Ի՞նչ Անուն Տալ
Քանի մը տարի առաջ, երբ արտագաղթը դէպի Միացեալ Նահանգներ, Քանատա եւ Աւստրալիա ծաւալուն համեմատութիւններ կը ստանար, այս սիւնակներէն սրտի խոր կսկիծով ու դառնութեամբ կը մատնանշէինք հայութեան ներկային ու ապագային սպառնացող վտանգը` ազգային աղէտ որակելով զայն:
Դէպի հեռաւոր հորիզոններ գաղթելու, անծանօթ երկիրներու մէջ նոր բոյն շինելու եւ նոր տնտեսութիւն ապահովելու բաղձանք ունեցողները ամէնէն առաջ մեր այն հայրենակիցներն էին, որոնց երկրորդ հայրենիքները վերջին աշխարհամարտէն ետք ինկեր էին պոլշեւիկեան բռնակալութեան տակ:
Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ մեր երբեմնի բարեկեցիկ ու շէն գաղութները մէկ օրէն միւսը դիմագիծ փոխեցին: Նոր վարչաձեւը, հետեւելով համայնավարական սկզբունքներուն` ջնջեց մարդկային տարրական ազատութիւնները այդ երկիրներուն մէջ:
Միւս կողմէ` միջազգայնականութեան գաղափարներէն տարուած, օրուան իշխանաւորները սկսան հետապնդել ձուլման քաղաքականութիւն: Փակեցին հայկական դպրոցները` ստիպելու համար նոր սերունդի աղջիկներն ու տղաքը, որ տեղական դպրոց յաճախեն:
Նոր իշխանութեան վարիչներուն առաջին գործը եղած էր ձերբակալել հայ յեղափոխական գործիչներն ու մտաւորականները եւ Սիպերիա աքսորել:
Քսան տարի առաջ, երբ Հայաստանի վարիչները արտասահմանէն ներգաղթ կազմակերպեցին, կը սպասուէր, որ Մերձաւոր Արեւելքէն առաջ` Պալքաններու մեր հայրենակիցները կազմէին առաջին կարաւանները: Պետական արգելքներ ալ չկային հոն հայրենադարձութեան համար, քանի որ նոյն վարչաձեւին ենթակայ էին Պալքանները եւ Հայաստանը:
Սակայն ներգաղթ չկազմակերպուեցաւ այդ երկիրներուն մէջ, ուր կացութիւնը հետզհետէ աւելի ծանրացաւ: Ամէն մարդ մտածեց օր առաջ օձիքը ազատելով` դուրս ելլելու մասին:
Տարիներու ընթացքին արտագաղթը կազմակերպուած ձեւ ստացաւ: ԱՆՉԱՆ նիւթական միջոցներ հայթայթեց Պալքաններէն փախչող մեր հայրենակիցները Լիբանանէն դէպի Ամերիկա եւ Քանատա փոխադրելու համար` բնակարան եւ գործ ճարելով անոնց:
Պալքաններէն ետք Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ մէջ ալ ստեղծուած նոր պայմանները արտագաղթի մղեցին մեր հայրենակիցներուն մէկ մասը:
Հայաստանի կառավարութիւնը չկրցաւ տէր կանգնիլ գաղթելու տրամադիր հայերուն` Պալքաններու եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր տակաւին դէպի օտար, հեռաւոր հորիզոններ գաղթելու տրամադրութիւն ունեցողները կարեւոր թիւ մը կը կազմեն:
Հայաստան ներգաղթողները տարեկան հազար հոգին չեն անցնիր, դժբախտաբար:
Մինչ Պալքաններէն ու Մերձաւոր Արեւելքէն դէպի հեռաւոր հորիզոններ կատարուած արտագաղթը ազգային աղէտ կ՛որակէինք, ի՞նչ անուն պիտի տանք հիմա Հայաստանէն դէպի արտասահման կատարուած գաղթին, որ օրակարգի հրատապ հարց դարձած է այսօր հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ միանգամայն:
Լիբանանցի Եւ Օտար Երկրաչափներու
Այցելութիւնը Այնճարի Աւերակներ

Երկրաչափներու միջազգային միութեան կազմակերպած Արեւելք-Արեւմուտք ասուլիսին մասնակցող լիբանանցի եւ օտար պատուիրակները առջի օր այցելեցին Պէյրութի թանգարան: Օր մը առաջ անոնք այցելեցին Պէյթէտտին, Այնճարի աւերակները եւ Պաալպեք: Վերի նկարը առնուած է Այնճարի մէջ:
