Խմբագրական
Առաքելութիւն
(Ուսուցիչներու «Օր»-ուան Առթիւ)
Այսօր ամբողջ Լիբանանը կը տօնէ ուսուցիչներուն «օր»-ը: Կը տօնենք նաեւ մենք: Աղուոր օր մըն է ուրեմն: Արդար տօն մը` արժանաւորներուն առ ի գնահատութիւն:
Ճիշդ է` շատերու համար բառ մըն է ուսուցչութիւնը: Ուրիշներու համար սանկ-նանկ արհեստ մըն է: Ոմանց համար ողբերգութիւն է ուղղակի, իսկ ոմանց համար ալ տարապարհակ բեռ մըն է պարզապէս: Կան ալ, որ տեսակ մը ապաստանարանի վերածած են նուիրական այս ասպարէզը:
Այսպէս է քիչ մը ամէն տեղ: Կեանքի բերումն է յաճախ, պայմաններու հարկադրանքն է երբեմն, կարիքին ճնշումն է նաեւ: Բայց այսպէս է: Եւ ադպէս պէտք չէ՛ ըլլայ անշուշտ, չի կրնար մնալ միշտ:
Ի հարկէ, պատկերը քիչ մը տարբեր է, պայմանները բոլորովին ուրիշ են հայ կեանքի մէջ…
Այսուհանդերձ, քիչերու, նոյնիսկ խի՛ստ քիչերու համար ապրում է ուսուցչութիւնը: Կեա՛նք է, կոչո՛ւմ է, առաքելութի՛ն է: Այրո՛ւմ է եւ այրումին մէջ` բերկրա՛նք:
Քիչ են, նոյնիսկ խի՛ստ քիչ են, բայց կա՛ն, բազում կոչեցեալներու մէջ` ընտրեալնե՛րը, ընտիրնե՛րը կան, որ ակօս կը բանան, մթնոլորտ կը ստեղծեն եւ մթնոլորտ կը դառնան, դրոշմ ունին եւ սերունդներ կ՛արուեստագործեն ըստ… մտապատկերին ազգային ու մարդկային ցեղի:
Քիչ են նաեւ մեր մէջ, այո՛, լոյսի եւ իմաստութեան այդ խոնարհ սերմնացանները, բայց կա՛ն, կը տոկա՛ն, կ՛այրուին ու կը բաշխուին հայ մատաղ հոգիներու մէջ` իբրեւ հա՛ց կենաց եւ իբրեւ կանթե՛ղ լուսաւորչեան` ցեղի վսեմ տեսլականի երկնակամարին վրայ:
Կա՛ն հաւատքի այդ ջահերը, ջահե՛րը գիտութեան, ճշմարտութեան, առաքինութեան եւ անմեռ հայրենասիրութեան: Իրենց պարզութեան մէջ մե՛ծ եւ մեծութեան մէջ` ամո՛ւր, մեսրոպաշունչ տքնութեամբ եւ հայկազնեան արթնութեամբ, հայավայել յամառութեամբ ու անհատնում նուիրումով, կա՛ն, կ՛ապրի՛ն, կ՛ապրեցնեն եւ կեցցե՛ն:
Կեցցե՛ն, մանաւա՛նդ հոս, օտար այս ափերուն, ուր ցեղին հողմավար նաւը խութէ խութ կը գայթի: Ուր ցեղին զաւակներուն հոգին կը լիացնեն հայրենական լուսավառ հորիզոններու քաղցրութեամբ եւ հայոց պատմութեան անցելագեղ ոգիով ու տեսլականով: Ուր հայ մատաղ հոգիները արեւածաղիկի պէս կ՛արեւելեն յաւերժական Արարատի խորհուրդին:
Առաքելութի՛ւն է ուսուցչութիւնը, արդարեւ, մանաւանդ հայ կեանքի մէջ: Արհեստ չէ՛, արուե՛ստ է, արուեստներուն ամէնէ՛ն նուրբն է, ամէնէն վսե՛մն է, մարդակե՛րտ ու հայակերտ արուեստ մը ըլլալուն:
Հոգիներու եւ միտքերու ճարտարապետն է ուսուցիչը: Ամէնէն ծանր առաքելութիւնն է, ամէնէն մեծ պատասխանատուութիւնը կ՛ենթադրէ, միաժամանակ ամէնէն դժուար արհեստը ըլլալուն համար անկասկած:
Եւ եթէ ճիշդ է, որ մարդ իր ունեցածը միայն կու տայ, առաւե՛լ եւս ճիշդ է, թէ ուսուցիչը, որ մարդակերտութեան կոչումը ունի, չի կրնար տալ իր չունեցածը:
Եթէ առաքինի չէ կեանքով, չի կրնար առաքինութեան օրինակը տալ, եթէ նկարագիր չունի, չի կրնար նկարագիր կերտել, եթէ հաւատք չունի եւ յարգանք չունի մարդկային ու ազգային նուիրական արժէքներու հանդէպ, չի կրնար հաւատք ու յարգանք ներշնչել:
Անիտէալ եւ անսկզբունք ուսուցիչը, որ մարդ չէ նախ, չի կրնար մարդ պատրաստել, սերունդներ դաստիարակել եւ ապագայ դարբնել:
Որքա՛ն շատ ունենայ ուսուցիչը, այնքա՛ն կը շատնայ տալիքը: Եւ որովհետեւ շա՛տ բան ունի տալիք, ուստի նաեւ պէտք է շատ ունենալ ջանայ, շատ բան ամբարէ, գումարէ ու բազմապատկէ ինքզինք, իր ունեցածը, ունենալի՛քը:
Փաստօրէն մարդկութեան ապագան, ուրեմն նաեւ` ցեղին ապագան, ուսուցիչին ափերուն մէջ է: Եթէ ճիշդ է, որ ո՛վ ըլլալդ հասկնալու համար ընկերդ պէտք է ճանչնալ, շատ աւելի ճշմարիտ է այն, որ սերունդ մը ճանչնալու կամ ժողովուրդի մը ապագան նախատեսելու համար պէտք է ճանչնալ ուսուցիչը, ուսուցիչնե՛րը:
Սովորութիւն է հարցնել յաճախ. «Որո՞ւ տղան է»: Եթէ տիպար ուսուցիչներ կան, կարելի է, ենթական կամ ենթակաները ճանչնալու համար, նոյնքան իրաւամբ հարցնել. «Որո՞ւ աշակերտն է, որո՞ւ պատրաստած սերունդն է»:
Ահա թէ ինչի՛ կը ձգտի, պէ՛տք է ձգտի, ճշմարիտ ուսուցիչը, որ տիպար մարդ մըն է եւ, մեր պարագային, տիպար հայ մըն է, պէ՛տք է ըլլայ, ամէն բանէ առաջ:
Ըլլալ տիպար մարդ եւ տիպար հայ ահա ամէնէն վեհ կոչումը, որ ա՜յնքան վսեմօրէն կը հնչէ:
Առաւե՛լ եւս վսեմ է եւ շատ աւելի վսեմօրէն կը հնչէ ուսուցիչ կոչումը, որ տիպար մարդ եւ տիպար հայ սերունդներ կ՛ընծայէ ազգին` սրտի հատնումով, մտքի տքնանքով եւ ճակտի արդար քրտինքով:
Աւելի՛ն. տիպար մարդը եւ տիպար հայը բաւական չեն. անհրաժեշտ է անոնց միացնել նաեւ տիպար մտաւորականը:
Մա՛րդը, որ հաղորդ է դարուն ոգիին, որ գիտէ թափանցել իր ժողովուրդի պատմութեան խորհուրդին, անոր մշակոյթի ոգիին, ցեղին էութեան: Ապա` այդ բոլորին հաղորդ ընծայելու համար մատաղ սերունդները:
Ճշմարիտ առաջնորդ մըն է ուսուցիչը, բարոյական, իմացական ու ազգային մարզի մէջ: Մա՛րդը, որ տեւաբար կ՛աճի ոգեպէս, իմացապէս, գիտութեամբ, նուիրումով եւ կը բաշխուի իր նմաններուն մէջ յարաճո՛ւն թափով:
Ջահ մըն է, որ կ՛այրուի եւ այրուելով ու սպառելով կը լուսաւորէ իր շրջապատը եւ գալիքին բոլոր հորիզոնները:
Ազգին կողմէ, ներկայ ու գալիք սերունդներուն անունով, պատի՜ւ արժանաւորներուն:
Երէկուան, այսօրուա՛ն եւ վաղուան արդա՛ր մշակներուն: