Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (1 Մարտ 1966)

Մարտ 1, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խրախուսիչ Երեւոյթով

Շաբաթ, 19 փետրուարին, «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի շքեղ սրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» ազգ. քոլեճի Բարեկենդանի տարեկան մեծ ճաշկերոյթ-պարահանդէսը` հովանաւորութեամբ ազգ. բարերար Գ. Չաթալպաշեանի:

Գիշերուան ժամը 9:30-էն ետք, հետզհետէ ստեղծուեցաւ խանդավառ ու ջերմ մթնոլորտ` շուրջ 700 հայրենակիցներու ներկայութեան

Ժամը 10:00-ին, երբ Գ. Չաթալպաշեան իր ընտանեկան պարագաներուն հետ ժամանեց, ժողովրդական խանդավառութիւնը իր լիութեան հասաւ: Պատուոյ սեղանը իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին նաեւ տէր եւ տիկին Կարօ Սասունի:

Երեկոյթի պաշտօնական մասը սկսաւ ժամը 10:30-ին, քոլեճի տնօրէն Կ. Պետրոսեանի բարի գալուստի եւ երեկոյթի նպատակին շուրջ իր խօսքին ընթերցումով:

Այնուհետեւ զոյգ նուագախումբեր փոխն ի փոխ ջանացին իրենց լաւագոյնը ընել` գոհ ձգելու համար հասարակութիւնը:

Գեղարուեստական բաժնին մէջ, ժողովուրդի բուռն փափաքին ընդառաջելով, բազմաթիւ մեներգներ ըրաւ տիկ. Փելթեքեան եւ իր հարուստ ու սիրուած ձայնով հիացուց ժողովուրդը. նաեւ «Համազգայինի», թատերասէրներու խումբը իր ելոյթներով մեծ գոհունակութիւն պատճառեց ժողովուրդին:

Վիճակահանութեան ճոխութիւնը, մանաւանդ մեծ պարգեւներու եւ ճամբորդական տոմսերու յայտնութիւնը ստեղծեցին խանդավառ հետաքրքրութիւն:

Արդարեւ, ընդհանուր կերպով ճաշկերոյթ-պարահանդէսը, երկրորդ տարին ըլլալով,  բարոյական եւ նիւթական աննախընթաց յաջողութիւն մը կ՛արձանագրէր ի պատիւ շրջանի հայութեան եւ քոլեճի խնամակալութեան:

Անցեալ տարեշրջանի նիւթական զուտ հասոյթի գումարը եղած էր շուրջ 20,000 լ. ոսկի. իսկ այս տարեշրջանին աւելի քան 26,000 լիբ. ոսկի:

Մասնաւոր յիշատակութեան արժանի է երեկոյթի նախագահ Գ. Չաթալպաշեան, որ գնահատելով խնամակալութեան տարած աշխատանքները` 2000 լ. ոսկի նուիրեց քոլեճին, առ ի քաջալերութիւն:

Ընդհանուր լաւատեսութեամբ եւ գոհունակութեամբ երեկոյթը վերջ գտաւ առաւօտեան ժամ 4:00-ին:

Այս առիթով քոլեճի խնամակալութիւնը հրապարակաւ իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ:

– Գ. Չաթալպաշեանին` իր նուիրատուութեան, ինչպէս նաեւ երեկոյթի նախագահութիւնը սիրայօժար ընդունելուն համար:

– Երեկոյթի յատուկ յանձնախումբի բոլո՛ր անդամներուն` իրենց անսակարկ գործակցութեանց համար:

– Բոլո՛ր բարեկամներուն, որոնք վիճակահանութեան նուէրներով կամ այլ միջոցներով քաջալերեցին ձեռնարկը ու սատարեցին անոր յաջողութեան:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Այցելութիւն Քոլեճ

22 փետրուար 1966, երեքշաբթի, կ. ա. ժամը 10-10:30, մասնաւոր ժամադրութեամբ, Գ. Չաթալպաշեան, ընկերակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ եւ քոլեճի խնամակալութեան ատենապետ Յ. Աշճեանի եւ խնամակալութեան անդամներու, այցելեց քոլեճ` իր գոհունակութիւնը յայտնելու երեկոյթի խրախուսիչ յաջողութեան համար:

Ապա, քոլեճի տնօրէնութեան առաջնորդութեամբ, պտտեցաւ քոլեճի բոլոր բաժանմունքները, հիացումը յայտնեց կատարուած նուաճումներուն ու արդիականութեան, ինչպէս նաեւ այն իրողութեան համար, որ ամէն զոհողութիւն ակներեւ է արդէն` առողջ սերունդի մը դաստիարակութեան ի խնդիր:

Ատենապետը զեկուցեց բարդ կատարուած եւ ծրագրուած աշխատանքներու մասին:

Տնօրէնը յարգելի հիւրին նուիրուեց քոլեճի ուսումնական Ա. տարեշրջանի տարեգիրքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար:

Հուսկ, Գ. Չաթալպաշեան բարեմաղթութիւններ ըրաւ դպրոցի լաւագոյն ապագային համար:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Գրիգոր Պըլտեանի Գրական Գործունէութեան 50-Ամեակի Յոբելենական Հանդիսութիւն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?