Հայ Կեանք
Պոլսոյ Պատրիարքին Զեկոյցը`
Ամերիկա Իր Այցելութեան Մասին
Պոլսոյ պատրիարք Շնորհք արքեպիսկոպոս, որ 1965 սեպտեմբերին Ամերիկա մեկնած էր առողջական պատճառներով եւ «Ս. Խաչ» դպրեվանքի նիւթականը աւելի հաստատ հիմերու վրայ դնելու համար, վերադարձէն ետք, Կրօն. ժողովի փետրուար 21-ի նիստին մէջ, գրաւոր զեկոյցով տեղեկութիւններ տուած է իր առաքելութեան մասին:
Սրբազան պատրիարքը այցելած է Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի հայաշատ քաղաքները: Արժանացած է ջերմ ընդունելութեան եւ տեղեկութիւններ տուած է թրքահայ համայնքի մասին` ներկայացնելով անոր կրօնական, կրթական եւ բարեսիրական հաստատութիւնները: Ծանրացած է յատկապէս մնայուն եկամուտի աղբիւրներէ զուրկ` «Ս . Խաչ» դպրեվանքին նիւթապէս օժանդակելու անհրաժեշտութեան մասին:
Պատրիարքը իր զեկոյցին մէջ գոհունակութեամբ կը հաստատէ, թէ իր երեքամսեայ շրջագայութիւնը, համայնքային թէ անհատական, պսակուած է յաջողութեամբ:
Հարաւային Ամերիկայի
Կազմակերպութիւններն Ու Դպրոցները
Հարաւային Ամերիկայի «Արմենիա» երիտասարդական միութիւնը ունի 1300 անդամ: 300-ը` պատանի:
ՀՄԸՄ-ը ունի 650 անդամ: 400-ը` երիտասարդ: Ոտնագնդակի միութիւնը ունի 150 անդամ:
ՀՕՄիութիւնը ունի 2200 անդամ:
Աւելի քան 50 հայրենակցական միութիւններ կան:
Արժանթինի, Պրազիլի եւ Ուրուկույէի մէջ կան 17 հայկական դպրոցներ:
Պուէնոս Այրես ունի 1000 աշակերտ-աշակերտուհի, Սան Փաուլօ` 400, Մոնթեվիտէօ` 130, Քորտոպա եւ Ալթա Կրասիա` 100:
Հայկական դպրոցները պետականացուած են, որպէսզի կէս օր ազատօրէն կարենան յատկացնել հայկական բաժնին:
Տասը միլիոն փեսօ ծախսելով, երեք տարուան մէջ, Պուէնոս Այրեսի մէջ բացուած են երեք նոր դպրոցներ:
Համազգայինի Ցուցահանդէսը
Այսօր` հինգշաբթի, 3 մարտ 1966, երեկոյեան ժամը 7:00 – 9:00, «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Համազգայինի Պէյրութի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, լիբանանցի արուեստագէտներու գծագրութիւններու (art graphique) ցուցադրութեան պաշտօնական բացումը, որուն կը մասնակցին մօտաւորապէս 19 հայ եւ օտար արուեստագէտներ:
Երկուշաբթի, 28 փետրուար, երեկոյեան ժամը 7:00-9:00, մասնաւոր հրաւէրով, մամուլի ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ ներկայ գտնուեցան Համազգայնի վարչութեան կազմակերպած քոքթէյլին, որպէսզի աւելի մօտէն ծանօթանան նկարիչներուն եւ անոնց գործերուն:
Ինչ կը վերաբերի ցուցահանդէսին, կը կարծենք, որ բաւական հետաքրքրական է, որովհետեւ լիբանանեան արու՛եստի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով նմանօրինակ ցուցահանդէս մը տեղի կ՛ունենայ: Մինչեւ հիմա շեշտը դրուած ըլլալով իւղաներկ նկարներու վրայ` բոլորովին անտես առնուած էր նկարչական տաղանդի ամէնէն կարեւոր արտայայտիչը` գիծը:
Գիծը, գծուած մելանով կամ մատիտով, առանց կողմնակի շփոթեցուցիչ գոյներու, կրնայ երկվայրկեանի ընթացքին երեւան բերել նկարիչի մը տաղանդը կամ ձախաւերութիւնը:
Այս իսկ պատճառով, ընդհանրապէս սեւ-ճերմակ համադրութիւնները աւելի դժուար կը շարադրուին քան` գունաւոր համադրութիւնները:
Համազգայինի ցուցահանդէսին արժէքը կը կայանայ այս ինքնատպութեան մէջ, ուր ի յայտ կու գան բազմաթիւ արժէքներ, որոնց մասին պիտի արտայայտուինք առանձին:
Քաջալերելու համար մեր արուեստագէտները, կը յուսանք յաճախ առիթը ունենալ ներկայ գտնուելու նման ցուցահանդէսներու:
Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ մարտ 13, ամէն օր ժամը 6:00-8:00:
Է. ՏԷՐ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
