորդը` Քինսոլվինկ, որ ներկայ էր ունկնդրութեան ու կը կատարէր նաեւ արձանագրութիւնը խօսակցութեանց, ջերմ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին թէ՛ հայկական պահանջներու եւ թէ՛ առհասարակ հայ ժողովուրդի այժմեան կեանքին հետ կապ ունեցող կարգ մը խնդիրներու հանդէպ եւ ստացան համապատասխան անհրաժեշտ բացատրութիւնները:

Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան յուշագիրը, որ կը գրաւէ 13 մեծադիր էջեր, կը վերաբերի Հայ դատին, որուն լուծումը ո՛չ միայն արդարութեան պահանջ մըն է, ինչպէս ըսինք, այլեւ գլխաւոր ազդակներէն մէկը` Միջին Արեւելքի խաղաղութեան:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեծ Մայրիկի Հնարքներ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?